Թուրքիա Յատուկ Ջոկատներ Ուղարկած Է Լիպիա – Թուրքիա Յատուկ Ջոկատներ Ուղարկած Է Լիպիա

Թուրքիա Յատուկ Ջոկատներ Ուղարկած Է Լիպիա

18 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Թուրքիա Թրիփոլի ուղարկած է յատուկ ջոկատներ, զինուորական խորհրդականներ եւ սպառազինութիւն` աջակցելու համար Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, որ Անգարան պատրաստ է Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան տրամադրել որեւէ աջակցութիւն, ներառեալ իր զինուորները այնտեղ ուղարկել:

Տեղեկութիւններու համաձայն, Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը ինք օգնութիւն խնդրած է Թուրքիայէն:

Լիպիոյ ազգային բանակի հրամանատար զօր. Խալիֆա Հաֆթար Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի համար «վճռական մարտ»-ի մասին յայտարարած է: Անոր ուժերը սկսած են աշխուժ յարձակումներ գործել Ֆայիզ Սարաժի գլխաւորած Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան հաւատարիմ զինեալ խմբաւորումներուն դէմ եւ զանոնք ետ մղած մայրաքաղաքի ծայրամասերէն ու մուտք գործած Թրիփոլի:

Հաֆթարի յայտարարութենէն ետք արեւմտեան երկիրներուն դիւանագէտները սկսած են լքել Լիպիոյ մայրաքաղաքը:

Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Ռուսիոյ աջակցութիւնը վայելող Հաֆթար ապրիլէն սկսեալ յարձակումներ կը գործէ մայրաքաղաքին դէմ: Ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն, գործողութիւններու քանի մը ամսուան ընթացքին արդէն արձանագրուած է աւելի քան 1000 զոհ:

Նշենք, որ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը երէկ զօրակցութիւն յայտնեց Լիպիա թրքական ուժեր ուղարկելու Էրտողանի որոշումին:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/457976

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail