Ս. Տ. – Այս Մեր Երազած Հայրենիքը Չէ – Անցումային արդարադատութիւն, վեթթինկ, դատաիրաւական համակարգի բարեփոխում, Ամուլսար,
18 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
Ս. Տ.
Անցումային արդարադատութիւն, վեթթինկ, դատաիրաւական համակարգի բարեփոխում, Ամուլսար, Սահմանադրական դատարանի ճգնաժամ, Ստամպուլեան ուխտ, Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան օրէնքի նախագիծ եւ այլն:
Ծրագիրներ, հրապարակ նետուած օրակարգեր, խորհրդարանական լսումներ` Հայաստանի Հանրապետութեան այսօրուան քաղաքական կեանքին մէջ, որոնք երբեք վերջնական լուծում չեն ստանար եւ աւարտին չեն հասցուիր: Ինչպէս յանկարծ օրակարգ կը բերուին, նոյնքան յանկարծ կը մոռցուին յարմար առիթի մը ետ երեւան գալու համար: Չկայ յստակօրէն ծրագրուած քաղաքականութիւն, այլ ամէն օր ականատես կ՛ըլլանք իրավիճակային գործընթացներու, յաճախ` իրար հակասող, կամայական եւ երբեմն անտրամաբանական յայտարարութիւններու, որոնք երկիրը օրէ օր աւելի կը մխրճեն անորոշութեան մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան իշխող մեծամասնութեան մօտ չկայ ռազմավարական ծրագիր եւ ընդհանուր աշխարհայեացքի յստակութիւն. չկայ նաեւ ազգային եւ քաղաքական գաղափարախօսութիւն (յիշենք, որ յունիսին կայացած Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան համագումարին վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց, որ իրենք իզմ-երու չեն հաւատար), այսինքն չունին իրենց անդամները միաւորող գաղափարական հիմք: Իշխանութեան մէջ կան տարբեր թեւեր` քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ, լրագրողներ, բնապահպաններ, որոնք անպայման նոյն ձեւով չեն մտածեր, եւ որոնց տեսակէտները յաճախ կը տարբերին զանազան հարցերու շուրջ (Ամուլսար, Ստամպուլեան ուխտ…):
Այս բոլորին զուգահեռ, այսօր Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած է մէկ անձի իշխանութիւն: Փաշինեան կը շարունակէ պահպանել սուփըր վարչապետական համակարգը: Ոստիկանութիւնը եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը անմիջականօրէն ենթակայ կը մնան վարչապետին: Առաւել, գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններու մէջ ունենալով բացարձակ մեծամասնութիւն` Փաշինեան անկախ դատաիրաւական համակարգ ստեղծելու պատրուակով կը փորձէ իր ազդեցութեան տակ բերել նաեւ դատական համակարգը: Ամբոխավարութեան քողին տակ երկիրը կ՛ընթանայ դէպի բռնապետութիւն:
Այս բոլորը պատճառ կը դառնան, որ ժողովուրդին մէկ մասը եւ ընդդիմութիւնը յաճախ աւելի կոշտ ըլլան իրենց քննադատութիւններուն մէջ: Ինչո՞ւ կը քննադատեն անոնք: Պարզապէս սե՞ւ են, հակայեղափոխակա՞ն կամ նախկիններու հետ գործակցած ուժե՞ր, որոնք կը մերժեն Փաշինեանի իշխանութիւնը: Հաւանաբար կան այդպիսիք, բայց եւ կան մարդիկ, որոնք իսկապէս խանդավառ էին «յեղափոխութեամբ», սակայն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները եւ օրէ օր շեշտուած անարդարութիւնները կը ստիպեն իրենց` վերանայիլ իրենց տեսակէտները եւ բացատրել իշխանութեան, թէ ինչո՛ւ անհանգիստ են այսօր եւ ինչո՛ւ կ՛արտայայտուին:
Վարչապետ Փաշինեան եւ իշխանութեան ներկայացուցիչները ներքին թէ արտաքին լսարաններու առջեւ կը խօսին բացարձակ ժողովրդավար պետութեան մը մասին, ուր մարդն է արժէքը, ուր օրէնքի առջեւ հաւասար են բոլորը, եւ լսելի է իւրաքանչիւր քաղաքացիի կարծիքը, եւ ուր որոշումներու թափանցիկութիւնը կը բնորոշէ կառավարման համակարգը:
Այսօր, սակայն, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցող դէպքերը յաճախ հակառակը կը վկայեն: Փորձենք խօսիլ օրինակներով:
1.- Հայաստանի դատաիրաւական համակարգը, Սահմանադրական դատարանի ճգնաժամը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոբերթ Քոչարեանի կալանաւորումը:
Ժողովրդավար պետութեան մը կայացումը կ՛ենթադրէ իշխանութեան երեք կառոյցներու (գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական) տարանջատումը եւ փոխադարձ հակակշռումը:
Պարզ է, որ տարիներով դատաիրաւական համակարգը անկախ չէ եղած եւ ենթարկուած է օրուան իշխանութեան քմահաճոյքներուն: Փաշինեանի գլխաւոր խոստումներէն մէկն էր դատաիրաւական համակարգի փոփոխութիւնը` իրաւական նոր օրէնքներով ապահովելու համար անոր թէ՛ անկախութիւնը եւ թէ՛արդարութիւնը: Իշխանութիւնները մէկ ու կէս տարի ունէին դատական համակարգը բարեփոխելու հայեցակարգ մշակելու: Յստակ ռազմավարութեան մը եւ օրէնքներու բացակայութիւնը պատճառ դարձան, որ գործադիրը մխրճուի դատական համակարգին մէջ: Թէեւ Փաշինեան կ՛ուզէ հասարակութեանը վստահեցնել, որ ինք ազդեցութիւն չի բանեցներ դատարաններու վրայ, սակայն կը յիշենք իր խօսքը , որ կա՞յ արդեօք դատաւոր մը, որ իր խօսքը չլսէ, ինչպէս նաեւ` ԱԱԾ-ի (Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն) եւ ՅՔԾ-ի (յատուկ քննչական ծառայութիւն) պետերուն եւ ԱԱԾ-ի եւ վարչապետին միջեւ հեռաձայնային գաղտնալսումները:
ՍԴ-ի (Սահմանադրական դատարան) շուրջ տեղի ունեցող գործընթացը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոբերթ Քոչարեանի կալանաւորումը եւս որպէս խափանման միջոց` 1 մարտ 2008-ին սահմանադրական կարգը տապալելու համար, կը վկայեն դատական համակարգին վրայ վարչապետի ունեցած ազդեցութեան մասին: Փաստօրէն, երբ դատաւորներ Ազարեանն ու Գրիգորեանը տարբեր առիթներով համարձակեցան փոխել Քոչարեանի խափանման միջոցը եւ որոշեցին զայն ազատ արձակել երաշխաւորութեան դիմաց կամ` նկատի ունենալով նախագահի անձեռնմխելիութիւնը, ենթարկուեցան ծանր ճնշումներու, խուզարկութիւններու, դադրեցուեցան Դաւիթ Գրիգորեանի լիազօրութիւնները… Առաւել, Փաշինեան կոչ ըրաւ ժողովուրդին` փակելու դատարաններու մուտքերը` կայացնելով հակասահմանադրական որոշում, երբ գործադիր իշխանութեան պետը կը միջամտէ դատական իշխանութեան աշխատանքներուն:
Նոյնանման ճնշումներու ենթարկուեցաւ ՍԴ-ը, երբ մասամբ բաւարարելով Քոչարեանի պաշտպաններու դիմումները` ճանչցաւ երկրորդ նախագահի անձնական ազատութեան իրաւունքի խախտումը:
Իշխանութիւնները մինչեւ այսօր կը փորձեն ստանալ ՍԴ-ի նախագահ Հրայր Թովմասեանի հրաժարականը: Զանազան տեսակի ճնշումներ (բարեկամներու ձերբակալութիւն, ընտանիքի անդամներու հարցաքննութիւն, քրէական գործեր յարուցելու փորձեր) կը գործադրուին, ոչ պարկեշտ եւ կաշառակերութեան հոտ տուող օրէնքի նոր նախագիծեր կ՛առաջարկուին պարզապէս ձերբազատելու համար ՍԴ-ի դատաւորներէն եւ ունենալու իշխանութեան սպասարկող Սահմանադրական դատարան:
Այս բոլորը հարցեր կը ստեղծեն անկախ մտածող մարդուն մօտ: Ակնյայտ է, որ ընտրովի արդարադատութիւն տեղի կ՛ունենայ: 1 մարտ 2008-ի իրադարձութիւններուն ներգրաւուած գլխաւոր անձերէն եղած են Լեւոն Տէր Պետրոսեանն ու Նիկոլ Փաշինեանը` որպէս ընդդիմադիր եւ Սերժ Սարգսեանը` որպէս ընտրուած նախագահ: Սակայն անոնց անունները չեն յիշուիր: Ինչպէս կ՛ըլլայ, որ շատ ծանր հիւանդ Մանուէլ Գրիգորեանն ու նախագահ Ռոբերթ Քոչարեանը, առանց դատավճիռի, կը շարունակեն մնալ բանտարկուած, մինչ վերոնշեալները հարցաքննութեան անգամ չեն կանչուիր. ինչպէ՞ս կը բացատրէք, որ կան սակաւապետներ, որոնք կը հետապնդուին, մինչ ուրիշներ յանկարծ կը դառնան պաշտօնական գործատէրեր եւ կը հովանաւորեն վարչապետն ու այսօրուան իշխանաւորները:
2.- Ամուլսար
2018-ի գարնան, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցող յեղափոխական մթնոլորտէն օգտուելով, շրջանի բնակիչներն ու բնապահպանները փակեցին դէպի Ամուլսարի հանք տանող բոլոր ճամբաները` կասեցնելով ոսկիի հանքի շինարարական աշխատանքները:
Բնապահպանական հասարակութիւնը, որ նեցուկ կանգնած էր «յեղափոխութեան», Փաշինեանէն կը սպասէր Ամուլսարի ծրագրի չեղարկումը, մանաւանդ որ նախընտրական շրջանին Փաշինեան միշտ պաշտպանած էր շրջանի բնակիչներու կարծիքի անհրաժեշտութիւնը այս հարցին մէջ: Բայց շատ արագ իշխանութիւնը (շատ հաւանաբար` տնտեսական պատճառներով) ձեռնարկեց անտրամաբանական եւ անկանխատեսելի քայլերու` հիմնաւորելու համար վտանգներու բացառումը հանքի շահագործման պարագային: Ահա մէկ տարիէ աւելի է, որ ականատես կ՛ըլլանք հերթական թատերական արարներու. քրէական գործ` փաստելու նախկին իշխանութիւններու կողմէ կաշառակերութեան տուեալներ, մեծ գումարի յատկացում` օտար ELARD կազմակերպութեան` նոր փորձագիտական աշխատանքներ կատարելու համար, որոնք սակայն վերածուեցան մինչ այդ կատարուած փորձագիտութիւններու արդիւնքներու ստուգմանը միայն, մեծ մասամբ բացասական կարծիք ELARD-ի կողմէ` հանքի սեփականատէր ընկերութեան փորձագիտութիւններու մասին, սակայն` կցուած դրական եզրակացութիւն, ապա skype-ով կապ ELARD-ի անդամներուն հետ, ուր հաստատուեցաւ, որ հանքի շահագործումը չի կրնար բացարձակ անվտանգ ըլլալ, վարչապետի ձախող փորձը ուղիղ եթերով` եզրակացութիւնը դրական ներկայացնելու… Եւ վերջապէս` Փաշինեանի ուղիղ եթերը, խնդրելով Ջերմուկի եւ շրջակայքի բնակիչներուն` բանալու դէպի հանք տանող ճամբաները, որովհետեւ, ըստ վարչապետին, ո՛չ մէկ իրաւական հիմք կար Ամուլսարի հանքավայրի շահագործումը արգիլելու: Բնակիչներուն մերժումը եւ հասարակութեան զօրաւոր հակազդեցութիւնը ստիպեցին իշխանութիւններուն` նահանջել: Սակայն, պարզ է, որ Փաշինեան արդէն տուած է հանքը շահագործելու քաղաքական որոշումը եւ պարզապէս կը փորձէ ժամանակ շահիլ` սպասելով պատեհ առիթի:
Այսպէս, հակառակ հայ եւ օտար մասնագէտներու ժխտական եզրակացութիւններուն , ծրագրին մէջ օրինական խախտումներուն, հակառակ տեղաբնակ ժողովուրդին մերժումին եւ Ամուլսարի տարածքին շողավարակ նիւթերու առկայութեան, եւ հակառակ թերի ՇՄԱԳ-ի ( շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան գնահատում) մը` ըստ շրջակայ միջավայրի նախարարութեան, վարչապետը կը փորձէ համոզել հասարակութիւնը: Հետաքրքրական է, թէ ի՛նչ յեղափոխական սկզբունքներով կ՛առաջնորդուի Փաշինեան` հանքը շահագործելու որոշում կայացնելով եւ ի՞նչ քաջութեամբ կը նայի իր «հպարտ քաղաքացիներուն» աչքերուն, երբ կը յայտարարէ, որ ոչ մէկ վտանգ կը սպառնայ բնութեան եւ ժողովուրդին, մանաւանդ երբ Ամուլսար, գտնուելով երկրի ջրային աւազանին վրայ, ազգային կարեւորութիւն ունեցող տարածք կը համարուի:
3.- Աշխատավարձերու գաղտնի բարձրացում եւ պարգեւավճարներ
Յիշենք, որ 2018-ի յեղաշրջումը եղաւ, որովհետեւ հասարակութեան մէկ կարեւոր հատուածը ծանր աղքատութեան մէջ էր եւ յոգնած էր երկրին մէջ առկայ անարդարութիւններէն եւ մենաշնորհներէն: Ահա, մէկուկէս տարի անց, թափանցիկութիւն խոստացող կառավարութիւնը գաղտնի որոշումով կրկնապատկեց նախարարներուն եւ անոնց տեղակալներուն ամսականները: Նախարարները, որոնք կը ստանային 750.000 դրամ, այժմ կը ստանան 1.500.000 դրամ: Երբ հարցը հանրային տարողութիւն ստացաւ, վարչապետը բացատրեց, որ այդ որոշումը տրուած էր կաշառակերութիւնը (corruption) բացառելու համար, տրուած ըլլալով, որ պետական պաշտօնեաներու ամսականները բաւարար չէին: Զաւեշտալի է վարչապետին բացատրութիւնը: Կաշառակերութիւնը միայն նախարարներու մակարդակի՞ն կը կատարուի, թէ՞ ան ներկայ է նոյնքան եւ աւելի` միջին օղակներուն եւ բոլոր համակարգերուն մէջ: Չմոռնանք նաեւ, որ բոլոր պետական պաշտօնեաները` կառավարութենէն մինչեւ խորհրդարան եւ մարզպետարաններ, կը շարունակեն ստանալ յաւելեալ պարգեւավճարներ: Այս է «յեղափոխական» իշխանութեան բացառիկ տեսլականը:
Երբ վարչապետն ու իր սուփըր նախարար` Արայիկ Յարութիւնեանը կը պախարակեն դասախօսներն ու գիտական ասպարէզի մէջ աշխատողները, երբ վարչապետը այդ գիտնականները «սուրճ խմողներ» կ՛անուանէ, կը յիշէ՞, որ անոնց միջին աշխատավարձը լաւագոյն պարագային 100.000 դրամ է: Կը մտածէ՞, թէ անոնք ինչպէ՛ս պիտի ապրին եւ ինչպէ՛ս պիտի ապահովեն իրենց ընտանիքները: Անոնք ալ կրնան կաշառակերութեան մէջ թաղուիլ: Բարձրացուցէ՛ք անոնց աշխատավարձերը: Ինչպէ՞ս կարելի է, որ երկրի մտաւոր ուժը ձեւաւորող գիտնականները երբեմն 10 եւ որոշ պարագաներու` 15 անգամ նուազ շահին ո՛չ թէ «սուրճ խմող», այլ յաճախ արդիւնք չտուող պետական պաշտօնեաներէ: Ինչպէ՞ս մարտ 1-ի ցոյցերուն մասնակցող զոհերուն 30 միլիոն յատկացում կը տրուի, իսկ պատերազմի զոհերուն սեւազգեստ մայրերը եւ կամ պարտականութեան ճամբուն վրայ մահացած ոստիկաններու ընտանիքները տակաւին կը սպասեն իրենց թոշակներու չնչին յաւելումին: Իսկ պարզ ժողովուրդը այս բոլորին մէջ…. Ո՞վ է անոնց ցաւին մասին մտածողը: Թոշակներու եւ աշխատավարձերու քանի մը հազար դրամի յաւելումով անոնց կեանքին որակը չի բարձրանար, եւ պարզ քաղաքացիին կեանքին մէջ դրական փոփոխութիւններ չեն կատարուիր:
Եւ այսպէս, իշխանութիւնը ուղիղ եթերներով, Դիմատետրի գրառումներով կը շարունակէ հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղել շատ աւելի հիմնական հարցերէ: Վստահ ենք, որ վարչապետ Փաշինեան շատ լաւ կը գիտակցի, որ ամբոխավարական արտայայտութիւնները, ատելութեան խօսքերն ու հասարակութեան բեւեռացումը արգելք են քաղաքացիական մտքի եւ գիտակցութեան զարգացման:
Առաւել, երբ երկիրը կը գտնուի աշխարհաքաղաքական լարուած իրավիճակի մէջ, եւ բազմաթիւ են ազգային անվտանգութեան սպառնացող վտանգները (թրքական զօրքի մուտքը Սուրիա, Արցախի անաւարտ պատերազմ, փան-թուրքական միտումներ, Ալիեւի յայտարարութիւնները ոչ միայն Արցախի այլեւ Զանգեզուրի ու Երեւանի ազրպէյճանական տարածք ըլլալու վերաբերեալ, դրացի Իրանի եւ Վրաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքացիական բողոքներ) իշխանութիւնները ամէն բանէ աւելի պէտք է գերադասեն յստակ ազգային արժեհամակարգի մը ձեւաւորումը: Համակարգ, ուր պէտք է խտացուին ազգը բնութագրող արժէքները, նպատակները, անոնց հասնելու ռազմավարութիւնն ու ազգի գաղափարախօսութիւնը: Բան մը, որ ի սպառ բացակայ կը թուի ըլլալ մեր երկրին մէջ:
Առանց պատմական յիշողութեամբ յառաջացած ագգային գաղափարախօսութեան եւ առանց հանրային համերաշխութեան վերականգնումին` անկարելի պիտի ըլլայ արտաքին թէ ներքին վտանգներու միասնական դիմագրաւումը:
aztagdaily.com/archives/457863