Ֆրանսայի Ծերակոյտը Վաւերացուց Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը
19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ֆրանսայի Ծերակոյտը վաւերացուց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրը: «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ այս մասին գրած է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է ֆրանսացի ծերակուտականներուն:
Հոլանտայի Ծերակոյտը Առանց Քննարկման, Միաձայնութեամբ Վաւերացուց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը
Հոլանտայի Ծերակոյտը առանց քննարկման, միաձայնութեամբ վաւերացուց Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ կնքուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած են Հոլանտայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութենէն:
Հոլանտայի Ներկայացուցիչներու տունը 12 դեկտեմբերին առանց քննարկման, միաձայնութեամբ վաւերացուցած էր Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը:
aztagdaily.com/archives/458093