Հայերը Այստեղ Իբրեւ Ահաբեկիչ Կ՛որակեն. Փայլան
19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի պատգամաւոր, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութէան անդամ Կարօ Փայլան Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութէան նախարարութեան 2020-ի ամավարկի քննարկման ժամանակ քննադատած էր Թրքական պատմագիտական ու Թրքական լեզուաբանական ընկերութիւնները, որոնց գրաւոր պատասխանը եկած էր:
Նախարար Մեհմեթ Էրսոյի ստորագրութեամբ պատասխանին մէջ նշուած էր, որ Թրքական պատմագիտական ընկերութիւնը միայն Թուրքիոյ պատմութեան շուրջ աշխատանքներ չ՛իրականացներ. ըստ Yerkir.am-ի` կը յայտնէ Bianet.org կայքը:
Փայլան գրաւոր ծանուցում ուղարկած էր նախարարութիւն, ուր կը նշէր, որ այդ աշխատանքները ցոյց չեն տար Թուրքիոյ բազմամշակութային էութիւնը, իսկ թուրքերէն բացի` այլ ժողովուրդներու համար կատարուած աշխատանքները զուրկ են առակայական ըլլալէն եւ ակնյայտ թշնամական ուղղուածութիւն ունին:
«Թրքական պատմագիտական ընկերութեան ղեկավարութիւնը միայն Թուրքիոյ պատմութիւնը չ՛ուսումնասիրեր: Քիւրտերու, հայերու, ասորիներոը եւ այս հողերուն վրայ ապրող այլ ազգերու կողքին Անատոլիոյ մէջ բնակած խէթերու, ասորացիներու, բիւզանդացիներու, հռոմէացիներու եւ լիտիացիներու վերաբերեալ եւս աշխատանքներ կը տարուին». – նշուած էր նախարարութեան պատասխանին մէջ, որուն հակադարձած է Փայլան` պատասխանելով, որ «20-րդ դարու առաջին կէսին հայ-թրքական յարաբերութիւններու միջազգային գիտաժողով»-ի ժամանակ հայերու հասցէին թշնամական որակումներ կու տային եւ այդ ժողովի եզրափակիչ յայտարարութէան մէջ հայերը կ՛որակէին իբրեւ ահաբեկիչ:
«Հայերը ահաբեկիչ կ՛անուանէք, եւ կան ատելութէան խօսքեր: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք ատիկա», – նախարարութեան ուղղուած հարցադրման մէջ նշած է Փայլան:
yerakouyn.com/2019/12/19/հայերը-այստեղ-իբրեւ-ահաբեկիչ-կ՛որակե/