Պոլսոյ Մէջ Զետեղուած է Պաքուի Հայերու Ջարդերուն Գլխաւոր Կազմակերպիչ Ջիւանշիրի Յուշաքարը
19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի առաջին Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար Պեհպութ Խան Ճիւանշիրի յուշաքարին բացման պաշտօնական արարողութիւնը: Յիշեցնենք, որ Ճիւանշիր եղած է 1918-ին Պաքուի մէջ կատարուած հայերու ջարդերուն գլխաւոր կազմակերպիչը:
Ակնկալուածէն նուազ մարդաշատ բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Պոլսոյ մօտ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոս Մեսիմ Հաճիյեւ, Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանի համայնքապետը եւ Պոլսոյ փոխնհանգապետը: Հաճիեւ յոյս յայտնեց, որ յուշաքարին տեղադրումով՝ շրջանէն անցնող օրական 2 միլիոն զբօսաշրջիկներ կը ծանօթանան Ճիւանշիրին:
Յատկանշական է, որ յուշաքարը տեղադրուուած է Պէյօղլուի այն վարին մէջ, ուր 18 Յուլիս 1921-ին հայ վրիժառու Միսաք Թորլաքեան, «Նեմեսիս» գործողութեան ծիրին մէջ, մահապատիժի ենթարկելով Ճիւանշիրը՝ զգետնած էր զայն:
Թուրքիոյ պետական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը յայտնեց, որ յուշաքարին տեղադրման օժանադակած են Ատրպէյճանի հիւպատոսարանը, Պոլսոյ քաղաքապետարանը եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
yerakouyn.com/2019/12/19/պոլսոյ-մէջ-զետեղուած-է-պաքուի-հայերու/