Արցախի Տագնապը Խաղաղօրէն Լուծելու Երաշխիքը Ուժերու Հաւասարութիւնն Է. Քոսաչով

Արցախի Տագնապը Խաղաղօրէն Լուծելու Երաշխիքը Ուժերու Հաւասարութիւնն Է. Քոսաչով

19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ Ազգային ժողովի խորհուրդի միջազգային գործերու կոմիտէի նախագահ Կոնսթանթին Քոսաչով 18 Դեկտեմբերին Երեւանի մէջ դիտել տուաւ, որ որեւէ հակամարտութեան մէջ իրավիճակի ապակայունացման պատճառ կրնայ ըլլալ ուժերու անհամաչափութիւնը: Ան այս հաստատումը կատարեց՝ խօսելով Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններուն՝ Ռուսիոյ եւ Պելոռուսի, կողմէ կատարուած Ատրպէյճանին զէնքի վաճառքին մասին:

Ըստ անոր՝ ո՛չ միայն Արցախի, այլ որեւէ հակամարտութեան պարագային, կացութեան ապակայունացում կ՛արձանագրուի, երբ մէկ կողմին մօտ կը յառաջանայ իրական կարելութիւն կամ խաբկանք, որ անիկա կրնայ յաղթանակ տանիլ ռազմական հակամարտութեան մէջ: «Մեր խոր համոզումով, այս տարածաշրջանին մէջ ռազմական հաւասարակշռութիւնը կը հանդիսանայ նիւթական երաշխիքներէն մէկը՝ այս հակամարտութիւնը ոչ-ռազմական վիճակի մեջ պահելու», ըսաւ ան։

Կոնսթանթին Քոսաչով աւելցուց, որ Ռուսիա Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ կը համագործակցի տարբեր պայմաններու մէջ, սակայն Ատրպէյճանին զէնք վաճառելէն հրաժարիլը կրնայ պատճառ դառնալ ոչ-բաղձալի հետեւանքներու: «Հայաստան կը հանդիսանայ Ռուսիոյ թէ՛ գործընկերը, եթէ՛ դաշնակիցը, Ատրպէյճանի հետ այդպիսի յարաբերութիւններ չունինք, բայց այդպիսի համագործակցութենէ հրաժարիլը Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ կողմէ պիտի բերէ երկու ոչ-բաղձալի հետեւանքներու՝ Լեռնային Արցախի տագնապի լուծման հեռանկարներուն համար: Այդ հաւանական հեռանկարներէն մէկը այն է, որ կրնան ծագիլ Ատրպէյճանին զէնքի այլ մատակարարներ, եւ այդ պարագային կրնայ սկսիլ զինուորական համակարգի հզօրութեան ցուցադրութիւն, որպէսզի անոնք պարզեն, թէ ո՛ր կողմը աւելի ուժեղ է, երկրորդը այն է, որ կրնայ վտանգուիլ հաւասարակշռութիւնը, որ այսօր կայ», նշեց պատգամաւորը:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

asbarez.com/arm/360065/Արցախի-Տագնապը-Խաղաղօրէն-Լուծելու-Եր/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail