Երեխաներու Ապօրինի Որդեգրման Գործով Երեք Անձ Ձերբակալուած է
19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
ՀՀ Քննչական կոմիտէն կը տեղեկացնէ, որ օտար քաղաքացիներու կողմէ երեխաներու ապօրինի որդեգրման դէպքերուն պատճառով ձերբակալուեցան «Վերարտադրողական առողջութեան, պերինատոլոգիայի (ծննդաբերութեան ժամանակաշրջանի հոգատարութեան ճիւղը), մանկաբարձութեան եւ գինեկոլոգիայի (կնաբանութեան) հանրապետական ինստիտուտ» ընկերութեան (Հանրապետական ծննդատան) տնօրէն Ռազմիկ Աբրահամեան, փոխտնօրէն Արշակ Ջերջերեան, «Երեւանի մանկան տուն» կազմակերպութեան տնօրէն Լիանա Կարապետեան:
Յատկանշական է, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ բացայայտուած են Իտալիոյ քաղաքացիներու կողմէ երեք տասնեակ հայ երեխաներու ապօրինի որդեգրման դէպքեր:
Ըստ գործի նիւթերուն՝ Հայաստանի երկու քաղաքացիներ, օգտագործելով իրենց կապերը հանրապետական մանկաբարձական հաստատութիւններէն մէկուն հետ՝ շարք մը գերատեսչութիւններու եւ մանկատուներու մէջ կազմակերպած են օտարերկրեայ քաղաքացիներու կողմէ ապօրինի որդեգրումները:
yerakouyn.com/2019/12/19/երեխաներու-ապօրինի-որդեգրման-գործով/