Հայկական Գործօնը Աշխարհի Մէջ Իր Ուրոյն Տեղը Կը Սկսի Զբաղցնել․ Թրքագէտ
20 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
2019-ը մեր արտաքին քաղաքականութեան դիւանագիտութեան պատմութեան մէջ պէտք է համարենք, այսպէս կոչուած, ուժերու կուտակման, տեսական խնդիրներ դնելու փորձի շրջան։ Ըստ Armradio.am-ի՝ այս կարծիքը այսօր յայտնած է ԳԱԱ արեւելագիտութեան ուսումնարանի տնօրէն, թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեան՝ ակնկալելով աւելի աշխոյժ դիւանագիտական գործունէութիւն 2020-ին։
Թրքագէտը անդրադարձած է տարածաշրջանային զարգացումներուն՝ մատնանշելով, իր կարծիքով, ամենակարեւոր դասը, որ պէտք է քաղել 2019-ի զարգացումներէն։
Թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեանի գնահատականով՝ տարածաշրջանին մէջ սպասելի է թրքական յարձակողական քաղաքականութեան յետագայ ուժգնացում։ Ըստ անոր՝ ասիկա 2019-ի տարածաշրջանային զարգացումներէն քաղելիք ամենակարեւոր դասն է։ Ատիկա ցոյց կու տան այդ երկրի արտաքին քաղաքականութեան ներկայ փուլի առանձնայատկութիւնները։ Արդէն խօսակցութիւն կայ, որ Լիպիոյ մէջ Թուրքիան նոյնպէս կրնայ օգտագործել իր զինուած ուժերը՝ նկատած է թրքագէտը։
Անոր գնահատականով՝ ատիկա վտանգաւոր է նաեւ մեր տարածաշրջանին համար եւ պէտք է պատրաստ ըլլալ.
«Քանի որ Թուրքիան, եթէ սկսած է իր արտաքին քաղաքականութեան այս փուլը, կրնայ շարունակել ոչ միայն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, այլ նաեւ, իր դրդումով, այսպէս կոչուած, փոխանցէ զինուած ուժերու յարձակողական գործողութիւնները Ատրպէյճանին եւ Ատրպէյճանը վտանգ կրնայ ներկայացնել տարածաշրջանային անվտանգութեան համար»,- ըսած է Սաֆրաստեան։
Մտահոգութիւններու առիթ կու տան նաեւ իրանական զարգացումները։ Չըլլալով իրանագէտ, կը տեսնեմ, որ ներիրանական զարգացումներուն մէջ պէտք է հաշուի առնել դուրսէն եկող միջամտութեան հնարաւորութիւնը՝ ըսած է Ռուբէն Սաֆրաստեան։ Թրքագէտը կը կարծէ, սակայն, որ այդ ալիքը արդէն մեղմացած է եւ գոյութիւն չունի, այսինքն՝ Իրանի մէջ գոյութիւն ունեցող համակարգը եւս մէկ անգամ ցոյց տուաւ իր կենսունակութիւնն ու ներքին ամրութիւնը։
«Ասիկա հնարաւորութիւն կու տայ մեզի՝ յոյս ունենալու, որ Իրանի մէջ պիտի պահպանուի ընդհանուր կայուն իրավիճակը, իսկ ատիկա մեզի համար շատ կարեւոր է։ Եւ մեր դիւանագիտութիւնը պէտք է շատ զուսպ ըլլայ բոլոր այս խնդիրներուն մէջ»։
Թրքագէտը չի բացառեր, որ ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւններու սրումը յանգեցնէ, որ Թուրքիան առաւել կտրուկ քայլերու դիմէ՝ Ինճիրլիք եւ Քիւրեճիք ամերիկեան ռազմակայաններու սամանափակման կամ ընդհանրապէս փակման առումով։ Փորձն ալ ցոյց կու տայ, որ որքան կը սրուին թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները, այնքան կը բարելաւուին ռուս-թրքական յարաբերութիւնները։ Ինչ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերուն. թէեւ առկայ խորապատկերին մէջ անոնք ընդունուեցան, սակայն, կարեւոր է առաջին հերթին հասկնալ, որ ամերիկահայ լոպպիստական կազմակերպութիւններու տասնամեակներու հետեւողական աշխատանքի արդիւնքն են։
«Կը վկայէ այն մասին, որ հայկական գործօնը ընդհանրապէս աշխարհի վրայ իր ուրոյն տեղը կը սկսի զբաղցնել»,- նշած է թրքագէտը։
Ան յոյս ունի, որ ատիկա կանգ չ՝առներ եւ կ’օգտագործուի նաեւ Արցախի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ, որ, ըստ անոր, Հայաստանի դիւանագիտութեան կարեւոր խնդիրն է։
«Ըսելով «հայկական գործօն» ես նկատի ունիմ ե՛ւ Սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւնները, ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ե՛ւ Արցախի Հանրապետութիւնը պէտք է ուժերը աւելի մէկտեղեն՝ այդ կարեւոր նպատակներուն հասնելու համար»,- ընդգծած է Սաֆրաստան։
Թրքագէտի դիտարկումով՝ այս տարի տեղի ունեցաւ կարեւոր բան, որ պատշաճ ուշադրութեան չարժանացաւ։ Խօսքը մեր երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէն ընդունուած արտաքին քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքներէն մէկուն՝ «համահայկականութեան» մասին է, որ ձեւակերպուեցաւ առաջին անգամ եւ ցոյց կու տայ, որ ՀՀ-ն կը գործէ ո՛չ թէ միայնակ, այլ՝ օգտագործելով ողջ հայկական ներուժը։
yerakouyn.com/2019/12/20/հայկական-գործօնը-աշխարհի-մէջ-իր-ուրոյ/