Սկովտիան Լոնտոնէն Պաշտօնապէս Անկախութեան Շուրջ Հանրաքուէ Կատարելու Իրաւունք Կը Խնդրէ

Սկովտիոյ Ազգային կուսակցութեան ղեկավար Նիքոլաս Սթըրճըն

Սկովտիան Լոնտոնէն Պաշտօնապէս Անկախութեան Շուրջ Հանրաքուէ Կատարելու Իրաւունք Կը Խնդրէ

21 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Սկովտիոյ առաջին նախարար, Սկովտիոյ Ազգային կուսակցութեան ղեկավար Նիքոլաս Սթըրճըն Լոնտոնէն պաշտօնապէս խնդրած է Էտինպըրկը օժտել շրջանի անկախութեան շուրջ հանրաքուէ կատարելու օրինական իրաւունքով:

«Մենք այսօր Բրիտանիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք քննարկելու (այդ հարցը) եւ համաձայնելու տալու լիազօրութիւնները, որոնք անտարակուսելի պիտի դարձնեն Սկովտիոյ խորհրդարանին իրաւունքը պատրաստելու անկախութեան հանրաքուէ կատարելու օրէնք», ըսած է ան:

«Ներկայիս այդ հանրաքուէն կատարելու սահմանադրական եւ ժողովրդավարական պատճառ գոյութիւն ունի», յայտնեց Սկովտիոյ առաջին նախարարը:

Նշենք, որ Սկովտիոյ Ազգային կուսակցութիւնը անցեալ շաբաթ կայացած բրիտանական խորհրդարանական ընտրութիւններուն ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց` ապահովելով շրջանին յատկացուած 59 աթոռներէն 47-ը եւ քուէներուն շուրջ կէսը:

Վարչապետ Պորիս Ճոնսընի ղեկավարած Պահպանողական կուսակցութիւնը ընտրութիւններուն ջախջախիչ մեծամասնութիւն ապահովեց, սակայն կորսնցուց Սկովտիոյ մէջ իր ունեցած աթոռներուն կէսը:

Պահպանողական կուսակցութիւնը շրջանին մէջ իր ընտրարշաւը հիմնած էր Սկովտիոյ անկախութեան շուրջ նոր հանրաքուէի մերժման վրայ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

aztagdaily.com/archives/458266

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail