Ներկայացուցիչներու Տունը Քուէարկեց Ի Նպաստ Թրամփի Պաշտօնազրկման
21 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը քուէարկեց ի նպաստ երկրի նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնանկութեան` «լիազօրութիւններու չարաշահում» յօդուածին հիմամբ:
Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը` ի դէմս դեմոկրատականներուն, քուէարկեց Թրամփի պաշտօնազրկման օգտին, հանրապետականները դէմ քուէարկեցին: Պաշտօնազրկման առաջին յօդուածով թեր քուէարկած է 230 քոնկրեսական, ներառեալ 1 անկախ քոնկրեսական դէմ` 197, ներառեալ երկու դեմոկրատական: Մէկ անձ մնացած է ձեռնպահ:
Քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է երկու յօդուածով` լիազօրութիւններու չարաշահում եւ Քոնկրեսի աշխատանքի խոչընդոտում:
Այժմ Թրամփը իշխանութենէ զրկելու համար անհրաժշետ է Ծերակոյտի երկու երրորդին համաձայնութիւնը, սակայն ներկայիս հանրապետականներու մեծամասնութիւնը մտադիր չէ քուէարկել նախագահին դէմ:
Թրամփ վստահութիւն յայտնեց, որ Ծերակոյտը զինք պիտի արդարացնէ:
Ծերակոյտին մէջ Թրամփի պաշտօնազրկման գործով քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ 7 յունուարին: Մինչ այդ, արդարադատական հարցերով զբաղող յանձնախումբը հրապարակած է 658 էջնոց զեկուցում մը, որուն մէջ նախագահը կը մեղադրէ իր անձնական, քաղաքական շահերը ազգային անվտանգութենէն, ազատ եւ արդար ընտրութիւններէն վեր դասելու յանցանքով:
Ըստ յանձնախումբին, Թրամփ սահմանադրական եւ քրէական յանցանք գործած է` փորձելով ճնշում գործադրել Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի վրայ, որպէսզի վերջինս հետաքննութեան սկսի Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ, 2020-ի նախագահական ընտրութեան ընթացքին Թրամփի գլխաւոր մրցակից Ճօ Պայտընի դէմ:
Միացեալ Նահանգներու ամբողջ պատմութեան ընթացքին Ներկայացուցիչներու տան մէջ միայն երկու անգամ պաշտօնազրկումի հոլովոյթի սկսած է` 1868 թուականին Էնտրիւ Ճոնսընի դէմ, իսկ 1998-ին Պիլ Քլինթընի դէմ, սակայն Ծերակոյտը արդարացուցած է երկուքն ալ:
Թրամփ երկրին 45-րդ նախագահն է եւ մտադիր է 2020 թուականին վերընտրուիլ երկրորդ ժամկէտով:
Նշենք, որ Թրամփ իր դէմ պաշտօնազրկման հոլովոյթը «Դեմոկրատական կուսակցութեան քաղաքական անձնասպանութիւն»-ը որակած է:
aztagdaily.com/archives/458267