Միացեալ Նահանգներ Մերժած Են Իրանի Դէմ Պատժամիջոցներէն Բացառութիւններ Ընել Երրորդ Երկիրներու Համար
21 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներ Իրանի դէմ պատժամիջոցներէն ոչ մէկ կարգի բացառութիւն կ՛ընեն երրորդ երկիրներու համար եւ անոնք պիտի կիրարկուին որեւէ գործունէութեան պարագային, որ ամերիկեան կողմը կը նկատէ արգիլուած: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին օտար լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Իրանի հարցերով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Պրայըն Հուք:
«Մենք պատժամիջոցներ կը կիրարկենք որեւէ գործունէութեան նկատմամբ, որ ենթակայ է պատժամիջոցներու: Այդ է մեր քաղաքականութիւնը, եւ ատիկա կը կիրարկուի բոլոր պարագաներու, ատկէ ոչ մէկ կարգի բացառութիւն կայ», ըսած է ան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ ձեւով ամերիկեան պատժամիջոցներէն կրնան խուսափիլ շրջանի միւս երկիրները, որոնք կ՛ուզեն յարաբերութիւններ զարգացնել Իրանի հետ, օրինակ` Ռուսիան կամ Ազրպէյճանը:
«Որոշ պարագաներու մենք ուղղակիօրէն պատժամիջոցներ կը հաստատենք Իրանի ֆիզիքական եւ իրաւական անձերուն դէմ, սակայն կան նաեւ երկրորդական պատժամիջոցներ», բացատրած է ամերիկացի դիւանագէտը:
«Հիմնական եւ երկրորդական պատժամիջոցներու այդ քաղաքականութիւնը գոյութիւն ունի արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր, եւ մենք իրականութեան մէջ ատկէ ոչ մէկ կարգի բացառութիւն կ՛ընենք», աւելցուցած է Հուք:
aztagdaily.com/archives/458419