Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտած Է Քոնկրեսի Որդեգրած «Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները Քանդող» Դաշնակցային Պիւտճէն
21 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտարարած է, որ Թուրքիան կը դատապարտէ 17 դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի որդեգրած դաշնակցային պիւտճէն, որ «կը բովանդակէ Թուրքիոյ դէմ ուղղուած կէտեր եւ կը քանդէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները»: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթէ Տուվար» օրաթերթը:
«Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի կողմէ որդեգրուած օրինագիծերը, որոնք կը վերաբերին 2020 թուականի պիւտճէական յատկացումներուն եւ կը բովանդակեն մեր երկրին դէմ յօդուածներ, կը հանդիսանան Քոնկրեսի անդամներու` ամէն ձեւով մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները փճացնելու ջանքերու արդիւնքը: Մենք կը դատապարտենք այս իրավիճակը, երբ նոյնիսկ պիւտճէի որդեգրման սովորական հոլովոյթը կը կապուի ամերիկացի քաղաքական գործիչներու կարճաժամկէտ քաղաքական նկրտումներուն հետ», նշուած է Աքսոյի յայտարարութեան մէջ:
Աքսոյ նաեւ կը նշէ, որ ամերիկացի քոնկրեսականները իբրեւ գործիք յայտնուած են Թուրքիոյ հակառակորդներուն ձեռքը:
«Այն շրջանակները, որոնք կը փորձեն ապօրինի կերպով արգելակել «Էֆ-35» օդանաւերու մեր երկրին մատակարարումը, ինչպէս նաեւ վերցնել Կիպրոսի մէջ իրավիճակի կարգաւորման ուղղուած ջանքերն ու արեւելեան Միջերկրականի շրջանին մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները, ժամանակի ընթացքին պիտի հասկնան, որ իրենց փորձերը նախ եւ առաջ վնաս կը հասցնեն նոյնինքն իրենց` Միացեալ Նահանգներու շահերուն եւ չեն ծառայեր շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման», նշած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
aztagdaily.com/archives/458420