Հայ Դատը Դատապարտեց «Շնորհակալութիւն Քոնկրես» Հանրային Հաւաքը Խանգարելու Փորձը

ARMENIAN GENOCIDE - DENIAL IS THE LAST ACT OF A GENOCIDE:

Հայ Դատը Դատապարտեց «Շնորհակալութիւն Քոնկրես» Հանրային Հաւաքը Խանգարելու Փորձը

21 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 14 դեկտեմբերի յետմիջօրէին տեղի ունեցած` «Շնորհակալութիւն Քոնկրես» հանրային հաւաքը խանգարելու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խումբ մը համակիրներուն արարքը խստօրէն դատապարտուեցաւ կազմակերպիչներուն կողմէ, որոնք նկատել տուին, որ հաւաքին ներկայ էին նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրածներու շառաւիղներ, որոնք տասնամեակներէ ի վեր կը սպասէին Քոնկրեսին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման:

Յիշեցնենք, որ հաւաքին նպատակն էր դրուատել Քոնկրեսին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու արշաւը յաջողութեամբ պսակած քոնկրեսականներու տարած աշխատանքը:

«Մինչ իբրեւ ամերիկացիներ արտայայտուելու ազատութեան ջատագովներ կը մնանք, այսօրուան արարքը կը փորձէր խանգարել երեկոյին քաղաքական բաժանումներուն հետ ոչ մէկ կապ ունեցող հաւաք մը` նոյն ժամանակ անարգելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Ցուցարարները մարդկային տարրական պատշաճութիւնը չցուցաբերեցին», նշուած է Հայ դատի յայտարարութեան մէջ:

Հաւաքը սկզբունքով տեղի պիտի ունենար «Ուուտպըրի» համալսարանին մէջ, սակայն վերջին վայրկեանին, համալսարանը որոշեց չհիւրընկալել հաւաքը, որովհետեւ մտահոգ էր նման ցոյցի մը հաւանականութենէն:

Այդ պատճառով կազմակերպիչները որոշեցին հաւաքը իրականացնել Կլենտէյլի Հանրային կեդրոնական գրադարանի գլխաւոր սրահին մէջ:

Հանրային հաւաքին ներկայ էին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող Ներկայացուցիչներու տան թիւ 296 բանաձեւի համահեղինակ Էտըմ Շիֆ եւ բանաձեւին գլխաւոր հովանաւորներէն Ճուտի Չու, որոնք մանրամասնութիւններ տուին պատմական այս որոշումին վերաբերեալ:

Ցուցարարները դժգոհ էին Շիֆէն, որ Թրամփի հակասահմանադրական արարքներու հետապնդումին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է:

Յիշեցնենք, որ 12 դեկտեմբերին Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ նաեւ ծերակոյտին կողմէ: Այդ բանաձեւին համահեղինակներն են ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեզ եւ Թետ Քրուզ, իսկ Շիֆի կողքին, թիւ 296 բանաձեւին համահեղինակն էր Կաս Պիլիրաքիս:

Շաբաթ օրուան միջադէպը լուսարձակի տակ առնուեցաւ տեղական լրատուամիջոցներու կողմէ:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/458346

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail