Խմբագրական – Ազատ Խօսք – ՀԱՅ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՔԸ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ Է – ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Խմբագրական – Ազատ Խօսք – ՀԱՅ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՔԸ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ Է – ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Ազատ Խօսք – Ելեկտրոնային Անկախ Պարբերաթերթ – Թիւ (97) Դեկտեմբեր 2019

Տարեվերջի այս օրերուն, համազգային օրակարգի գերխնդիր է դարձեալ հայեցի կրթութիւնը՝ հայոց լեզուի ու գրականութեան, հայոց պատմութեան լիարժէք ուսուցման խնդիրը՝ Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս եւ Սփիւռքի տարածքին: Քանզի՝ «հայոց լեզուի ու պատմութեան առարկաները սոսկ դպրոցական առարկաներ չեն, այլեւ՝ մեր գոյութեան ու գոյատեւման երաշխիքը….անոնցմով պայմանաւորուած է մեր լինելութիւնը, մեր ապագան»: Մեծ բանանաստեղծ Գէորգ Էմին նման գրութիւն մը կը թողուր՝ որպէս պատգամ հայ սերունդներուն, Մելգոնեանի յուշամատեանին մէջ: Նոյնանման պատգամներ թողած են մեր մեծերէն շատ-շատեր: Անուանի արձակագիր Հրանդ Մատթէոսեան կ’ արձանագրէ. «Մեր լինելութեան, գոյութեան անժխտելի պայմանն է լեզուն: Աշխարհի քարտէզի վրայ ու երկրի հսկայ տարածքում գրաւած իրենց մի պզտիկ տեղը, դարերի ճակատին գրած հայ ու Հայաստան անունը այս փոքրիկ հողն ու ժողովուրդը նուաճել են լեզուով: Լեզուն ապրելու ձեւ է, լեզուն աշխարհ է, սնունդ ու պայքարի միջոց, ինքնարտայայտման ու ինքնադրսեւորման եղանակ: Լեզուն հայրենիք է…»:

Ներկայիս, շուրջ տասը միլիոն հաշուող համայն հայութեան աւելի քան կէսը չի խօսիր իր մայրենին, դարձած է օտարախօս եւ, հետեւաբար, ուծացման եւ ձուլման է ենթակայ: Սփիւռքի տարածքին, օրէցօր կը փակուին հայ վարժարաններ, կ’արագանայ օտարացման, ապամշակութացման թափը, որուն քաջալեր կ’ըլլան սփիւռքի մեր անմիտ ու ապահայացած ղեկավարներէն շատեր, յայտարարելով որ «Հայերէնը էական չէ հայ ըլլալու համար»…:

Սա համաշխարհայնացումի եւ ապազգայնացումի վայրագ քաղաքականութեան արգասիք է, որ կը նկրտի աշխարհի ժողովուրդներու ազգային մշակոյթն ու կենցաղը, ապրելակերպը փոխարինել՝ ամերիկեան զանգուածային կենցաղով եւ վա՛յ մշակոյթով, որ զուրկ է պատմութենէ, ազգային-մարդկայնական մտածողութենէ, եւ ուր կ’այլանդակուին ամէն ազգային արժէք ու աւանդութիւն, ազգ ու հայրենիք:

Տխուր այս պատկերը ամբողջովին հակապատկերն է յետ-Եղեռնեան իրավիճակին, երբ հայրենազուրկ ու տարագիր հայ մարդը ոչինչէն հիմնեց իր հայագաղութները, հիմնելով դպրոց ու եկեղեցի, մամուլ ու ակումբներ, վառ պահելու համար հայ ինքնութեան հիմնախարիսխը նկատուող՝ հայոց լեզուն, հայ գրականութիւնը, հայոց հաւատքն ու պատմութիւնը, հայ մշակոյթը…: Եւ այդ դպրոցները ոչինչով չզիջեցան օտար որակաւոր դպրոցներուն՝ իրենց ջամբած բարձրակարգ ուսումով, գիտելիքով եւ լեզուներու իմացութեամբ:

Ներկայիս, սակայն, հայ դպրոցի եւ հայոց լեզուի նահանջով, տակաւ կը նահանջեն հայագաղութները՝ անձնատուր համաշխարհայնացման լափլիզող, ահեղ յորձանքին….Մեծ Եղեռնը փոխարինելով այս անգամ սպիտակ Եղեռնով, որ՝ թէեւ անարիւն, նոյնքան հայակործան է եւ հայաջինջ…: Ըստ հաւաստի աղբիւրներու եւ վիճակագրական տուեալներու, վերջին քսան տարիներուն, սփիւռքի հայագաղութներուն մէջ փակուած են ցարդ 226 հայկական վարժարաններ եւ զառիթափը կը շարունակուի…

Դժբախտաբար, պատկերը աւելի փայլուն չէ Մայր հայրենիքի մէջ ալ, ուր հայրենի պետութեան իշխանութիւնները՝ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սպորտի նախարարութեան բերնով, դեռ վերջերս կու տային ազդանշանը՝ պարտադիր չդարձնելու հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ ընդհանրապէս հայագիտութեան առարկաները բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեանց մէջ եւ անոնց հաշւոյն զօրացնել մասնագիտական առարկաներու ուսուցումը: Ո՛չ ոք կրնայ առարկել որ Հայաստանը դառնայ բարձր գիտահնարքներու, բարձր արդիւնաբերութեան կամ արհեստական բանականութեան երկիր….

Բայց ամէն բանէ առաջ ու գերազանցօրէն, Հայաստանը պէտք է դառնայ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ, ուր հայ ինքնութեան բաղադրիչները՝ հայոց լեզուն ու հայ գրականութիւնը, հայոց պատմութիւնը, հայկական մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը պիտի ունենան զարգանալու ամէնէն լայն հնարաւորութիւններ: Սա նաեւ ներքին անվտանգութեան եւ ռազմավարական գերխնդիր է: Ազգի ու հայրենիքի լինելութեան խնդիր:

Հայաստանը նախ եւ առաջ ազգային պետութիւն է: Իսկ ազգային պետութեան հիմնաքարը ազգային լեզուն է, ազգային գաղափարը, ազգային արժեհամակարգը, ազգային նպատակները, ազգային մշակոյթը…, առանց որոնց պետութիւնը կը դառնայ սոսկ վարչական միաւոր, հայրենիքը կը դառնայ բնակավայր եւ կը ջնջուի տակաւ այն ոգեղէն բովանդակութիւնը որ հողեղէն երկրին կու տայ ոգեղէն տարածք, իմաստ ու խորհուրդ…: Աւելին. ՀՀ ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւններէն շրջանաւարտ գիտնականը թէ այլ մասնագէտը, առաջնահերթաբար, պիտի խորապէս գիտակից ըլլայ իր ազգային արմատներուն, իր պատմութեան, իր լեզուին….թէ ո՞վ ենք մենք, ո՞ւրկէ եկած ենք եւ ո՞ւր կ’երթանք, թէ ի՞նչ է մեր ազգային արժեհամակարգը, ազգային մեր գաղափարախօսութիւնը, թէ ի՞նչ է մեր համազգային տեսլականը…, որպէսզի ան դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան գիտակից եւ յանձնառու քաղաքացի, օժտուած ազգային-պետական բարձր մտածողութեամբ եւ ո՛չ սոսկ մասնագէտ՝ իր նեղ մասնագիտութեան գործին միայն հետամուտ… :

Ի վերջոյ, հայոց բազմահազարամեայ պատմութեան ճիշդ ընկալումով եւ անոր արժէքներուն իւրացումով է որ ան՝ իր մասնագիտութեան զուգահեռ, պիտի կարենայ հայօրէն ուղղորդել իր կեանքը եւ, ի պահանջել հարկին, պաշտպանել իր հայրենական հողը, աշխարհաքաղաքական այն պայմաններուն մէջ ուր կը գտնուի մեր երկիրը մասնաւորապէս:

Վկայակոչենք մեր մեծերէն աշխարհահռչակ աստղաֆիզիքոս Վիքթոր Համբարձումեանի «Կտակը».-

«Ինձ յաջորդող սերունդներին, թոռներիս, ծոռներիս կտակում եմ տիրապետել հայոց լեզուին: Ամէն մէկը պէտք է իր պարտքը համարի ուսումնասիրել հայոց լեզուն, գրագէտ լինի հայերէնից` անկախ այն բանից, թէ քանի տոկոս է նրա մէջ հայկական արիւնը: Այդ տոկոսը ոչինչ չի նշանակում: Մենք փոխանցում ենք սերունդներին ոչ թէ արիւն, այլ` գաղափարներ, եւ գաղափարների մէջ ինձ համար ամենաթանկը հայոց լեզուն է: Այդ կապակցութեամբ իւրաքանչիւր սերունդ պարտաւոր է սովորեցնել յաջորդին հայոց լեզու: Գիտցէք, որ իմ կեանքի ամենամեծ երջանկութիւնը եղել է ու կը մնայ, քանի ապրում եմ, հայոց լեզուին տիրապետելը: Ցանկանում եմ երջանկութիւն բոլորիդ»:

Իրականութեան մէջ, անկախութեան շուրջ 30-ամեայ տարիներուն, մենք չկրցանք պատրաստել կրթական համակարգ մը, հայեցի կրթութեան ծրագիր մը, որ ուղղուած ըլլար վաղուան բարդ աշխարհին մէջ գիտակից հայ մարդ ու հայ լիարժէք քաղաքացի պատրաստելու կարեւորագոյն նպատակակէտին: Համակարգ մը՝ որ ունենար համահայկական տեսլական, համահայկական մտածողութեամբ առաջնորդուող ծրագիր, խարսխուած հայոց լեզուի, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի հիմքին վրայ, միաժամանակ բաց՝ աշխարհի միջազգային նորարարութիւններուն եւ գիտական յառաջընթացին առջեւ:

Եւ պիտի չզարմանալ, երբ նոյնիսկ արեւելահայերէնը՝ նոյնինքն անկախ Հայաստանի մէջ, դարձեր է օտար բառերով խճողուած, օրէ օր այլանդակուող, երբեմն նոյնիսկ փողոցային լեզուի մակարդակին հասնող խառնիճաղանճ լեզու: Զուգահեռաբար, որքան բաղձալի պիտի ըլլար որ հայրենի պետութիւնը համակարգուած ուշադրութիւն դարձնէր արեւմտահայերէնին ալ, որ մեր լեզուին անբաժանելի մասն է, անոր պահպանումը՝ համահայկական խնդիր, եւ տակաւին լրջօրէն մտածէր նաեւ դասական ուղղագրութեան վերադարձի հարցին մասին, ինչ որ մեծապէս պիտի նպաստէր Հայսատան-Սփիւռք կապերու փոխադարձ սերտացման, ամրապնդման եւ արդիւնաւորման…

Ազգային պետականութեան ճիշդ կայացման համար, այսօր հայրենի պետականութեան առջեւ դրուած է լրջագոյն խնդիր մը՝ վերակազմակերպելու հայեցի կրթութիւնը իր բոլոր բաղադրիչներով, քանզի ան է որ կը պայմանաւորէ մեր երկրին հայեցի, բարոյական, հոգեւոր որակը….

անոր իրա՛ւ հայկականութիւնը եւ Հայաստան-Սփիւռք միասնականութիւնը, որ «օդի, ջուրի, հացի նման» կենսական եւ ճակատագրական է այժմ եւ ընդմիշտ…

ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

azadkhosk.com/khempakragan9701.html

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail