27 նոյեմբեր 2015
ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տարբեր ստորաբաժանումներու համատեղ նախաձեռնութիւններուն արդիւնքով բացայայտուած եւ վնասազերծուած յանցաւոր խումբը իր զինուածութեան մակարդակով, անդամներու թիւով, կազմակերպուածութեամբ եւ ծրագրուած յանցագործութիւններու վտանգով ու դաժանութեամբ նախադէպը չէ ունեցած Հայաստանի տարածքին: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտարարած է ՀՀ քննչական վարչութեան պետի տեղակալ Միքայէլ Համբարձումեան` մամուլի ասուլիսի ընթացքին:
«Խումբը ձեւաւորուել է յանցաւոր կոնկրէտ նպատակների իրականացման համար, եղել է դերաբաշխում, իւրաքանչիւր անդամ իմացել է իր դերը եւ պարտականութիւնները, խումբը ֆինանսաւորուել է տասնեակ հազարաւոր տոլարներով»,- ըսած է Համբարձումեան:
Խումբի ղեկավար Արթուր Վարդանեանի կողմէ ձեռնարկուած են խումբի անդամներուն եւ գործունէութիւնը քօղարկելու անհրաժեշտ միջոցներ, նոյնիսկ խումբի անդամներուն բաժնուած են գաղտնի հեռախօսահամարներ, որոնցմով անոնք կապ պահած են իրարու հետ եւ վարած են յանցագործութիւններու կազմակերպման հետ կապուած խօսակցութիւններ: Խումբին գործունէութիւնը, սակայն, յայտնուած է ԱԱԾ աշխատակիցներու տեսադաշտին մէջ, որմէ ետք խումբը առնուած է հսկողութեան տակ եւ ձեռնարկուած քայլերուն շնորհիւ վնասազերծուած է:
Համբարձումեան հաւաստիացուցած է, որ հաշուի առնելով հասարակական հետաքրքրութիւնը` ՀՀ ԱԱԾ մամուլի կեդրոնը պարբերաբար մանրամասնութիւններ պիտի տրամադրէ դէպքին առնչութեամբ, սակայն Քննչական վարչութիւնը պարտաւոր է պահել նախաքննական գաղտնիութիւնը, այս իսկ պատճառով՝ քրէական գործի յարուցումէն օրեր անց՝ հնարաւոր չէ ներկայացնել քրէական գործի բոլոր մանրամասնութիւնները: «Ամենօրեայ, ամենժամեայ ռեժիմով իրականացւում են տարատեսակ քննչական եւ օպերատիւ գործողութիւններ, որոնք վտանգել հնարաւոր չէ: Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնն ապաքաղաքական կառոյց է եւ իր գործողութիւններն իրականացնում է բացառապէս ՀՀ Սահմանադրութեան, օրէնքների, միջազգային պայմանագրերի շրջանակներում: Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնն ապահովում է հասարակութեան եւ պետութեան անվտանգութիւնը, գործում է ինչպէս բացայայտ, այնպէս էլ գաղտնի մեթոտներով, որոնք բացայայտման ենթակայ են օրէնքով սահմանուած դէպքերում»,- ընդգծած է Համբարձումեան:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մարմիններու կողմէն իրականացուած քննչական աշխատանքներու իբրեւ արդիւնք՝ բացայայտուած է կազմակերպուած յանցաւոր խմբակցութիւն, որ նպատակ հետապնդած է Հայաստանի տարածքին կազմակերպել շարք մը ծանր յանցագործութիւններ:
2015 թուականին Հայաստանի քաղաքացի, Երեւանի նախկին բնակիչ, արտասահման բնակող Արթուր Վարդանեան, գալով Հայաստան, ստեղծած եւ ղեկավարած է յանցաւոր համագործակցութիւն: Նախնական համաձայնութեամբ, կազմակերպուած խումբին կողմէ ապօրինաբար ձեռք բերուած է մեծ քանակով զէնք եւ ռազմամթերք, որոնք պահուած են Երեւան քաղաքի Նորք թաղամասի` այդ նպատակով վարձու առնուած առանձնատան մէջ:
Նոյեմբեր 25-ին, Ոստիկանութեան հետ համատեղ խուզարկութիւններու ընթացքին, յայտնաբերուած են տարբեր տեսակի ինքնաձիգներ, ատրճանակներ, նռնականետեր, նռնակներ, պայթուցիկ նիւթեր եւ պայթուցիկ սարքեր, կապի միջոցներ, փամփուշտներ, փամփշտակալներ, ռազմական հանդերձանք` որոնց մէջ զրահաբաճկոններ: Խուզարկութեան պահուն առանձնատան մէջ, Արթուր Վարդանեանի գլխաւորութեամբ, հաւաքուած եղած են յանցաւոր խմբակցութեան 9 անդամները, որոնք ձերբակալուած են:
ՀՀ ԱԱԾ քննչական վարչութեան կողմէ յարուցուած է քրէական գործ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 223-րդ յօդուածի 1-ի եւ 2-րդ մասերով եւ 235-րդ յօդուածի 3-րդ մասով, կը կատարուի նախաքննութիւն: Մանրամասն տեղեկատւութիւն կը տրամադրուի լրացուցիչ:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com/
ԱԱԾ-ն Ձերբակալած Է Զինուած Յանցախումբի 21 Անդամներ, Որոնք Թիրախ Դարձուցած Էին Քաղաքացիներ Ու Իշխանութեան Մարմինները
Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը ձերբակալած է Նոյեմբեր 25-ին վնասազերծուած յանցաւոր խումբի 21 անդամներ: Անոնց մեղադրանքներ առաջադրուած է բաւարար ապացոյցներու համակցութեան հիման վրայ: Այս մասին «Արմենփրես»-ի մամուլի սրահին մէջ յայտարարած է ԱԱԾ քննչական վարչութեան պետի տեղակալ Միքայէլ Համբարձումեան: «Անոնց նկատմամբ առկայ է հիմնաւոր կասկած: Մենք միջնորդութիւն ենք ներկայացնելու այդ անձանց նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կալանք կիրառելու համար, սակայն այդ անձանց մեղաւորութեան հարցը դատարանի գործն է եւ վերջակէտը կը դրուի դատարանում: Նախաքննութեան այս փուլում մենք պէտք է քննութիւն իրականացնենք, արդիւնքները ի մի կը բերուեն եւ նրանց գործողութիւններին կտրուեն քրէաիրաւական գնահատականներ»,- ըսած է Համբարձումեան:
ԱԱԾ քննչական վարչութեան պետի տեղակալը շեշտած է, որ խումբին անդամներուն բաժանուած են հեռախօսահամարներ, որոնք գաղտնի եղած են, եւ անոնք կրցած են խօսիլ իրարու հետ: «Վնասազերծուել է խումբ, որն ունեցել է յստակ նպատակներ, ունեցել է յստակ մշակուած ծրագրեր: Ընտրուած են եղել յանցագործութեան թիրախներն ու կատարման եղանակները: Հասկանալի պատճառներով այս պահի դրութեամբ չեմ կարող մանրակրկիտ ասել, թէ ում դէմ ինչ յանցագործութիւններ են ծրագրուած եղել: Նրանց կազմակերպուած յանցագործութիւնները միտուած են եղել քաղաքացիների, պետական, քաղաքական անձանց, իշխանութեան առանձին ճիւղերի ու պետական առանձին մարմինների դէմ»,- ըսած է ԱԱԾ պետի տեղակալը:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մարմիններու կողմէ իրականացուած քննչական աշխատանքներու արդիւնքով բացայայտուած է կազմակերպուած յանցաւոր խմբակցութիւն, որ նպատակ հետապնդած է Հայաստանի տարածքին կազմակերպել շարք մը ծանր յանցագործութիւններ: 2015 թուականին Հայաստանի քաղաքացի, Երեւանի նախկին բնակիչ, արտասահման բնակող Արթուր Վարդանեան, գալով Հայաստան, ստեղծած եւ ղեկավարած է յանցաւոր համագործակցութիւն: Նախնական համաձայնութեամբ, կազմակերպուած խումբին կողմէ ապօրինաբար ձեռք բերուած է մեծ քանակութեամբ զէնք եւ ռազմամթերք, որոնք պահուած են Երեւան քաղաքի Նորք թաղամասի` այդ նպատակով վարձու առնուած առանձնատան մէջ:
Նոյեմբերի 25-ին Ոստիկանութեան հետ համատեղ խուզարկութիւններու ընթացքին յայտնաբերուած են տարբեր տեսակի ինքնաձիգներ, ատրճանակներ, նռնականետեր, նռնակներ, պայթուցիկ նիւթեր եւ պայթուցիկ սարքեր, կապի միջոցներ, փամփուշտներ, փամփշտակալներ, ռազմական հանդերձանք` որոնց մէջ զրահաբաճկոններ: Խուզարկութեան պահուն առանձնատան մէջ, Արթուր Վարդանեանի գլխաւորութեամբ, հաւաքուած եղած են յանցաւոր խմբակցութեան 9 անդամները, որոնք ձերբակալուած են: ՀՀ ԱԱԾ քննչական վարչութեան կողմէ յարուցուած է քրէական գործ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 223-րդ յօդուածի 1-ի եւ 2-րդ մասերով եւ 235-րդ յօդուածի 3-րդ մասով, կը կատարուի նախաքննութիւն: Մանրամասն տեղեկատուութիւն կը տրամադրուի լրացուցիչ:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com/