Սուրիական Բանակը Իտլիպի Հարաւարեւելեան Գիւղական Շրջանին Մէջ Նոր Գիւղեր Կ՛ազատագրէ

Սուրիական Բանակը Իտլիպի Հարաւարեւելեան Գիւղական Շրջանին Մէջ Նոր Գիւղեր Կ՛ազատագրէ

23 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Սուրիական բանակը Իտլիպի հարաւարեւելեան գիւղական շրջանին մէջ Ժապհաթ Նուսրայի հետ բախումներէ ետք նոր գիւղեր ազատագրած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:

Սուրիական բանակը յառաջանալով այժմ 3 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Ժարժանազ գիւղէն, որ զինեալներու կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը կը նկատուի: Սուրիական բանակը կը կռուի Սարման եւ Ժարժանազ գիւղերը ազատագրելու համար երկու ճակատներու վրայ` առ ի պատրաստութիւն մուտք գործելու Հալէպ-Դամասկոս միջազգային մայրուղիի մուտքին գտնուող Մաարաթ Նոհման քաղաք:

Սուրիական բանակը կը շարունակէ Իտլիպի հարաւարեւելեան գիւղական շրջանին մէջ իր գործողութիւնները եւ վերատիրացած է Պուսթան, Հարաքի, Ապու Շարժի, Պարժ եւ այլ գիւղերու: Իսկ Մաարաթ Նոհման քաղաքի հիւսիսը կը սպասուի, որ Սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները նոր ճակատ մը բանան ազատագրելու համար Հալէպ-Դամասկոս մայրուղիին վրայ գտնուող Սարաքեպ քաղաքը:

Այս ճակատները կը նկատուին Սոչիի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ շուրջ մէկ տարի առաջ գոյացած համաձայնութեան գործադրութեան առաջին քայլերը:

«Նաշրա» լրատուական կայքը իր կարգին հաղորդեց, որ Սուրիական բանակը Իտլիպի հարաւարեւելեան գիւղական շրջանին մէջ իր գործողութիւններուն ընթացքին մեծ ու արագ ձեռքբերումներ արձանագրած է:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/458942

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail