Ուաշինկթըն Կը Քննադատէ Թուրքիոյ` Սարաժի Հետ Յուշագիրի Կնքումը. Հաֆթարի Ուժերը Գրաւեցին Թրքական Նաւ Մը
23 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած լիպիական ազգային բանակի բանբեր Ահմետ Միսմարի յայտնեց, որ իրենց ուժերը շաբաթ օր Տառնայի ծովափին մօտ շրջանային ջուրերուն մէջ գրաւած են Կրանատայի դրօշ բարձրացուցած նաւ մը, որուն անձնակազմին անդամները թուրքեր են:
Միսմարի յայտնեց, որ նաւը տարուած է Ռաս Հիլալ նաւահանգիստ` «խուզարկման ու բեռներու քննութեան համար»:
Յիշեցնենք, որ զօր. Հաֆթարի ղեկավարած բանակի ծովուժի սպայակոյտի պետ Ֆարաժ Մահտաուի յայտարարած էր, որ հրաման ստացած է լիպիական ծովեզերքին մօտեցող որեւէ թրքական նաւ հարուածելու:
Լիպիական ազգային բանակի հրամանատարներէն զօր. Խալետ Մահժուպ իր կարգին յայտնեց, թէ ծովուժն ու օդուժը կատարելապէս պատրաստ վիճակի մէջ են, լիպիական բանակին բոլոր զէնքերը պատրաստ են, «եւ բանակը կարող է թիրախ դարձնել որեւէ ուժ, որ մուտք կը գործէ լիպիական հողեր»:
Լիպիական փոխանցման կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ապտելհատի Հուէյժ յայտարարեց, որ Լիպիան երէկ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տանտիասի Պենկազի պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Յունաստանի հետ գոյացուցած է համաձայնութիւն` «մերժելու Թուրքիոյ եւ Սարաժի կառավարութեան միջեւ կնքուած անվտանգութեան յուշագիրը»:
Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուց Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան հետ կնքուած համաձայնագիրը, որ Անգարային կ՛արտօնէ զինուորական աջակցութիւն տրամադրել Սարաժի ղեկավարած կառավարութեան:
Ուաշինկթըն Կը Քննադատէ Թուրքիա-Լիպիա «Գրգռիչ» Համաձայնութիւնը
Միացեալ Նահանգներ քննադատեցին Թուրքիոյ եւ Սարաժի ղեկավարութեամբ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան միջեւ կնքուած ծովային գօտիներու սահմանագծման ու անվտանգութեան համաձայնագիրը, որուն հիմամբ Թուրքիան կրնայ զօրքեր ուղարկել Լիպիա: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Նեշընըլ»-ը:
Ուաշինկթըն համաձայնութիւնը նկատեց «ոչ օգտակար», «գրգռիչ» եւ մտահոգիչ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը շաբաթ օր յայտնեց. «Այժմ Յունաստանի եւ Կիպրոսի մէջ ձեր գծած ծովային սահմաններով… Միացեալ Նահանգներու տեսանկիւնէն, ատիկա մտահոգիչ է: Այժմ Միջերկրական ծովուն մէջ յաւելեալ անկայունութիւն գրգռելու ժամանակը չէ»:
Նշենք, որ Ռուսիան եւս յայտնած է, թէ մեծապէս մտահոգ է Լիպիոյ մէջ թրքական ուժերու տեղակայման առնչութեամբ` նշելով, որ Թուրքիոյ հետ կնքուած անվտանգութեան համաձայնութիւնը Մոսկուայի համար բազմաթիւ հարցականներ կը ստեղծէ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի աւելցնէ Սարաժի կառավարութեան իր զինուորական աջակցութիւնը եւ կը սերտէ «ծովային, օդային եւ ցամաքային բոլոր կարելիութիւնները»: Ան նշեց, որ Անգարա Լիպիոյ հետ իր կնքած յուշագիրէն ետդարձ պիտի չկատարէ:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար իր կարգին յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի կանգնի Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան կողքին, մինչեւ խաղաղութեան, կայունութեան ու անվտանգութեան հաստատումը:
aztagdaily.com/archives/458941