Մաքրոն. «Գաղութատիրութիւնը Ֆրանսական Հանրապետութեան Կողմէ Գործուած Մեծ Սխալ Մըն Էր»
23 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ գաղութատիրութիւնը «հանրապետութեան կողմէ գործուած մեծ սխալ մըն էր»` կոչ ուղղելով Ֆրանսայի եւ ափրիկեան ցամաքամասին մէջ անոր նախկին գաղութներուն միջեւ «նոր էջ մը» բանալու:
Մաքրոն Փղոսկրեայ Ափունքի նախագահ Հասան Օթարայի հետ Ապիճանի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Այսօր Ֆրանսան յաճախ կը դիտուի իբրեւ տիրութեան ձգտում ունեցող եւ սուտ կերպարանքով ներկայացող գաղութատիրութիւնը, որ մեծ սխալ մըն էր` հանրապետութեան կողմէ գործուած»:
«Կը պատկանիմ սերունդի մը, որ գաղութատիրութեան սերունդը չէ: Ափրիկեան ցամաքամասը երիտասարդ ցամաքամաս է: Ձեր երկրին զաւակներուն երեք քառորդը գաղութատիրութիւնը երբեք չէ ճանչցած», աւելցուց ան:
Ֆրանսայի նախագահը յոյս յայտնեց, որ «այս երիտասարդ Ափրիկէն համաձայն ըլլայ նոր Ֆրանսայի հետ գործընկերութիւն եւ շատ աւելի արդիւնաւէտ բարեկամութիւն հաստատելու»:
aztagdaily.com/archives/458951