Թրքական Թերթը Հայոց Ցեղասպանութեան Թեմայով Գիրքերու Համար Թիրախ Դարձուցած է Պոլսոյ Հայկական Հրատարակչութիւնը

ARMENIAN GENOCIDE - DENIAL IS THE LAST ACT OF A GENOCIDE:

Թրքական Թերթը Հայոց Ցեղասպանութեան Թեմայով Գիրքերու Համար Թիրախ Դարձուցած է Պոլսոյ Հայկական Հրատարակչութիւնը

26 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԷՏ:

ARMENIAN GENOCIDE – DENIAL IS THE LAST ACT OF A GENOCIDE:

Թրքական իշխանամէտ «Aksam» թերթի վերլուծաբան Էմին Փազարճըն հերթական յօդուածով թիրախ դարձուցած է Պոլսոյ հայկական «Արաս» հրատարակչատունն ու մայրաքաղաք Անգարայի Չանքայա շրջանի քաղաքապետարանը:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ պատճառը այն է, որ որոշ ժամանակ առաջ «Արաս»-ի ու Չանքայայի քաղաքապետարանի՝ ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութենէն (CHP-ԺՀԿ) ընտրուած ղեկավարութեան համագործակցութեամբ տեղի ունեցած է գիրքերու ցուցահանդէս, ուր ցուցադրուած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիրքեր:

Փազարճըն գրած է, որ «Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումներն ու սուտերը» իրենց գլխուն իսկական փորձանք դարձած են, եւ այս թեմայով բոլոր արտաքին դերակատարները, ներառեալ իրենց դաշնակիցը համարուող ԱՄՆ-ն կը յարձակին Թուրքիոյ վրայ: Ապա, հեղինակը, մատնացոյց ընելով Չանքայայի քաղաքապետարանի իրականացուցած «Չանքայայի գիրքի համաժողով-2» անունով ցուցահանդէսը, գրած է, որ ԺՀԿ-ական քաղաքապետարանն ալ այդ թեմայով իրենց կը հարուածէ թիկունքէն:

Հեղինակը գրած է, որ ցուցահանդէսի ժամանակ կը հրամցնեն ցեղասպանութեան վերաբերեալ Արեւմուտքի «սուտերը», որոնց դէմ իրենք տարիներ շարունակ կը պայքարին:

«Այնտեղ ցուցադրուած, ներկայացուած ու վաճառուած են «Արաս» հրատարալչութեան գիրքերը, որ հայկական կազմակերպութիւն է: Անոնց մէջ կայ 158 թրքերէն եւ 60 հայերէն գիրք»,- գրած է ցեղասպանութիւնը ժխտող հեղինակը՝ այդ գիրքերէն առանձնայատուկ ուշադրութիւն հրաւիրելով ֆրանսահայ հեղինակ Միշէլ Մարիանի «Հայոց Ցեղասպանութիւն» գիրքին վրայ:

Փազարճըն գրած է, որ հասցուցած է ծանօթանալ միայն Մարիանի գիրքին հետ, բայց չի կասկածիր, որ ցուցահանդէսի միւս գիրքերն ալ նոյն տրամաբանութեան մէջ պէտք է ըլլան, քանի որ «Արաս հրատարակչութեան առաքելութիւնը այդ է»:

Իշխանամէտ թերթի հեղինակը նաեւ նշած է, որ ասիկա առաջին դէպքը չէ: Ան յիշեցուցած է, որ 2015-ին ալ Չանքայայի Ժամանակակից արուեստներու թանգարանին մէջ կրկին ԺՀԿ-ական քաղաքապետարանի հովանաւորութեամբ ցուցահանդէս մը կազմակերպուած էր, ուր ներակայացուած էին Ցոլակ եւ Արամ Տիլտիլեաններու՝ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած լուսանկարները: Փազարճըն նշած է, որ այդ ցուցահանդէսի բացումը ըրած էր անձամբ ընդդիմադիր ԺՀԿ-ի փոխնախագահ Սէզկին Թանրըքուլուն:

GÉNOCIDE ARMÉNIEN – LE DÉNI EST LE DERNIER ACTE D’UN GÉNOCIDE
GÉNOCIDE ARMÉNIEN – LE DÉNI EST LE DERNIER ACTE D’UN GÉNOCIDE

yerakouyn.com/2019/12/26/թրքական-թերթը-հայոց-ցեղասպանութեան-թ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail