Դեկտեմբեր 25-ը Ախալցխայի Շրջանի Փոքր Պամաճ Գիւղի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Վերաօծման Օրն է
26 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԱԶԳԱՅԻՆ:
Դեկտեմբեր 25-ը Ախալցխայի շրջանի Փոքր Պամաճ գիւղի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ վերաօծման օրն է։ Օրհնութեամբ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Մաղաքիայ Վարդապետ Ամիրեանի եւ Ախալցիխէի Հոգեւոր Տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տէր Յակոբ աբեղայ Սահակեանի գիւղի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ։ Պատարագիչն էր Ախալցխայի եւ յարակից շրջաններու հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տէր Թորգոմ քահանայ Վարդանեան։ Արժանապատիւ Տէր Հայրը յաւուր պատշաճի ժողովրդին ներկայացուց օրուան խորհուրդը եւ քարոզի աւարտին հոգեւոր դասի անունով խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բարերար Անդրանիկ Բաբոյեանին՝ եկեղեցւոյ կողքին ըլլալու համար։
Պատարագի աւարտին Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տէր Յակոբ աբեղայ Սահակեան եւ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Թորգոմ քհն․ Վարդանեան կատարեցին մատաղի օրհնութեան կարգ եւ մատաղը բաժնեցին հաւատացեալներուն։
Պամաճի պարախումբի սաները հայ-ազգային պարերով օրը աւելի գեղեցկացուցին։
http://akhaltskha.net/
yerakouyn.com/2019/12/26/դեկտեմբեր-25-ը-ախալցխայի-շրջանի-փոքր-պամ/