Թուրքիան 17 Միլիոն Տոլար Դրամաշնորհ Կը Յատկացնէ Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան

Թուրքիան 17 Միլիոն Տոլար Դրամաշնորհ Կը Յատկացնէ Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան

Թուրքիան 17 Միլիոն Տոլար Դրամաշնորհ Կը Յատկացնէ Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան

26 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ

Թուրքիան ռազմական գործակցութեան համաձայնագիրով 17 միլիոն տոլար դրամաշնորհ կը յատկացնէ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը։

Վրաստանի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւններու միջեւ ռազմական գործակցութեան մասին համաձայնագիրը, որուն մէջ կը յատկացուին միջոցները, ստորագրուած է Անգարայի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ղարիբաշուիլիի եւ Թուրքիոյ անոր պաշտօնակից Հուլուսի Աքարի միջեւ տեղի ունեցող բանակցութիւններէն ետք:

Հանդիպումին Ղարիբաշուիլին շնորհակալութիւն յայտնած է Աքարին Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու համար, ինչպէս նաեւ յայտնած է Թուրքիոյ դերը ՆԱԹՕ-ին Վրաստանի ներգրաւման գործընթացին մէջ: Բանակցութիւններուն մէջ քննարկուած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ վրաց-թուրքական գործակցութեան խորացման ուղիները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ գործակցութիւնը եռաչափ ձեւաչափով, յիշուած է հաղորդագրութեան մէջ, հաղորդած է «Գրուզիա Online»-ը:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

yerakouyn.com/2019/12/26/թուրքիան-17-միլիոն-տոլար-դրամաշնորհ-կը-յ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail