Հայաստանի Բանակը Յենակէտերը Կ՛ամրապնդէ Եւ Սպառազինութիւնը Կը Համալրէ

Հայաստանի Բանակը Յենակէտերը Կ՛ամրապնդէ Եւ Սպառազինութիւնը Կը Համալրէ

27 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՇՏՊԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

2019 թուականի ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արտակ Դաւթեան յայտնեց, որ Հայաստանի զինուած ուժերը վերջին ամիսներուն ընթացքին մեծ աշխատանք կատարած են յենակէտերու ամրապնդման, ուղիներու ցանցերը ընդարձակելու ու զարգացման ուղղութեամբ, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ կրճատել ժամանակը զօրքերու տեղաշարժին համար:

«Կարգ մը վայրերու մէջ կատարուած տեղաշարժերուն բերումով իրականացան յենակէտերու առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու քայլերը, որոնց շնորհիւ որոշակի յենակէտերու զինուորական ծառայողներ ծառայութիւն կը կատարեն մէկ կէտէ` աւելի մեծ ուժերով», յայտնեց Դաւթեան:

Ան տեղեկացուց, որ Նախիջեւանի ուղղութեամբ Հայաստանի զինուած ուժերը նախորդ տարի ունեցան սպառազինութեան, ռազմական համակարգի որոշ նմուշներու յաւելում: «Ասիկա մեզի կ՛արտօնէ ըսել, որ այս ուղղութեամբ մարտական յենակէտերու համակարգին մէջ մենք նահանջ չենք ունեցած, ունեցած ենք որոշ բարելաւում, որ մարտավարական բնոյթ կը կրէ», յայտնեց հրամանատարը:

Ան աւելցուց, որ, թէեւ Ազրպէյճան մեծ ջանքեր կը թափէ Թուրքիոյ հետ, որպէսզի ուժեղացնէ Նախիջեւանի համազօրային բանակը, բայց եւ այնպէս հայկական կողմը համապատասխան միջոցառումներու կը ձեռնարկէ` թոյլ չտալու հակառակորդին Նախիջեւանի կողմէ ունենալու սպառազինութեան գերակայութիւն:

Զօր. Արտակ Դաւթեան յայտնեց, որ Հայաստանի զինուած ուժերը պիտի շարունակեն սպառազինութիւն ձեռք բերել ռուսական «ՕՐՍԻՍ» զինագործական ընկերութենէն: «Սպառազինութեան մատակարարումներուն առնչուած կայ աւելի քան 80 համաձայնագիր, որոնց մէկ մասը երկարաժամկէտ է: Ընդհանուր հրամանատարութեան ծրագիրներուն մէջ փոփոխութիւններ չկան, եւ յաջորդ տարի եւս նախատեսուած են գնումներ «ՕՐՍԻՍ»-էն: Գնուած սպառազինութիւնը մեր մօտն է: Մնացած հարցերը իմ լիազօրութիւններէս դուրս են», նշեց Դաւթեան եւ աւելցուց, որ պայմանագիրներուն հիմնական մասը կնքուած է իշխանափոխութենէն ետք:

Խօսելով սպառազինութեան մատակարարման մասին` բանակի հրամանատարը շեշտեց, որ կործանիչներու մատակարարումներու մասին պայմանագիրը կնքուած է իշխանափոխութենէն ետք: Անդրադառնալով ՏՈՐ հակաօդային պաշտպանութեան զենիթահրթիռային համալիրի ձեռք բերման` Դաւթեան շեշտեց, որ ատիկա ե՛ւ նախկին, ե՛ւ նոր իշխանութիւններու աշխատանքին արդիւնք է` աւելցնելով, որ որոշումը կար, սակայն սառեցուած էր:

Անդրադառնալով «Էս-400»-ներու գնման կարելիութիւններուն` զօր. Արտակ Դաւթեան ըսաւ, որ ներկայիս այդ հարցը չի քննարկուիր տակաւին: «Հեռահար սպառազինութեան այլ տեսակներու գնման վերաբերող որոշ քայլերու նախաձեռնուած է, բայց համաձայնագիրներ առայժմ չեն կնքուած: Կը նախատեսենք, որ 2022-23 թուականներուն սպառազինութիւնը կը հասնի Հայաստան», տեղեկացուց զօրավարը:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/459197

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail