Ռուսական Ուժերը Տեղակայուած Են Հասաքէի Գիւղերէն Մէկուն Մէջ, Ուր Նախապէս Կային Ամերիկեան Ուժեր

Ռուսական Ուժերը Տեղակայուած Են Հասաքէի Գիւղերէն Մէկուն Մէջ, Ուր Նախապէս Կային Ամերիկեան Ուժեր

27 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ռուսական զինուորական ոստիկանութիւնը Հասաքէ քաղաքի հիւսիսը գտնուող Թալ Սաման գիւղին մէջ տեղակայուած են` այն դիրքերու վրայ, որոնք նախապէս կը գտնուէին ամերիկեան ուժերու վերահսկողութեան տակ: Շրջանը ռազմավարական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ կը գտնուի Հասաքան երկիրի կեդրոնին ու հիւսիսին կապող խաչմերուկի վրայ:

Ռուսական լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ Թալ Սաման գիւղը 26 քիլոմեթր հեռու է Ռաքքայէն, որ ազատագրուելէ առաջ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումի կեդրոնն էր:

«Սուրիական կառավարութիւնը նախապէս յայտնած էր, թէ զինեալները այս ճամբուն միջոցով զէնք կը փոխադրէին, երբ այդ կէտը տակաւին ամերիկեան ուժերու վերահսկողութեան տակ էր», աւելցուց «ՌԻԱ Նովոսթի»:

Ռուսական լրատու գործակալութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ ամերիկեան ուժերը քանի մը օր առաջ գրաւած են շէնք մը, որ նախապէս դպրոց էր:

Un charnier de victimes arméniennes du génocide dans le village de Sheyxalan (Turquie), en 1915. (ARMENIAN GENOCIDE MUSEUM / AFP)

aztagdaily.com/archives/459215

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail