«Թուրքիա Զինեալ Ահաբեկիչները Թունուզի Ճամբով Լիպիա Կը Փոխադրէ» Կ՛ըսէ Միսմարի

«Թուրքիա Զինեալ Ահաբեկիչները Թունուզի Ճամբով Լիպիա Կը Փոխադրէ» Կ՛ըսէ Միսմարի

27 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.-ГЕНОЦИД АРМЯН – ОТРИЦАНИЕ – ПОСЛЕДНИЙ ДЕЙСТВИЕ ГЕНОЦИДА

Զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած Լիպիական ազգային բանակի բանբեր Ահմատ Միսմարի յայտարարեց. «Թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ եւ Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորումներու անդամները Սուրիայէն Լիպիա կը փոխադրէ»:

«Այս հարցը շատ վտանգաւոր է, որովհետեւ այդ նպատակով կ՛օգտագործուի Թունուզի օդակայաններէն մէկը` Ժարպայի օդակայանը: Ահաբեկչական խմբաւորումները էջք կը կատարեն Թունուզ, ապա կը փոխադրուին Լիպիա: Միսրաթայի, Զաուարայի եւ Մուաայթաքայի օդակայանները մեծաթիւ ահաբեկիչներ հիւրընկալեցին», նշեց ան:

«Թունուզի նախկին խորհրդարանը իր նիստերէն մէկուն ընթացքին այդ մասին խօսեցաւ իսկ թունուզցի քաղաքագէտներ թիւերով անդրադարձան այս երեւոյթին: Թունուզեան պետութիւնը Իսլամ եղբայրներ միջազգային կազմակերպութեան պատկանող Նահտա կուսակցութեան վերահսկողութեան տակ է, եւ անոնք է, որ պետութիւնը կը կառավարեն», աւելցուց Միսմարի:

«Մայատին» կայանը երեքշաբթի օր հաղորդած էր, թէ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ իրեն համակիր զինեալ խմբաւորումներէն պահանջած է պատրաստել զինեալներու ցանկ մը` զանոնք Լիպիա փոխադրելու համար:

Միւս կողմէ` Թուրքիոյ «Ռեսմի կազեթէ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան վաւերացուցած է Թուրքիոյ եւ Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան միջեւ զինուորական գործակցութեան վերաբերեալ յուշագիրը:

Այսպիսով` նշեալ փաստաթուղթը Թուրքիոյ կողմէ վերջնականապէս վաւերացուած է:

Յուշագիրը նախապէս վաւերացուած էր Թուրքիոյ խորհրդարանին եւ Թուրքիոյ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ:

Թուրքիոյ եւ Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան միջեւ զինուորական գործակցութեան վերաբերեալ համաձայնագիրը ստորագրուած էր 28 նոյեմբերին, Պոլսոյ մէջ: Ատիկա կը նախատեսէ զինուորներու վերապատրաստում եւ ուսուցում, իրաւական ենթահողի ձեւաւորում, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու զինուորներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդում:

Երկու կողմերուն միջեւ ստորագրուած էր նաեւ ծովային սահմաններու վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիր մը, որ արժանացած է Յունաստանի կտրուկ արձագանգին:

Լիպիոյ մէջ կը տիրէ երկիշխանութիւն` արեւելքի մէջ կ՛իշխէ ընտրուած խորհրդարանը, իսկ մայրաքաղաք Թրիփոլիի, այսինքն` արեւմուտքի մէջ` ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ կազմուած Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը: Երկիրի արեւելեան հատուածի իշխանութիւնները կը գործեն Թրիփոլիէն անկախ եւ կը համագործակցին Լիպիական ազգային բանակին հետ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց. «Թունուզի հետ համաձայնութիւն գոյացուցի Լիպիոյ մէջ Սարաժի կառավարութեան աջակցելու»` աւելցնելով, որ Անգարան պիտի ընդունի Լիպիա ուժեր ուղարկելու Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան հրաւէրը եւ յառաջիկայ ամիս համապատասխան օրինագիծ մը պիտի ներկայացնէ խորհրդարանին, երբ յառաջիկայ ամիս վերսկսի իր նիստերուն:

«Լիպիան օսմանցիներուն եւ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքին կողմէ մեր հոգատարութեան կտակուած է», ըսաւ Էրտողան` նշելով, որ իրենք ամէն տեսակի աջակցութիւն պիտի տրամադրեն Թրիփոլիի կառավարութեան` ընդդէմ «յեղաշրջական» Հաֆթարի, որ կը վայելէ տարբեր երկիրներու, ներառեալ` արաբական, աջակցութիւնը:

Նշենք, որ Էրտողան մէկ օր առաջ անակնկալօրէն այցելած էր Թունուզ:

Քրեմլին երէկ յայտարարեց. «Երրորդ երկիրի մը կողմէ Լիպիոյ ներքին հարցերուն որեւէ միջամտութիւն պիտի վնասէ լուծումին»:

Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահը իր կարգին նշեց. «Լիպիական հարցերուն թրքական միջամտութիւնը կրնայ վատագոյն ընտրանքը ըլլալ»:

Լիպիական Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ներքին գործոց նախարարը երէկ յայտարարեց. «Թուրքիոյ, Թունուզի եւ Ալճերիոյ հետ մէկ դաշինքի մէջ պիտի ըլլանք»:

ARMENIAN GENOCIDE – DENIAL IS THE LAST ACT OF A GENOCIDE

aztagdaily.com/archives/459227

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail