Ֆրանսան Աւարտած Է Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրի Վաւերացման Հոլովոյթը

Ֆրանսան Աւարտած Է Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրի Վաւերացման Հոլովոյթը

28 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Ֆրանսան աւարտած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման հոլովոյթը:

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն ստորագրած է համաձայնագիրի վաւերացումը թոյլատրող թիւ 2019-1447 օրէնքը:

Համաձայնագիրը Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած է 24 նոյեմբեր 2017-ին: Անիկա ապրիլ 2018-ին միաձայնութեամբ վաւերացուած է Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ: 1 յունիս 2018-ին սկսած է համաձայնագիրի ժամանակաւոր կիրարկումը:

Եւրոպական Միութեան անդամ 28 պետութիւններէն փաստաթուղթը արդէն վաւերացուցած են 20-ը: Քանի մը երկիրներու մէջ վաւերացման հոլովոյթը կը մօտենայ աւարտին:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/459342

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail