Կազի Վերաբերեալ Փոխադարձ Պահանջներէն Հրաժարելու Շուրջ Ռուս-Ուքրանական Համաձայնութիւն
28 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ռուսիա եւ Ուքրանիա համաձայնութիւն գոյացուցած են 1 յունուար 2020-էն սկսեալ զերոյի վերածելու փոխադարձ պահանջերը եւ ջնջելու դատական հայցերու հիմամբ սեփականութիւններու վրայ դրուած կալանքը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաք:
«Համաձայնած ենք, որ 1 յունուարէն կը ջնջուին բոլոր փոխադարձ պահանջները, պիտի վերցուին սեփականութիւններու կալանքները, որոնք դրուած են դատական հայցերու հիման վրայ կայացած որոշումները նկատի ունենալով», նշած է Նովաք:
Վերջնական որոշում չունեցող դատական հայցերէն հրաժարման համաձայնութիւնը դարձած է մէկ մասը կազի ոլորտին մէջ համագործակցութեան արձանագրութեան, որ Ռուսիան ու Ուքրանիան ստորագրած են 20 դեկտեմբերին:
Փաստաթուղթին համաձայն, «Կազփրոմ»-ը կազի տարանցման համար համաձայնագիր պիտի կնքէ ուքրանական կողմին հետ, իսկ «Նաւթակազ»-ի հետ պիտի կնքուի համաձայնագիր` կազի փոխադրման համար հզօրութիւններու ամրագրման վերաբերեալ:
Կ՛ենթադրուի, որ յաջորդ տարի պիտի ամրագրուի 65 միլիառ խորանարդ մեթր կազի տարանցման համար, իսկ 2021-2024 թուականներուն` 40 միլիառ խորանարդ մեթրի համար` ստեղծելով մրցակցային սակագին:
Ինչ կը վերաբերի իրաւաբանական տարակարծութիւններու լուծման, «Կազփրոմ»-ը համաձայնած է «Նաւթկազ»-ին վճարել 2,9 միլիառ տոլար` համաձայն Սթոքհոլմի իրաւարարական դատարանին արդէն իսկ տուած որոշումին, իսկ ուքրանական կառավարութիւնը պէտք է «Կազփրոմ»-ի հետ կնքէ հաշտութեան համաձայնագիր` 7,4 միլիառ տոլարի հակամենաշնորհային պահանջներէն հրաժարելու մասին:
aztagdaily.com/archives/459367