
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Նշմար. Թրքամէտ Եւ Հակաթուրք Ուժերու Հակամարտութիւնը
28 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ: ««Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետությունը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ՝ ԱՄՆ 28–րդ նախագահ Վուդրո Վիլսոնի 1920 թ. նոյեմբերի 22–ին կայացրած Իրավարար վճիռը կյանքի կոչելու եւ իրականացնելու վերաբերյալ»»

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Լուսարձակները Սուրիայէն կը տեղափոխուին Լիպիա: Արդարեւ, Ռուսիոյ աջակցութիւնը վայելող Սուրիոյ բանակը յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ եւ, ըստ էմիրաթական «Խալիժ» օրաթերթին, Իտլիպի ազատագրման գործողութեան շղթայազերծման առաջին չորս օրերուն ընթացքին յաջողած է ազատագրել աւելի քան 40 գիւղեր ու գիւղաքաղաքներ` շուրջ 320 քառակուսի քիլոմեթր տարածք մը:
Թուրքիան, Իտլիպի մէջ իրեն համար ոչ բարենպաստ եղող այդ զարգացումին լոյսին տակ, սկսած է թրքամէտ զինեալներն ու ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի անդամ ահաբեկիչները Թունուզի ճամբով տեղափոխել Լիպիա, որովհետեւ, ըստ երեւոյթին, համոզուած է, թէ Իտլիպի հարցը կորսուած դատ մըն է: Առ այդ, կը նախընտրէ կեդրոնանալ փրկութեան վրայ Լիպիոյ մէջ իր հսկայական ներդրումներուն, որոնք վտանգուած են նոյնինքն Ռուսիոյ, Էրտողանի գաղափարակից Մուրսիի իշխանութիւնը տապալած եգիպտական նոր վարչակարգի, այդ յեղաշրջման աջակիցներ Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի եւ Յունաստանի աջակցութիւնը վայելող Լիպիոյ Ազգային բանակի հրամանատար զօր. Խալիֆա Հաֆթարի կողմէ:
Թուրքիան Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան հետ իր կնքած ծովային սահմանագծումի եւ զինուորական յուշագիրներու ճամբով կը փորձէ վերականգնել Միջերկրական ծովու վրայ Օսմանեան կայսրութեան վերահսկողութիւնը: Ան Լիպիան որակեց «օսմանցիներու եւ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքին կողմէ մեր հոգատարութեան կտակուած» տարածք մը` խոստանալով անոր ամէն տեսակի աջակցութիւն տրամադրել ընդդէմ «յեղաշրջական» Հաֆթարի, որ կը վայելէ «յեղաշրջական» Սիսիի եւ անոր կատարած յեղաշրջման աջակցած արաբական երկիրներու աջակցութիւնը:
Ուստի, զարմանալի չէ, որ այս նոր հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ դաշնակիցները ըլլան Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գաղափարակից Նահտա կուսակցութեան կողմէ ղեկավարուող Թունուզը, ինչպէս նաեւ Ալճերիան, Քաթարը, Իտալիան եւ Անգարայի դաշնակից Օմար Պաշիրի իշխանութեան օրերուն Սուտանի Տարֆուր շրջանին մէջ ցեղասպանութեան մասնակից դարձած սուտանցի վարձկաններ:
Լիպիոյ հակամարտութեան մէջ ամէն բան յստակ է. պայքարը թրքամէտ եւ հակաթուրք ճակատներու միջեւ է: Հետաքրքրական է դիրքորոշումը, Միացեալ Նահանգներու, որոնք Ճոն Պոլթընի պաշտօնավարման օրերուն կը զօրակցէին Հաֆթարի, սակայն անոր պաշտօնազրկումէն ետք Լիպիոյ թղթածրարը վստահած է երկիրի արտաքին գործոց նախարարութեան, որ նեցուկ է տագնապը երկխօսութեան ճամբով լուծելու:
Մէկ կողմէ գոյութիւն ունի Հաֆթարի Ռուսիոյ աջակցութիւնը վայելելու իրողութիւնը, իսկ միւս կողմէ` թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու լարուածութեան ու Իսրայէլի Թուրքիա-Լիպիա յուշագիրին դէմ ըլլալու իրողութիւնները: Կը մնայ տեսնել, թէ այդ ազդակներէն ո՞ր մէկը աւելի ծանր պիտի կշռէ եւ կարողանայ իր կողմը շրջել Միացեալ Նահանգներու չէզոքութիւն յուշող այժմու հաւասարակշռուած կեցուածքը:

aztagdaily.com/archives/459168





