Վանաձորի Մէջ Կանգնեցուած է Զօրավար Անդրանիկի Առաջին Պրոնզաձոյլ Յուշարձանը
28 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ – ՄՇԱԿՈՅԹ:
Համաժողովրդական նուիրատւութիւններով, «Ինտերկապ» բարեգործական կեդրոն ՀԿ-ի նախաձեռնութեամբ եւ Վանաձորի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ, Վանաձորի մէջ կանգնեցուած է զօրավար Անդրանիկի առաջին պրոնզաձոյլ յուշարձանը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեան նշած է, որ հայ հաւատացեալ ժողովուրդին համար զօրավարի կերպարը կ՝ընկալուի իբրեւ քաջութեան, իմաստութեան եւ հայրենապաշտութեան խորհրդանիշ: «Ան զօրավար է ողջ էութեամբ, որ մշտապէս կը փայլատակէ հայոց ազատագրական պայքարի պատմութեան էջերուն մէջ: Սերունդներ կրթուած ու ոգեշնչուած են անոր յաղթանակներով: Անոր ազգային նկարագիրը համախմբած ու նորանոր պայքարներու, յաղթանակներու առաջնորդած է քաջարի հայորդիները»,- ըսած է առաջնորդը:
Անոր խօսքով` հայկական իւրաքանչիւր օճախի մէջ տիրոջ` երկնաւոր փրկիչի՝ Քրիստոսի պատկերէն զատ մշտապէս պահպանուած է զօրավարի պատկերը, իբրեւ հայրենեաց փրկիչի, իբրեւ քաջ զօրավարի, իբրեւ հայդուկապետի, քանզի անիկա զօրութիւն կը հաղորդէ, քանզի անիկա օգնած է եւ պիտի օգնէ մեզի, որպէսզի չշեղինք մեր ինքնութենէն, որուն հոգեւոր հիմքերը դրած են սուրբ Վարդանանք, սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը եւ Սահակ Պարթեւը:
Քանդակի հեղինակ Գեղամ Բէգջանեան, իր հերթին, խոստովանած է, որ երբ իրեն առաջարկած են ձուլել արձանը, մեծ ոգեւորութիւն ապրած է:
«Անչափ շնորհակալ եմ Նախաձեռնող խումբի բոլոր անդամներէն վստահութեան համար: Անոնք շատ օգնեցին պատմական գրականութեամբ, որ օգնեց ինծի խորապէս ճանչնալու զօրավարի կերպարը: Գաղափարը իրականացնելու համար շուրջ մէկ տարի չարչարուեցայ, որ գոյութիւն ունեցող դասական արձաններէն տարբերի, ընկալուի իբրեւ մեծ հայու յաղթանակող կերպարն ու գաղափարը: Անդրանիկը հայոց սրբազան հողի ու ժայռերու ծնունդ է: Թուրը պատեանէն կէս չափով հանած վիճակը արդէն պատգամ է` ներկայ ու գալիք սերունդներուն, որ զօրավարի գործը կիսատ չձգեն եւ ազատագրեն մեր հայրենական տարածքները: Շատ ուրախ եմ, որ արձանը լաւ ընդունուեցաւ հանրութեան մեծամասնութեան կողմէն, ատիկա կը պարտաւորեցնէ եւ կ՝ոգեւորէ զիս՝ ստեղծելու նոր գործեր»,-անկեղծօրէն նշած է ան:
yerakouyn.com/2019/12/27/վանաձորի-մէջ-կանգնեցուած-է-զօրավար-ան/