Ցուցարարները Թուրքիոյ նախագահը նկատեցին ահաբեկիչ եւ գող` ընդգծելով, որ անոր «օսմանական փառքի վերականգնման պատրանքները պիտի քանդուին Թրիփոլիի պարիսպներուն վրայ»

«Լիպիան Այլ Սուրիոյ Մը Վերածել Ուզող Մը Գոյութիւն Ունի» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

30 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում»»

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Թահա Սայալէ պահանջեց «Հաֆթարի ոճիրները եւ զանոնք գործողները պատժելու» համար անհրաժեշտ քայլերը որդեգրելու:

Միջազգային քրէական դատարանի ընդհանուր դատախազին ուղղուած իր նամակին մէջ Սայալէ Հաֆթարի Թրիփոլիի դէմ յարձակումը նկատեց բարբարոսական:

Ան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ուղղուած այլ նամակի մը մէջ դատապարտեց «քաղաքայիններուն դէմ գործուած ոճիրներուն դիմաց Ապահովութեան խորհուրդին անզօրութիւնը»` տեղի ունեցածը նկատելով «օրինականութեան դէմ յեղաշրջում»:

Ըստ զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած Լիպիական ազգային բանակին, իրենց ուժերը հազիւ 300 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի գլխաւոր թաղամասերէն:

Ազգային համաձայնական կառավարութիւնը կը հերքէ այդ լուրը` պնդելով, թէ իր ուժերը կը շարունակեն մնալ Թրիփոլիի տարբեր շրջաններուն մէջ գտնուող իրենց դիրքերուն վրայ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց. «Լիպիան այլ Սուրիոյ մը վերածել ուզող մը գոյութիւն ունի»:

Ան շեշտեց, որ եթէ ատիկա իրականանայ, ապա կարգը շրջանի մնացեալ երկիրներուն պիտի գայ:

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան աղբիւրները յայտնեցին, որ Թրիփոլիի դիմումին հիմամբ` Լիպիա թրքական ուժեր ուղարկելու լիազօրութեան պարգեւման հարցը պիտի քննարկուի հինգշաբթի օր:

Իտալիոյ վարչապետ Ժոզեփէ Քոնթի յայտնեց, որ Լիպիոյ հարցը քննարկած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, եւ բոլորը պահանջած են լիպիական տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնել:

Ան աւելցուց, որ Էրտողանին կոչ ուղղած է «գետնի վրայ զինուորապէս միջամտելէ առաջ լաւ մտածելու, որովհետեւ այդ միջամտութիւնը պիտի չնպաստէ գետնի վրայ ուժերու հաւասարակշռութեան վերականգնման, այլ ընդհակառակն` զինուորական անհաւատալի մագլցումի առիթ պիտի ընծայէ»:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեց «լիպիական տագնապի լուծման դիւանագիտական ջանքերը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը»:

Մինչ այդ, տասնեակներով թունուզցի քաղաքագէտներ, հասարակական ընկերութեան ու սենտիքաներու անդամներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Թունուզի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ` դատապարտելով «արաբական հարցերուն մէջ Թուրքիոյ լկտի միջամտութեան» դէմ:

Ցուցարարները Թուրքիոյ նախագահը նկատեցին ահաբեկիչ եւ գող` ընդգծելով, որ անոր «օսմանական փառքի վերականգնման պատրանքները պիտի քանդուին Թրիփոլիի պարիսպներուն վրայ»:

Անոնք շեշտեցին, որ կտրուկ կերպով կը մերժեն, որ Թունուզը «լիպիացի ժողովուրդին դէմ յարձակումի հարթակ» ըլլայ:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/459546

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail