Քերքուքի Մէջ Ամերիկացի Եւ Իրաքցի Սպաներու Միջեւ Ժողով. Իրաքի Նախագահը Վերադարձած Է Պաղտատ
30 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: «««Դ Ի Մ Ո Ւ Մ ՄԱԿ-ին- Արեւմտյան Հայաստանի եւ Կիլիկիայի տարածքների ապառազմականացման, այնտեղից Թուրքիայի Հանրապետության բռնազավթիչ ուժերը դուրս բերելու վերաբերյալ»»»
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Քերքուքի մէջ գտնուող «Քէյ Ուան» ռազմակայանին մէջ ժողով մը գումարուած է ամերիկացի եւ իրաքցի սպաներու միջեւ, ինչպէս նաեւ գոյութիւն ունին տեղեկութիւններ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ շատ կարճատեւ այցելութիւն մը տուած է Իրաքի մէջ ամերիկեան ռազմակայան մը:
Մինչ այդ, Մուսուլի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Քատըր գաւառի Մախազեն շրջանին մէջ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան շիիական աշխարհազօրի եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ: Իրաքեան ռմբաձիգներ ռմբակոծած են ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը եւ սպաննած ահաբեկչական խմբաւորման 6 անդամներ:
Միւս կողմէ, լաւատեղեակ աղբիւրներ «Մայատին»-ին յայտնած են, որ Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալեհ երկու օր Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի Սուլէյմանիէ քաղաք մնալէ ետք ներկայիս կը գտնուի Պաղտատ:
Սալեհ, որ քանի մը օր առաջ իր հրաժարականը դրած էր խորհրդարանի տրամադրութեան տակ, Սուլէյմանիէ այցելելով ուզած է իր դժգոհութիւնը արտայայտել քաղաքական հոլովոյթին նկատմամբ:
Ասայէպ Ահլ Հաք շարժումի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Քայս Խազաալի հակադարձելով նախագահ Սալեհի քայլին քաղաքական պլոքներուն կոչ ուղղեց Իրաքի նախագահին դէմ դատական հայց ներկայացնելու` «սահմանադրութեան դաւաճանելուն» համար:
Ան ըսաւ, թէ գոյութիւն ունի մէկը, որ շիիական աշխարհազօրը լուծարելու, «Դարու գործարք»-ը որդեգրելու եւ պաղեստինցիները Իրաքի մէջ բնակեցնելու համար վարչապետ կ՛ուզէ:
Միւս կողմէ, ամերիկայի պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ ամերիկեան բանակը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ իրաքեան Հըզպալլայի փաղանգներ խմբաւորման դէմ գործադրած է «պաշտպանական հարուածներ», որոնք ներառած են 5 կառոյցներ, որոնց շարքին` զէնքերու պահեստանոցներ ու մարտական ղեկավարման դիրքեր:
aztagdaily.com/archives/459538