Յ. ՊԱԼԵԱՆ – Հայ Մամուլին Հետ. Դեր Եւ Որակի Պաշտպանութիւն – Յ. ՊԱԼԵԱՆ – Հայ Մամուլին Հետ. Դեր Եւ Որակի Պաշտպանութիւն

Գրեցէ՛ք հակիրճ եւ պիտի կարդացուիք, գրեցէ՛ք յստակ եւ պիտի հասկցուիք, գրեցէ՛ք պատկերաւոր եւ պիտի յիշուիք: Ժոզեֆ Փուլիցեր

Յ. ՊԱԼԵԱՆ – Հայ Մամուլին Հետ. Դեր Եւ Որակի Պաշտպանութիւն – Յ. ՊԱԼԵԱՆ – Հայ Մամուլին Հետ. Դեր Եւ Որակի Պաշտպանութիւն

31 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Գրեցէ՛ք հակիրճ եւ պիտի կարդացուիք, գրեցէ՛ք
յստակ եւ պիտի հասկցուիք,
գրեցէ՛ք պատկերաւոր եւ պիտի յիշուիք:

Ժոզեֆ Փուլիցեր

Երբ մամուլը, իր բոլոր արտայայտութիւններով, ինքզինք կը շփոթէ ծանուցումի եւ քարոզչութեան հետ, կ’անբարոյանայ, ընթերցողը, լսողը եւ դիտողը կը համարէ միջոց, առարկայ, որուն հետ կրնայ ըստ կամս վարուիլ, կը դաւաճանէ իր առաքելութեան եւ կը կորսնցնէ իր որակը:

Մամուլին առաջնահերթ պարտականութիւնն է առարկայականօրէն լուր տալ, տեղեկացնել, որ պէտք է ըլլայ լուր, այդքա՛ն, եւ չհպատակի նախասիրութիւններու: Կրնանք սիրել կամ չսիրել նախագահը, վարչապետը, երաժիշտը, մարզիկը, բայց անոնց մասին տրուած լուրը, Փարիզ թէ Շանկհայ, Ուաշինկթըն թէ Գահիրէ, Պաքու թէ Երեւան, նախ պէտք է ըլլայ չոր լուր: Ապա միայն հրապարակագիրը, մեկնաբանը, թեր կամ դէմ կուսակցականը, արուեստի իրազեկը, կրնան յայտնել իրենց կարծիքը, գնահատել կամ քննադատել: Քննադատել կամ գովերգել` առանց զեղծարարութեան: Առանց այս կամ այն անհատի կամ կազմակերպութեան մեքենական խօսափողը ըլլալու, որ լրագրողին կամ հրապարակագրին ստրկացումն է, ստորնացումը:

Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի վրայ հիւլէական ռումբ նետուած է, այսինչ օրը, այնինչ ժամուն, այսքան մահ կայ եւ այսքան վիրաւոր: Այս լուր է: Ապա միայն հրապարակագիրը, բարեկամ կամ թշնամի, քաղաքական եւ զինուորական հարցերու մեկնաբան, կը յայտնեն իրենց թեր կամ դէմ կարծիքները: Ճիշդ է, որ լուրի ընտրութիւնը, անոր տրուած տեղը եւ ծաւալը արդէն որոշ չափով անխուսափելի կողմնակալութիւն կ’ենթադրեն, բայց առնուազն լուրի խօսքին եւ տողին մէջ կարծիք եւ մեկնաբանութիւն պէտք չէ մտնեն: Այս առաքինութիւնն է անկախ մամուլին եւ իր ազատութեան նախանձախնդիր լրագրողին:

Այսինքն մամուլը, միշտ` իր բոլոր ձեւերով, ճշմարտութեան եւ լուսաբանութեան միջոց է, ոչ` զանազան շահախնդրութիւններու ծառայ: Թերթը գնողը կամ հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի ունկնդիրը լրատուամիջոցի գերին չեն:

Այս` ընդհանրապէս:

Ճիշդ է, որ բոլոր երկիրներու մէջ ալ կան առաւել կամ նուազ չափով ստրկացուած թերթեր, ձայնասփիւռներ, հեռատեսիլ: Կան նաեւ թերթեր եւ լրագրողներ, որոնք քաջաբար հանրութեան առջեւ կը փռեն լաւ կամ վատ ճշմարտութիւնը եւ չեն բանտարկուիր տիրոջ ձայնը կրկնելու թատրոնի խաղին մէջ, որ բացորոշ արհամարհանք է քաղաքացիին եւ մարդուն նկատմամբ, քանի որ ինքզինքին կու տայ անոր տեղ մտածելու իրաւունք:

Հայաստան եւ սփիւռքի հայաշխարհին մէջ ալ կան այս փորձութիւնները, հետեւանք` մեր ներազգային հոսանքներուն, պատմական եւ ներկայի իրադարձութիւններուն,տարակարծութիւններուն եւ հակամարտութիւններուն: Հայ կեանքի մէջ, Հայաստան եւ սփիւռք, շատ դժուար է լիակատար առարկայականութիւն ունենալ, գերանցել ընդունուած եւ քարացած կարծիքները, բայց լրագրողէն եւ հրապարակագիրէն, որոնք քիչ մը աւելին են ընթերցողէն, կամ պէտք է ըլլան, կոչման եւ ասպարէզի պարկեշտութիւնը աւելի իսկական լուսաբանութիւն կը թելադրեն:

Տեւաբար կրկնել, որ այս կողմը իրաւունք ունի, ճիշդ է, միւս կողմը սխալած է եւ անճիշդ, կը խախտէ վստահութիւնը, քաղաքացին ու ընթերցողը կը տարուին մտածելու, որ ըսուածները կողմնակալութիւն են: Այս յոռեգոյն դատումն է լրատուամիջոցի մը բարոյականին դէմ: Այս կարգի խախտումները յաճախադէպ են, երբ լրագրողը եւ հրապարակագիրը սիրողական են (amateur) եւ չունին բարոյականութիւն եւ մտաւորականի մակարդակ, պատրաստութիւն, մանաւանդ` առաքինութիւն (միշտ մտածել այս բառի հռոմէական իմաստով, հոգեկան ուժ, virtus): Այսինքն ինչպէս բժիշկը, լրագրողը եւ հրապարակագիրը պէտք է հպատակին ասպարէզի պարտաբանութեան (déontologie) եւ տուրք չտան, իրենց հոգին ծախելով:

Մեր իրականութեան մէջ, Հայաստան եւ սփիւռքներ, թերթը չբացած, ձայնասփիւռը կամ հեռատեսիլը չմիացուցած` գրեթէ գիտենք, թէ ի՛նչ եղանակով պիտի տրուին լուրերը, ո՛ր հունով պիտի ընթանան վերլուծումները: Կարծէք ընթերցողը կամ հեռատեսիլին առջեւ նստած քաղաքացին իրենց ունեցած համոզումներուն հաստատումը կըսպասեն: Իսկ լրագրողը այդ հաստատման կը ծառայէ:

Պարզ խօսքով, մամուլի աշխատաւորը գիտակցական բաւարար պարկեշտութիւն պէտք է ունենայ ընդունուած, պարտադրուած եւ ակնկալուած կարծիքներու խօսափողը չըլլալու: Ոչ միայն ինք ազատ պէտք է ըլլայ, այլ նաեւ անկաշկանդ եւ անկաշառ նեցուկը` տեղեկութիւններու ազատ շրջագայման, որպէսզի տարբերութիւնները արտայայտուին, եւ անոնց ընդմէջէն ճշարտութիւնը իր ճամբան գտնէ, քաղաքացիական գիտակցութիւնը զարգանայ:

Եւ կը հասնինք մամուլի բազմակարծութեան եւ ազատութեան հարցին: Ասկէ առաջ յաճախ խօսած եմ օտար թերթերու մասին, երբ նոյն թերթի էջերուն վրայ կը գտնենք իրարու հակադրուող քաղաքական գործիչներու եւ մտաւորականներու ստորագրութիւնները: Այս մտաւորական պարկեշտութիւնը համընդհանուր չէ: Հայ մամուլի պարագային, ան անհրաժեշտութիւն է, որպէսզի հանրութիւնը իրապէս լուսաբանուի եւ ներազգային-ներհամայնքային կեանքի մէջ իսկական երկխօութիւն հաստատուի:

Լրագրողը եւ հրապարակագիրը մարդ են` իրենց թերիներով եւ շնորհներով, ունին իրենց կարծիքները եւ բոլորովին զանց չեն կրնար ընել իրենց տպաւորութիւնները եւ համոզումները: Անոնք բիւրեղացած իտէալական անձեր չեն: Բայց այդ չի նշանակեր, որ կարելի չէ երկխօսութիւն հաստատել` օգտակար ըլլալու համար զանգուածին: Այս մասին երբ կը մտածենք, պէտք է զգուշանալ շփոթներէ: Ազատ մամուլ եւ չէզոք մամուլ նոյն բաները չեն: Առաջինը խօսքի ազատութեան բեմ է, որ կը հետապնդէ ճշմարտութեան յայտնաբերումը: Երկրորդը, եթէ կայ նման մամուլ, ծանուցումի բեմ է, մարդ չվշտացնելու համար նկարներու հանդէս, մանկապարտէզի եւ ճաշկերոյթներու:

Ազատ մամուլը այն է, որուն միջոցով լրագրող, հրապարակագիր, քաղաքական եւ հանրային գործիչ կրնան ազատաօրէն արտայայտուիլ առանց վերեւներու ճիշդը եւ սխալը, օգտակարը եւ վնասակարը որոշող ճնշումներուն:

2019-ին Արամ Ա. կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Մամուլի համահայկական խորհրդաժողով: Կ’ակնկալէի, որ աւարտին կը յառաջանայ մամուլի համահայկական խորհուրդ մը, ոչ թէ` հսկելու եւ ուղղութիւն տալու համար, այլ օգնելու, որպէսզի հայ մամուլը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) ունենայ ազգային որակ, դառնայ քաղաքական եւ մշակութային եւ երկխօսութեան բեմ, եւ մեր կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդի մը համար` հայերէնի մաքրութեան, տարածման եւ պաշտպանութեան գործիք:

Հաւանօրէն ժամանակը չէ եկած, եւ մենք հասունութիւնը չունինք նման մամուլի համահայկական խորհուրդ ստեղծելու: Արգիլուած չէ երբեմն այս մասին խօսիլ:

Սպասելով լաւը եւ դրականը, պարտք պէտք է համարենք հետեւիլ արդի լրագրութեան հիմնադիր ամերիկացի մեծ լրագրող Ժոզեֆ Փուլիցերի հետեւեալ միտքին. «Շնական, վարձկան եւ ամբոխավարական մամուլը ժամանակի ընթացքին պիտի արտադրէ իրմէ ստոր ժողովուրդ մը»:

26 դեկտեմբեր 2019, Նուազի-լը-Կրան

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

aztagdaily.com/archives/459444

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail