Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ «Հըզպալլայի Փաղանգներ»-ու Դէմ Հարուածներէն Ետք. «Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Են Իրանի Դէմ Լրացուցիչ Գործողութիւններու» Կ՛ըսէ Էսփըր

Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ «Հըզպալլայի Փաղանգներ»-ու Դէմ Հարուածներէն Ետք. «Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Են Իրանի Դէմ Լրացուցիչ Գործողութիւններու» Կ՛ըսէ Էսփըր

31 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Հասունացել է Հայոց ցեղասպանության համար հատուցման ժամանակը»»

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր, մեկնաբանելով Իրաքի եւ Սուրիոյ տարածքին «Հըզպալլայի փաղանգներ» իրաքեան շարժումին դէմ կատարուած օդային հարուածները, նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ է Իրանի դէմ լրացուցիչ գործողութիւններու: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Փենթակոնէն նախապէս յայտարարած էին, որ Միացեալ Նահանգներ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ հարուածներ հասցուցած է «Հըզպալլայի փաղանգներ» շարժումի 5 թիրախներու` ի պատասխան «Իրաքի ռազմակայաններու ուղղութեամբ կրկնուող յարձակումներու»: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն բացատրած էին, որ իրենց գործողութիւններով պատասխանած են Քերքուքի մօտ գտնուող իրաքեան ռազմակայանի ուղղութեամբ շարժումի յարձակումներուն, որոնց պատճառով Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի մը սպաննուած էր եւ վիրաւորուած ամերիկացի 4 զինուորներ: Փենթակոնէն նշած են, որ այդ հարուածները ուղղած են, որպէսզի նուազեցնեն նշեալ շարժումին կողմէ հետագային Միջազգային դաշինքի ուժերուն դէմ կատարուելիք յարձակումներուն հաւանականութիւնը:

Փենթակոնի ղեկավար Էսփըր յայտարարեց. «Հարուածները յաջող էին: Ես կ՛ուզէի աւելցնել, որ այսօր նախագահին հետ մեր զրոյցի ընթացքին քննարկած ենք նաեւ այլ հասանելի տարբերակներ: Եւ ես նաեւ կ՛ուզէի նշել, որ անհրաժեշտութեան պարագային մենք լրացուցիչ գործողութիւններու պիտի նախաձեռնենք ինքնապաշտպանութեան նպատակով եւ զինուորական խմբաւորումներու կամ Իրանի կողմէ վատ գործողութիւնները վերացնելու համար»:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը յայտնեց, որ հարուածները հասցնելու համար օգտագործուած են «Էֆ-15 Սթրայք Իկըլ» կործանիչ-ռմբաձիգներ: Թիրախներէն երեքը կը գտնուէին Իրաքի արեւմուտքը, իսկ երկուքը` Սուրիոյ արեւելքը:

Փենթակոնի ղեկավարը, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու սպայակոյտերու պետերու միացեալ յանձնախումբի նախագահ Մարք Մելին մեկնած էին Ֆլորիտա, որպէսզի նախագահ Տանըլտ Թրամփը տեղեակ պահեն «Հըզպալլայի փաղանգներ» շարժումի թիրախներուն դէմ հասցուած հարուածներուն մասին:

Ռուսիոյ Եւ Իրանի Կեցուածքները

Քրեմլին հաղորդեց, որ Ուաշինկթըն Մոսկուան տեղեակ չէ պահած Անպարի եւ Սուրիոյ մէջ իրաքեան Հըզպալլայի դէմ կատարուած հարուածներէն, սակայն աւելցուց. «Մոսկուա ահաբեկչութեան դէմ պայքարի որեւէ քայլ ողջունելի կը նկատէ, ինչպէս նաեւ ժխտական կը գնահատէ որեւէ քայլ, որ կրնայ կայունութեան քայքայման առաջնորդել»:

Սակայն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր իրանցի պաշտօնակից Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց. «Կը տեսնենք, թէ մեր արեւմուտքցի գործընկերներէն ոմանք կը փորձեն արհեստական կերպով հրահրել կացութիւնը: Եւ Ռուսիան ու Իրանը դէմ են այդպիսի փորձերուն եւ կ՛առաջարկեն այս կարեւոր շրջանին մէջ հաստատել հաւասար, փոխադարձաբար շահաւէտ գործակցութիւն»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի ուշ արեւմտեան Իրաքի եւ արեւելեան Սուրիոյ մէջ ամերիկեան հարուածները նկատեց անընդունելի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Իրաքի մէջ ժողովրդային աշխարհազօրին դէմ ամերիկեան յարձակումները` զանոնք նկատելով «ահաբեկչութեան ակներեւ ապացոյց մը»` Ուաշինկթընին կոչ ուղղելով յարգելու Իրաքի անկախութիւնն ու միասնութիւնը, դադրելու անոր ներքին հարցերուն միջամտելէ, «ստանձնելու Իրաքի մէջ ժողովրդային աշխարհազօրի դիրքերուն դէմ յարձակումներուն հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Իրաքեան հողերուն ու Ժողովրդային աշխարհազօրի դիրքերուն դէմ ամերիկեան յարձակումը ահաբեկչութեան ակներեւ փաստ է»:

Իրաքի «Հըզպալլայի փաղանգներ»-ը նշեցին. «Մենք պատրաստ վիճակի մէջ ենք, եւ Ամերիկայի հետ ճակատամարտը բաց է բոլոր կարելիութիւններուն եւ դիմակայման այլընտրանք գոյութիւն չունի»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բոլորին կոչ ուղղեց` յանձնառու մնալու ՄԱԿ-ի ուխտին ու միջազգային հիմնարար սկզբունքներուն եւ յարգելու Իրաքի ու Սուրիոյ անկախութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը:

Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց Իրաքեան զինեալ ուժերուն մաս կազմող շիիական աշխարհազօրի դիրքերուն դէմ ամերիկեան հարուածներուն, ողջունելով «բարեկամ Միացեալ Նահանգներու»` շրջանին մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ դնելու կարեւոր ռազմավարական դերակատարութիւնը: Նախարարութիւնը վերահաստատեց շրջանային ու միջազգային գետնի վրայ Միացեալ Նահանգներու բոլոր քայլերուն Մանամայի զօրակցութիւնը:

Իրաքի գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Ալի Սիսթանի դատապարտեց ամերիկեան յարձակումը, «որ թիրախ դարձուց իրաքեան պետական ուժերէն զինեալներու խումբ մը»` շեշտելով, որ պէտք է յարգել Իրաքի գերիշխանութիւնը եւ «զայն ապօրինի քայլերու հակադարձելու պատրուակով չխախտելու, եւ իրաքեան պաշտօնական իշխանութիւններն են, որ ամերիկեան յարձակումներուն հակադարձելու իրաւասութիւնը ունին»:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/459690

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail