ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԱԳԻՐ – Ապտուլ Ռահման Վեզիրովը 1988ի Յուլիսին Մոսկուայէն վերադարձաւ բարձր տրամադրութեամբ
10 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2019 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԱԳԻՐ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԱԳԻՐ – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
– ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ԱՆԻ ԿԵՆԴՐՈՆ:
ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն
Իններորդ գլուխ
Ապտուլ Ռահման Վեզիրովը 1988ի Յուլիսին Մոսկուայէն վերադարձաւ բարձր տրամադրութեամբ: 18 Յուլիսին տեղի ունեցած էր Խ. Ս. Հ. Մ.ի Գերագոյն Խորհուրդին նստաշրջանը, որու ընթացքին քննարկուած էր Ղարաբաղի հարցը: Վկայակոչելով սահմանադրութեան 78րդ յօդուածը, ըստ որուն` միութենական հանրապետութեան տարածքը չի կրնար փոփոխուիլ առանց անոր համաձայնութեան, Գերագոյն Խորհուրդը անհնար սեպեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմաններուն փոփոխումը:
ՙԲուռն բանավէճերն աւարտեցան Լ. Ղ. Ի. Մ.ի Մարզխորհուրդի միջնորդութեան մերժումով: Վեզիրովն իրեն յաղթանակած կը զգար: Վերադառնալով Պաքու` ան որոշեց գիտնականներու խումբ մը ընդունիլ: Մեզ` Թոֆիկ Ղասիմովը, Լէյլա Եունուսովան, Էլտար Նամազովը, Արազ Ալիզատէն եւ զիս հանդիպման տարաւ Քաղկոմի առաջին քարտուղար Ֆուատ Մուսաեւը: Սրընթաց կերպով սենեակ մտաւ ոչ-բարձրահասակ մարդ մը: Առաջին բանը, որ միտքս եկաւ, սա էր` հայու ինչքան նման է՚,- կը գրէ Զարտուշդ Ալիզատէն:
Կորպաչովի որոշումով, Խորհրդային Միութեան կազմ ներառուելէն ետք առաջին անգամն ըլլալով Ղարաբաղի մէջ կը մտցուի ուղղակի կառավարում Մոսկուայէն: Կենտկոմի բաժնի վարիչ Արքատի Վոլսքին վեց ամիս ժամկէտով կը նշանակուի յատուկ ներկայացուցիչ Ղարաբաղի մէջ: Կորպաչովը յետագային ըսած է, որ Մոսկուան Ղարաբաղին ինքնավար հանրապետութեան կարգավիճակ տրամադրելու պատրաստ էր, սակայն այդ ժամանակ Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի նիստին Ղարաբաղը Հայաստանի մաս հռչակուեցաւ:
Խորհրդային Հայաստանի առաջնորդ Սուրէն Յարութիւնեանը, որ Վոլսքիի նախաձեռնութեամբ նաեւ հանդիպումներ կ’ունենար Վեզիրովի հետ, կը կարծէր, որ անհրաժեշտ է ղարաբաղեան խնդիրի լուծման խելամիտ, փոխզիջումային ուղիներ փնտռել. ՙՄեր ժողովուրդները պէտք է բարի դրացիութեամբ, հաշտ կերպով ապրին: Մենք պարտաւոր ենք գտնել այն միակ արահետը, զոր հայ եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդները կեանքի, արարման, վերակառուցման ովասիս դուրս կը բերէ՚:
Լեւոն Տէր Պետրոսեանը գրած է, որ 18 Յուլիսի որոշմամբ աւարտեցաւ Ղարաբաղեան Շարժման առաջին փուլը, եւ հինգ ամսուայ ընթացքին Շարժումը Խորհրդային Միութեան գոյութեան բոլոր տարիներու համար աննախադէպ նուաճումներ արձանագրեց:
ՙՀայ ժողովուրդի ընդվզման շնորհիւ Գերագոյն Խորհուրդի որոշման մէջ մտցուած որոշ դրական կէտեր թերեւս յառաջիկային հնարաւորութիւն տան որոշ չափով ապահովելու Ղարաբաղի ազգային ինքնուրոյնութիւնը, ամրապնդելու անոր կապերը Հայաստանի հետ: Հայ ժողովուրդն այլեւս երբեք չի կրնար հաշտուիլ Ղարաբաղն Ատրպէյճանի կազմին մէջ ձգելու միտքին հետ, եւ նոյն միասնականութեամբ ու վճռականութեամբ կը շարունակէ իր պայքարը` մինչեւ մարզի վերջնական վերամիաւորումը Հայաստանի հետ՚:
Սակայն Սումկայիթի ջարդերէն յետոյ հայ-ատրպէյճանական բախումներն ու ջարդերով ուղեկցուող էթնիկ զտումները անխուսափելի դարձան: 18-20 Սեպտեմբերին հայ բնակչութիւնը ստիպողաբար կը լքէ Շուշին, ատրպէյճանցիները` Ստեփանակերտը:
Հակահայ ելոյթներով հանրահաւաքները Պաքուի մէջ սկսած էին դեռ 21 Փետրուարին, երբ ուսանողներու խումբ մը Ատրպէյճանի Կոմկուսի Կենտկոմի շէնքին առջեւ բողոքի ոչ-մեծ ցոյց մը կազմակերպած էր: Ապա շարք մը հանրահաւաքներ տեղի ունեցած էին Ատրպէյճանի Գիտութեանց Կաճառին մօտ, որոնք նոյնպէս բազմամարդ չէին, յատկապէս` Երեւանի հարիւր հազարնոց հանրահաւաքներուն հետ համեմատած: 15 Մայիսին Լենինի հրապարակին մէջ տեղի կ’ունենայ առաջին մեծ հանրահաւաքը, որուն ներկայ էր շուրջ 15 հազար հոգի, հիմնականին մէջ` երիտասարդ բանուորներ եւ ուսանողներ:
ՙԲոլոր ելոյթ ունեցողները անարգանքի կ’ենթարկէին ղարաբաղցի անջատողականները: Ծափահարութիւններու կ’արժանանային ելոյթ ունեցողներէն անոնք, որոնք հայոց կը սպառնային կամ վիրաւորանք կը հասցնէին, կը սուլէին անոնց, որոնք կը փորձէին մարդիկը հանգստացնել եւ կը հաւաստիացնէին, որ հանրապետութեան ղեկավարութիւնը վճռական է եւ ՙհակահարուած տալու՚ ընդունակ: Այդ ժամանակ էր, որ հանրահաւաքին առաջին անգամ ելոյթ ունեցաւ ՙհրապարակի սոխակը՚` բանուոր Նեյմէթ Փանահովը՚,- կը գրէ Ալիզատէն:
17 Նոյեմբերին Պաքուի Լենինի հրապարակին մէջ կը սկսի հանրահաւաք մը, որու կայացման համար առիթ եղաւ այն տեղեկութիւնը, թէ Շուշիի մօտ իբր թէ հանգստեան տուն պիտի կառուցուի Երեւանի Քանաքեռի ալիւմինիումի գործարանի բանուորներուն համար: Այդ ապատեղեկատուութիւնը բացարձակ սադրանք էր: Երկու օր հրապարակին գլխաւոր դէմքը Գիտութեանց Կաճառի Աշխարհագրութեան Հիմնարկի աշխատակից Էնվեր Ալիեւն էր: 18 Նոյեմբերի երեկոյեան զայն ծեծելով վռնտեցին հրապարակէն, իսկ յետոյ` ձերբակալեցին: 19 Նոյեմբերէն` հանրահաւաքներու ղեկավարումն իր ձեռքը վերցուց 26ամեայ խառատ Նեյմէթ Փանահովը:
ՙ18օրեայ հանրահաւաքներուն վերլուծութիւնը միանշանակօրէն կը վկայէ, որ կազմակերպիչներուն հիմնական նպատակը Ղարաբաղի պաշտպանութիւնը չէր, այլ` Վեզիրովի վարկաբեկումն ու պաշտօնազրկումը՚,- կը գրէ Ալիզատէն:
Տասնեակ հազարնոց հանրահաւաքներու օրերուն Լենինի հրապարակը ՙՂա’-րա’-բա’ղ՚ կը վանկարկէր, ազգային երգեր կ’երգէր, ՙատրպէյճանական հողերը ծայրայեղականներէն եւ հայերէն ազատել՚ կը պահանջէր: Հանրահաւաքի պահանջներէն մէկն էլ սա էր` ՙկա’մ ատրպէյճանցիներուն Հայաստանի մէջ ինքնավարութեան կարգավիճակ տալ, կա’մ ալ Ղարաբաղի ինքնավարութիւնը վերացնել՚: Հրապարակի միւս մասին մէջ դիմանկարն է Ահմէտ Ահմէտովի, որ սումկայիթեան ոճրագործութեան համար առաւելագոյն պատժի դատապարտուած է: 23 Նոյեմբերէն Պաքուի, Կեանճայի (Քիրովապատ) եւ Նախիջեւանի մէջ արտակարգ իրավիճակ կը յայտարարուի:
22-23 Նոյեմբեր 1988ին հայկական ջարդեր կը սկսին Պաքուի, Քիրովապատի, Շամախիի, Շամխորի եւ Մինկեչաուրի մէջ, որոնցմէ վերջին հայերը դուրս կը քշուին: Հայաստանն այս անգամ համարժէք պատասխան կու տայ: Շարք մը վայրերու, առաջին կարգին` Գուգարքի մէջ, խաղաղ եւ անզէն ատրպէյճանցիներ կը սպաննուին:
Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի 24 Նոյեմբերի արտահերթ նստաշրջանին որոշում կը կայացուի, թէ այսուհետ հանրապետութեան մէջ պէտք է գործեն Խ. Ս. Հ. Մ.ի միայն այն օրէնքները, որոնք Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի հաւանութեան կ’արժանանան: Մոսկուան ասիկա ապօրինի եւ հակասահմանադրական կը նկատէ: Երեւանի մէջ արտակարգ դրութիւն կը յայտարարուի, իսկ 27-29 Նոյեմբերին ատրպէյճանցիներու սպանութիւններ տեղի կ’ունենան: Մինչ այդ` Մայիսին, ատրպէյճանցիներու նկատմամբ բռնութիւններ կատարուած էին Արարատի շրջանին մէջ, շուրջ հազար ատրպէյճանցիներ, ստիպուած, փախուստի դիմած էին:
Հայ-ատրպէյճանական բախումներ տեղի ունեցած էին 1988-ի Յունիս-Յուլիս ամիսներուն` Մասիսի շրջանին մէջ: Պէտք է ընդգծել, որ ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի հայոց, Հայաստանի մէջ բնակող շուրջ 160 հազար ատրպէյճանցիներուն մեծ մասը մինչեւ Նոյեմբեր արդէն փոխանակած կամ ծախած էր բնակարանները, կամ ալ` փոխհատուցում ստացած: Ըստ որոշ տուեալներու` քանի մը հազար ատրպէյճանցիներ փոխեցին մականունին ՙով՚-ը կամ ՙեւ՚-ը ու մնացին Հայաստանի մէջ: Մինչեւ 7 Դեկտեմբերի երկրաշարժը` Հայաստանէն վտարուեցան գրեթէ բոլոր ատրպէյճանցիները, իսկ Ատրպէյճանէն, բացառութեամբ Պաքուի, հիմնականին մէջ գրեթէ բոլոր հայերը: Տեղահանումներու եւ բախումներու ընթացքին թէ որքա՞ն հայ սպաննուած է Ատրպէյճանի մէջ եւ որքա՞ն ատրպէյճանցի` Հայաստանի մէջ` վիճելի կը մնայ:
Ե. Ա. Հ. Խ.ի 1992ի միջանկեալ զեկոյցին մէջ կ’ըսուի. ՙՍումկայիթի դէպքերէն մօտ իննը ամիս յետոյ վերջացած էր ատրպէյճանցիներուն տեղահանումը կամ արտագաղթը Հայաստանէն: Գոյութիւն ունին հակասական պնդումներ ատրպէյճանցիներու տեղահանութեան ընթացքին սպաննուածներու թիւին վերաբերեալ: Ատրպէյճանցի փախստականները կը պնդեն, որ 160էն աւելի մարդ սպաննուած է, մինչդեռ Հայաստանը կը հաստատէ, որ զոհուածներուն թիւը 25ը չէ գերազանցած, եւ որ ատոր համար պատասխանատուները դատապարտուած են: 1988ին հայերը Կեանճայի մէջ նուազագոյնը երկու անգամ ջարդերու զոհ դարձած են, տասնեակներով հայեր սպաննուած են: Հայոց անխիղճ սպանութեանց պատճառ դարձած առաւել դաժան յանցագործութիւնները կատարուեցան 1990ի Յունուարին` Պաքուի մէջ: Տարբեր գնահատումներով` սպաննուածներուն թիւը 60 հոգիէն 100էն աւելի հոգիի միջեւ կը տատանի՚:
Ատրպէյճանցի հետազօտող Արիֆ Եունուսովը 1991ին ՙԷքսփրես Խրոնիքա՚ թերթին մէջ գրեց, որ Հայաստանի մէջ 215 ատրպէյճանցի սպաննուած է: Եունուսովին ի պատասխան, Խորհրդային Հայաստանի Պ. Ա. Կ.ի ղեկավար Յուսիկ Յարութիւնեանը նոյն թերթին մէջ պնդեց, որ Հայաստանի մէջ սպաննուած ատրպէյճանցիներուն թիւը 25 հոգի է:
Եունուսովը կը գրէր, թէ ատրպէյճանցիներուն վրայ յարձակումները գլխաւորած են նաեւ Պ. Ա. Կ.ի եւ ոստիկանութեան աշխատակիցները: Անգամ կը նշուի Պ. Ա. Կ.ի ղեկավարի տեղակալ Մեհրապեանի մականունը, երբ նման մականունով ղեկավարի տեղակալ չէ եղած եւ չկայ: Ըստ Յարութիւնեանի` Հայաստանի ատրպէյճանցիներուն նկատմամբ բռնութիւնները սկիզբ առած են 1988ի Նոյեմբերին` հիմնականին մէջ հիւսիսային շրջաններուն մէջ, որտեղով Վրաստանի տարածքէն եկած են մեծ թիւով, հիմնականին մէջ` Քիրովապատէն, կողոպտուած եւ ջարդուած հայ փախստականներ: ՙԱսով պէտք է բացատրել, որ սպաննուած 25 ատրպէյճանցիներէն 20ը սպաննուած են Հայաստանի այդ շրջաններուն, առաջին կարգին` Գուգարքի մէջ, ուր սպաննուած են ամենաշատ ատրպէյճանցիները` 11 մարդ՚:
Խորհրդային Միութեան ներքին գործոց նախարար Վատիմ Պաքաթինը 1988ի վերջերը կ’երթայ Հայաստան եւ Ատրպէյճան` տեղահանումները կանգնեցնել փորձելու համար: Պաքաթինը սարսափահար ատրպէյճանցիներուն եւ հայոց կը հանդիպի Սպիտակի եւ Քիրովապատի մէջ: Անոնք օգնութիւն եւ պաշտպանութիւն կը խնդրեն, ինչը, սակայն, Պաքաթինի ոյժերէն այլեւս վեր էր: Ան երկու հանրապետութեանց ներքին գործոց նախարարութիւններուն հրաման կու տայ հետեւիլ, որ փախստականները չտուժեն:
ՙՏեղական ղեկավարութիւնը կը խոստանար ամէն բան հարթել, բայց ես արդէն չէի հաւատար, թէ անոնք բան մը կ’ընեն: Շատ քիչ մարդիկ կային (տեղերը), որոնց, որպէս նախարարի, ես կրնայի վստահիլ: Անհնար էր բոլորն ազատել (աշխատանքէն)՚,- կը գրէ Պաքաթինը:
Երկրաշարժ Հայաստանի մէջ
Խորհրդային Վրաստանի առաջնորդ Ճումպեր Փաթիաշվիլին 7 Դեկտեմբեր 1988ին Սպիտակի աւերակներուն մէջ կը փորձէր աղէտեալներուն օգնել: Ան խորհրդային առաջին պաշտօնեաներէն էր, որ Թպիլիսիի իր առանձնասենեակին մէջ զգալով ցնցումները` Պոկտանովքա (յետագային` Նինոծմինտա), այնտեղէն ալ Սպիտակ աճապարած էր: Պոկտանովքայէն ան կապուած էր Թպիլիսի եւ յանձնարարած փրկարարներուն` աղէտի գօտի գալ:
ՙԱւերակ շէնքի մը մօտ կին մը բարձրաձայն կու լար եւ օգնութիւն կը խնդրէր: Մօտեցայ: Անոր դուստրը փլատակներուն տակ մնացեր էր: ՙԿը լսե՞ս ձայնը, դուստրս է՚,- ըսաւ ան ինծի: Բայց ես ի՞նչ կրնայի ընել: Մօտ կէս ժամուայ ընթացքին քանի մը տասնեակ հոգի հաւաքուեցաւ եւ այդ աղջիկը փլատակներու տակէն դուրս բերին: Հիմա շատ դժուար է իմ հոն տեսած ամէնը նկարագրել՚,- աւերիչ երկրաշարժէն 20 տարի յետոյ Թպիլիսիի իր բնակարանին մէջ կը պատմէր ան:
Երկրաշարժին կեդրոնը Շիրակամուտ գիւղն էր: Ռուզվելթ Պապիկեանն այդ օրը կորսնցուցած է երեք երախաներէն երկուքը` 15ամեայ Յովհաննէսը եւ 12ամեայ Վարսիկը, ինչպէս նաեւ եղբայրը եւ ուրիշ ազգականներ: Արհաւիրքին օրը գիւղի դպրոցին մէջ, փլատակներուն տակ, 111 աշակերտ զոհուեցաւ: Պապիկեանը երկրաշարժը կը յիշէ ամէն օր:
ՙԱկանջներուս մէջ փլատակներուն տակ մնացածներուն ճիչն է՚,- սրտի ցաւով կը պատմէ ան: ՙԵրկրաշարժը Շիրակամուտի մէջ 411 մարդու կեանք խլեց, զոհերուն մեծ մասը դպրոցին եւ կարի գործարանին մէջ էր: Դպրոցին մէջ զոհուեցան հիմնականին մէջ երախաներ, կարի գործարանին մէջ` հիմնականին մէջ կանայք՚:
Խորհրդային Միութեան արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Շեւարտնածէն 8 Դեկտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ կը յայտարարէ, որ Միխայիլ Կորպաչովի մասնակցութեամբ նախատեսուած միջոցառումները տեղի պիտի չունենան, իսկ անոր` Քուպա եւ Մեծն Բրիտանիա պաշտօնական այցերը կը յետաձգուին Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժին պատճառով: Կորպաչովը արագօրէն կը վերադառնայ Մոսկուա, հոնկէ` Լենինական (յետագային` Կիւմրի): Իշխանութեան ղեկին գտնուելու մօտ վեցուկէս տարիներուն ասիկա Խորհրդային Միութեան ղեկավարի առաջին եւ վերջին այցն էր Հայաստան ու Անդրկովկաս:
10 Դեկտեմբերին Մոսկուայէն Լենինական ուղղութիւն կը վերցնէ Միխայիլ եւ Ռաիսա Կորպաչովներուն օդանաւը: Մինչ այդ արդէն Երեւանի մէջ էին երկրին գրեթէ բոլոր նախարարները: Կորպաչովը հեռաձայնած էր Թպիլիսի եւ Պաքու, որպէսզի ժամանեն նաեւ Փաթիաշվիլին ու Վեզիրովը: Ատրպէյճանի ղեկավարին Երեւանի օդանաւակայանին մէջ ժողովուրդը կը սուլէ:
Ֆատէյ Սարգսեանը կը գրէ. ՙԿը հեռաձայնէին աշխարհի բոլոր ծայրերէն եւ կը հարցնէին, թէ ինչո՞վ կրնան օգնել: Փաթիաշվիլին յաճախ կը հեռաձայնէր: Վեզիրովը հեռաձայնեց եւ ըսաւ, որ երկու շարասիւն օգնութիւն ղրկած է: Բայց սահմանին վրայ (հայերը) օգնութիւնը ետ ղրկած էին՚:
Կորպաչովի հիւրընկալութիւնն ալ ջերմ չէր: Լենինականէն վերադառնալով Երեւան` Խ. Ս. Հ. Մ.ի առաջնորդը, նախքան իր կեցավայրն երթալը, մայրաքաղաքին մէջ կը շփուի բնակիչներուն հետ: Հայ պաշտօնեաներէն Լեւոն Չախմախչեանը կը գրէ, որ երբ Կորպաչովը դուրս եկաւ ինքնաշարժէն, առաջին հարցը Ղարաբաղի մասին էր: ՙՄիխայիլ Սերկէեւիչը դեռ նոր վերադարձած էր Լենինականէն, եւ, կը թուէր, թէ երեւանցիները աղէտի գօտին պէտք է մտահոգէր: Փոխարէնը, անոր հարցուցին` ՙՂարաբաղը ե՞րբ պիտի միացուի Հայաստանին՚: Կորպաչովին արձագանգը կտրուկ էր: Ո’չ ան եւ ո’չ ալ Ռաիսա Մաքսիմովնան չէին կրնար հասկնալ` ինչպէ՞ս հնարաւոր է նման ծանր պահին պատուհասը մոռնալ եւ Ղարաբաղի մասին հարցնել՚:
Ֆատէյ Սարգսեանը ցաւով նկատել կու տայ. ՙՊէտք է ըսեմ, որ ան (Կորպաչովը) եւ իր կինը խոր ցաւով կը նայէին այդ (երկրաշարժի) ողբերգութեան: Ի հարկէ, ամենուր չէ, որ զանոնք ընդունեցին հարկ եղած արժանապատուութեամբ, իսկ որոշ տեղեր ալ սաստիկ կերպով վիրաւորեցին: Ատիկա մեր ժողովուրդին չէր վայելեր եւ ինծի համար ցաւալի էր՚:
Փաթիաշվիլին կը յիշէ` Կորպաչովը անկեղծ սրտցաւութեամբ կը տանէր արհաւիրքը: Սակայն, Խորհրդային Վրաստանի նախկին առաջնորդը նախ եւ առաջ կը կարեւորէ ներդրումը Խ. Ս. Հ. Մ.ի վարչապետ Նիքոլայ Ռիժքովի, որ շատ բան ըրաւ երկրաշարժին հետեւանքները վերացնելու համար: ՙԱն շատ ազնիւ եւ պարկեշտ անձնաւորութիւն մըն է, իսկական հայրենասէր՚,- կ’ըսէ Փաթիաշվիլին:
Վլատիմիր Մովսիսեանը կ’աւելցնէ. ՙՌիժքովը երկրաշարժին պատճառած ցաւը մեզի հետ վերապրեցաւ: Ան ո’չ միայն տնտեսապէս, նիւթապէս եւ ֆինանսապէս կ’օգնէր Հայաստանին, այլ նաեւ` կը կիսէր մեր վիշտը, կ’ապրէ’ր այդ ողբերգութիւնը՚:
7 Դեկտեմբերի ցնցումն ամբողջութեամբ կամ մասնակիօրէն աւերեց Հայաստանի մօտ մէկ երրորդը, աւելի քան 25 հազար քաղաքացի զոհուեցաւ եւ մնաց փլատակներու տակ, քանի մը տասնեակ հազարն ալ մարմնական վնասուածքներ ստացաւ:
Հայ ժողովուրդը կը սգար: Երբեմն` զոհուածները սգացող չունէին, քանի որ փլատակներուն տակ մնացած էին ամբողջական ընտանիքներ, դպրոցներուն մէջ` դասարաններ: Վլատիմիր Մովսիսեանը եղբայրը կորսնցուցած էր. ՙԱնձնական վիշտը թէեւ զիս կը խեղդէր, սակայն համընդհանուր վիշտն էր, որ բոլորս պատած էր: Մինչեւ հիմա չեմ կրնար մոռնալ, որ եղբօրս յուղարկաւորութեան ժամանակ բեռնատար ինքնաշարժով մանուկներու հինգ-վեց դագաղներ կը տանէին թաղելու, եւ այդ ինքնաշարժին ետեւէն ընդամէնը հինգ-վեց հոգի կ’երթար: Սարսափելի տեսարան էր՚:
ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէին ձերբակալութիւնը
11 Դեկտեմբերին Երեւանէն երթալէն առաջ Կորպաչովը հեռատեսիլէն անդրադարձաւ ղարաբաղեան հարցին եւ դատապարտեց ատրպէյճանական նախկին ղեկավարութեան` ՙոչ-լենինեան աւանդոյթներու ոգիով՚ վերաբերմունքը Լ. Ղ. Ի. Մ.ի հայութեան նկատմամբ: Կորպաչովը խստօրէն քննադատեց նաեւ ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէն եւ անոր անդամները:
ՙԱյժմ Ղարաբաղի նիւթը կ’օգտագործեն անազնիւ մարդիկ, քաղաքական կեղծաւորները, արկածախնդիրները, աւելին` կաշառակեր հանրութիւնը: Ատրպէյճանի կողմէն կը հնչեն կարգախօսներ` ՙԿը մեռնինք, բայց Ղարաբաղը չենք տայ՚, հոսկէ` ՙԿը մեռնինք, բայց Ղարաբաղը կը վերցնենք՚: Ղարաբաղը անոնց վաղուց պէտք ալ չէ եւ երբեք ալ անիկա զանոնք չէ յուզած: Անոնք կը պայքարին իշխանութեա’ն համար՚,- կ’ըսէ Կորպաչովը:
Խորհրդային երկրի ղեկավարի ելոյթին աւարտը հաշտութեան ուշացած կոչ էր հայ եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդներուն: Երկու հանրապետութեանց մէջ բռնութիւններ տեղի ունեցած էին. հայերն արտաքսուած էին Ատրպէյճանէն, ատրպէյճանցիները` Հայաստանէն: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայ-ատրպէյճանական ՙհաշտութիւնը՚ խորհրդային ներքին զօրքերուն ջանքերով կը պահպանուէր:
Հայաստանի մէջ Կորպաչովի գտնուելու եւ յաջորդ օրերուն Երեւանի պարետ, աւագ զօրավար (գեներալ-լեյտենանտ) Ալպէրթ Մաքաշովի հրամանով 10 Դեկտեմբերին կը ձերբակալուին ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէի 11 անդամներէն հինգը` Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, Վազգէն Մանուկեանը, Ալեքսան Յակոբեանը, Սամուէլ Գէորգեանը եւ Բաբգէն Արարքցեանը:
ՙԿորպաչովը աղէտի գօտի եկած էր տիկնոջ հետ: Մենք իրեն համար ոչ-համարժէք յայտարարութիւններ կ’ընէինք, եւ ինք ալ կը համոզուէր, որ նոյնիսկ երկրաշարժը մարդիկը ետ չի պահեր Ղարաբաղեան Շարժումէն: Այդ զգացումներով եղաւ ձերբակալութիւնը: Բանտերուն մէջ տանջանքներ կամ հալածանքներ չեղան, բանտերն ալ փոխուած էին: Վեց ամիս հանգստացանք՚,- ըսած է Մանուկեանը:
14 Դեկտեմբերէն մինչեւ 7 Յունուարն ինկած օրերուն կը ձերբակալուին Կոմիտէին միւս անդամները` Գերագոյն Խորհուրդի պատգամաւոր Աշոտ Մանուչարեանը, Վանօ Սիրադեղեանը, Սամսոն Ղազարեանը, Համբարձում Գալստեանը, Ռաֆայէլ Ղազարեանն ու Դաւիթ Վարդանեանը, ինչպէս նաեւ Կոմիտէին հետ սերտ կապեր ունեցող Խաչիկ Ստամպոլցեանը:
ՙԿորպաչովին ներշնչած էին, որ մինչեւ ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէն չձերբակալուի` հանգստութիւն չի տիրէր: Ես չեմ կրնար անձնաւորուած ըսել, բայց հաւանաբար կային նման ոյժեր: Ան ապշած ու զայրացած էր, որ փլատակներուն մօտ մարդիկ Ղարաբաղէն կը խօսէին՚,- կը յիշէ Ռաֆայէլ Ղազարեանը:
Աշոտ Մանուչարեանը կ’աւելցնէ. ՙՁերբակալելու ցանկութիւն միշտ եղած է, բայց, միաժամանակ, կար յայտարարուած քաղաքականութիւն մը, որուն այդ քայլը կը հակասէր: Կորպաչովի համար` որոշում տալը դժուար էր: Հոգեբանօրէն ՙյարմար՚ պահ էր. երբ ան Լենինական գնաց, փլատակներուն մօտ մարդիկ սկսան անոր հարցեր տալ Ղարաբաղի մասին: Կորպաչովին քծնողներն ըսած էին, որ ատիկա իբր թէ ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէն կազմակերպած է: Ասիկա ցոյց կու տար Ղարաբաղի հարցին կարեւորութիւնը ժողովուրդին համար, եւ այս ամէնը հոգեբանօրէն ճնշող վիճակ ստեղծած էր Կորպաչովի համար: Բացի Կոմիտէի 11 անդամներէն, ձերբակալուեցան նաեւ Խաչիկ Ստամպոլցեանը, Իկոր Մուրատեանը եւ Արքատի Մանուչարովը՚:
17 Դեկտեմբերին, Սուրէն Յարութիւնեանը հեռատեսիլէն ՙՂարարաղ՚ Կոմիտէն կը նկատէ հայ ժողովուրդի թիւ մէկ թշնամին:
ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէի անդամներուն կը ներկայացուին քանի մը մեղադրանքներ` հասարակական կարգը խախտող զանգուածային գործողութեանց կազմակերպում, հանրահաւաքներու եւ ցոյցերու իրականացման կարգի խախտում, ազգամիջեան թշնամանքի հրահրում:
Սակայն Կոմիտէի անդամներուն ձերբակալութիւնը չջարդեց շարժումը: Լեւոն Տէր Պետրոսեանը դէպքերէն շուրջ երկու տասնամեակ յետոյ այսպէս մեկնաբանած է. ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէն 11 հոգի էր եւ, անոր կից, կարելի է ըսել, շուրջ 300 եռանդուն գործիչներ: Ճիշդ է, ասիկա արդէն բաւական մեծ ոյժ էր, բայց ան Շարժումը ընդամէնը կը համակարգէր, կ’ուղղորդէր: Երեք ժամուան մէջ մենք կրնայինք 100 հազարնոց հանրահաւաք կազմակերպել: Այնպիսի մեքենականութիւն մը ձեւաւորուած էր տարերայնօրէն, որ հեռաձայններով ու ինքնաշարժներով շրջաններուն տեղեկացնելու միջոցով երեք ժամուայ ընթացքին 100 հազար հոգի միշտ կանգնած էր Ազատութեան հրապարակին մէջ՚:
Տէր Պետրոսեանը խոստովանած է, որ Շարժումը ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէով չէր պայմանաւորուած: ՙՇարժումը չջարդուեցաւ, որովհետեւ… ամբողջ ժողովուրդը ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէի անդամ էր: Մենք ուրիշ բան մըն ալ ըրած էինք. դեռ 1988ի Սեպտեմբերին զգացած էինք, թէ իրադարձութիւններն ինչպէս կը զարգանան, եւ կանխատեսած, որ մեզ վաղ թէ ուշ պէտք է ձերբակալեն: Այդ 11էն դուրս, ստեղծեցինք գաղտնի ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէ մը, ուր ընդգրկուած էր հինգ հոգի` Երջանիկ Աբգարեանը, Դաւիթ Շահնազարեանը, Ալպէրթ Պաղտասարեանը, Աւետիք Իշխանեանն ու Արշակ Սադոյեանը: Յետոյ անոնց ոչ-պաշտօնապէս գումարուեցան նաեւ Վիթիա Այվազեանն ու Սմբատ Յակոբեանը: Այդ եօթը հոգիին անունները գաղտնի կը պահուէին, որեւէ մէկը զանոնք չէր գիտեր՚:
1988ի Դեկտեմբերին ձերբակալութիւններ եղան նաեւ Ատրպէյճանի մէջ: Դեկտեմբերի լոյս 5ի գիշերը խորհրդային զօրքերը մաքրեցին Լենինի հրապարակը, հարիւրաւոր ցուցարարներ ձերբակալուեցան:
ՙԱնոնց մեծ մասը տարբեր ժամկէտներով բանտ նստաւ Ռուսիոյ մարզերուն եւ Ատրպէյճանի մէջ: Նեյմէթ Փանահովը հրապարակէն հեռացաւ ՙշտապ օգնութեան՚ ինքնաշարժով` ՙժողովրդային հերոսին՚ սիրահարած յուզավառ կոյսի մը հետ: Յետոյ զայն ձերբակալեցին, ժամանակ մը հետաքննութեան տակ պահեցին եւ… ազատ արձակեցին՚,- կը գրէ Ալիզատէն:
Հայաստանի ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէի պարագային կասկածներ կային, որ անոր անդամներէն ոմանք կրնային Պ. Ա. Կ.ի գործակալ ըլլալ: Ատրպէյճանի մէջ հիմնական կասկածեալները երկուքն էին` Փանահովն ու Ժողովրդական Ճակատի մէկ ուրիշ առանցքային անդամ` Էթիպար Մամէտովը:
Յ. Գ.
Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ
Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):
ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ, Պատմաբան
“Փայլուն եւ գերազանց աշխատանք է` հարուստ իր բազմապիսի ու բազմալեզու աղբիւրներով: Աչքի կը զարնէ անաչառութիւնը: Հիանալի եւ մնայուն մենագրութիւն է, անհրաժեշտ ՙդասագիրք՚` հայկական դիւանագիտութեան համար”:
aniarc.am/2019/12/10/karabakh-diary-western-armenian-chapter-9/