Ֆապիւս. «ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարին Սուրիոյ Բանակին Մասնակցութեան Հարցը Կը Քննարկենք»

Լորան Ֆապիւս

28 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2015

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր ֆրանսացի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը կողմէ իր տեսակին մէջ առաջինը եղող յայտարարութիւն մը կատարելով ըսաւ. «ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին Սուրիոյ բանակին մասնակցութեան հարցը կը քննարկենք»:

Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը «Առ.Թէ.Էլ.» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Այդտեղ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու համար գոյութիւն ունի միջոցառումներու երկու խումբ` ռմբակոծումները եւ ցամաքային ուժերը, որոնք չեն կրնար ըլլալ մեր ուժերը, այլ պէտք է ըլլան Սուրիական ազատ բանակի ուժերը, արաբական ուժեր եւ ինչու չէ վարչակարգի ուժերը»:

Յիշեցնենք, որ մէկ օր առաջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած էր հանդիպում մը, որուն ընթացքին երկու նախագահները համաձայնած էին համակարգել Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի զինուորական ջանքերը:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail