Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – 105ամեակ Ցեղասպանութեան 130ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – 105ամեակ Ցեղասպանութեան 130ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան

03 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Երբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ 130 տարի առաջ, հայ ժողովուրդը բազմահազար տարիներու ճամբայ կտրած էր ու պատմութիւն կերտած, իսկ Հայ Դատ հասկացութիւնը արդի ժամանակներու իր տարազաւորումը գտած էր քանի մը տասնամեակ առաջ, հակառակ անոր որ մեր ժողովուրդը Դատ ունէր հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր՝ սկսեալ այն օրէն, երբ մեր պատմական հայրենիքին մէջ կորսնցուցած էինք անկախ պետականութիւնը, մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը բաժանումի եւ բռնադատութիւններու ենթակայ դարձած էին մօտակայ եւ հեռաւոր կայսրութեանց մրցակցութեան իբրեւ հետեւանք:

Դաշնակցութեան ծնունդը բնական արդիւնքն էր 19րդ դարու եւ մասնաւորաբար անոր երկրորդ կիսուն մեր շուրջ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական, ընկերային ու տնտեսական պայմաններուն: Անիկա մեր ժողովուրդին ու բռնագրաւեալ հայրենիքին կեանքին մէջ մուտք գործեց՝ միաւորելու համար մեր Դատին ի խնդիր պայքարի դաշտ մտած ձեռքերը՝ ֆետային, մտաւորականն ու հաւաքական կեանքի բոլոր կալուածներու մէջ գործ կատարողները: Ան բարձրացուցած էր դրօշ մը, որուն վրայ կ՛երեւէին Իսրայէլ Օրիէն մինչեւ Խրիմեան Հայրիկի, հայկական քաղաքական կազմակերպութեանց ու կուսակցութեանց ստորագրութիւնները. հոն արձանագրուած էր նաեւ «Ազատութիւն կամ մահ» վճիռը, որովհետեւ ժողովուրդը մատնուած էր այնպիսի դաժան պայմաններու, որոնց մէջ պատուով մեռնիլը նախամեծար էր, քան անազատ եւ ստրուկ գոյութիւն մը քարշ տալը:

130 տարի առաջ Դաշնակցութիւնը պատմութեան բեմ մտաւ՝ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ համար մեր ժողովուրդին ու Դատին, իսկ երբ կ՛ըսենք Դատ, ի մտի ունինք այս հասկացութեան ամէնէն լայնածիր ու համապարփակ իմաստը, Դատ՝ որ իրերայաջորդ տասնամեակներու ապրեցաւ իր «եղափոխութիւնը», ժողովուրդի տարրական իրաւունքներու պաշտպանութենէն անցաւ հայրենի հողի կորուստի ու միլիոններու բնաջնջման փուլերէն, հասնելու համար լիարժէք պահանջատիրութեան հետագայի տարազումներուն, որոնք մեր կեանքին մէջ ներկայ են մինչեւ այսօր:

Կրկնե՛նք. Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքի բեմը մտաւ իբրեւ ծառայող զինուոր. առաջին օրէն իսկ, ան չեղաւ «ընթացիկ» կուսակցութիւն, որ կրնայ ժամանակի հովերուն հետ այլատեսակ փոփոխութիւններու ենթարկուիլ (հայկական ու միջազգային բեմին վրայ գործող այդպիսի կուսակցութիւններով կարելի է երկար ցանկեր կազմել), այլ ան իրեն համար գծեց անյեղլի ուղեգիծ մը, որուն մարտավարական ու ռազմավարական գիծերը ճկուն ըլլալով հանդերձ, անշեղ պահեց ՀԻՄՆԱԿԱՆ սկզբունքներն ու առաջադրանքները, որոնք կաթիլ-կաթիլ բիւրեղացան կուսակցութեան առաջին տասնամեակներուն, կրակի ու արեան մկրտութեամբ թրծուեցան մարտական ու քաղաքական փոթորիկներու մէջ, ամրագրուեցան, եւ մինչեւ օրս իբրեւ ԱԶԳԱՅԻՆ աւանդ, եւ ո՛չ թէ սոսկ կուսակցական իւրայատուկ ժառանգութիւն, փոխանցուած են սերունդէ սերունդ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

***

Դաշնակցութեան ու զայն կանխած ազգային կուսակցութեանց եւ կազմակերպութեանց ծննդեան օրերուն Ցեղասպանութիւնը տեղի չէր ունեցած, սակայն կային մէկ կողմէ՝ սուլթանական Թուրքիոյ ու միւս կողմէ՝ ցարական Ռուսիոյ ճնշումներն ու հալածանքները, Հայաստանը առանց հայու տեսնելու բացայայտ կամ քողարկեալ դաւադիր ծրագիրները: Հայ քաղաքական միտքն ու հասունացող պայքարը՝ բնական հակազդեցութիւններն էին զոյգ բռնադատութիւններուն, որոնցմէ աւելի քան դար մը առաջ, արեւելեան կողմն հայոց աշխարհի, կար պարսկական տիրապետութիւնը եւ յետոյ, իր տեղը ամբողջովին զիջած էր ցարականին: 19րդ դարու մեր պատմութեան՝ մեր ժողովուրդի դիմագրաւած պայմաններուն վրայ ամէնէն թեթեւակի ակնարկն անգամ ցոյց պիտի տայ, որ հայը դրուած էր դանդաղ բնաջնջումի ճամբու մը մէջ, ենթակայ էր ջարդի, բռնագաղթի, ձուլման եւ, մէկ խօսքով՝ ինքնութեան կորուստի: Նման հպանցիկ ակնարկ անմիջապէս պիտի հերքէ թրքական եւ նմանատիպ քարոզչութեանց այն «վարկածները», թէ հալածաքներն ու ջարդերը հակազդեցութիւն ու պատջամիջոցներ էին «չար» ու ըմբոստ հայերուն շղթայազերծած «օրինազանցութեանց, դաւաճանական ընթացքին» եւ այլն:

Սեփական ճակատագիրի տիրութեան ու գոյապայքարի առաջին տասնամեակներուն, հայկական կուսակցութեանց միջեւ գաղափարաբանական տարբերութիւնները շեշտակի բնոյթ չէին կրեր: Մարդկային, սեփականատիրութեան եւ նուազագոյն ինքնիշխանութեան, խտրականութենէ զերծ մնալու իրաւունքներն էին հայկական յեղափոխութիւնը յառաջ մղող շարժակները: Տարրական այս իրաւունքներուն հասնելու նպատակին շուրջ է, որ կը միանային հայութեան բազուկները, ֆետայիին մոսինն ու մտաւորականին գրիչը: Մասնաւորաբար Սան Սթեֆանոյի ու Պերլինի դաշնագիրներու հանգրուանէն ետք ձեւ-կերպարանք ստացած պայքարը պիտի գար յեղափոխելու հայութեան մտածողութիւնն ու կեանքը՝ յեղափոխականացնելով երիտասարդութիւնը եւ զայն բոլորելով միասնութեան հրաւիրող՝ Դաշնակցութեան դրօշին տակ:

Պայքարի առաջին փուլը իր դիմաց դրաւ հետզհետէ զօրացող ճնշումներու եւ հալածանքներու ալիքներ: Պոլսոյ մէջ յեղափոխական-ուժական քայլերուն կողքին, երկրին մէջ արձանագրուեցան պատժական գործողութիւններ, արագ ծաւալ ստացաւ ֆետայական-ինքնապաշտպանական շարժումը, որուն դիմաց, սուլթանական պետութիւնը դիմեց իրեն ծանօթ միակ ձեւին՝ ջարդերուն եւ ապատեղեկատուութեան: Այդ վարքագիծը յաջորդ տասնամեակներուն իբրեւ ոճրային «աւանդ» փոխանցուեցաւ իթթիհատականներուն ու քեմալականներուն, անիկա մինչեւ այսօր ալ տիրական ներկայութիւն է հանրապետական-մենատիրական Թուրքիոյ պետութեան մտածողութեան ու գործելակերպին մէջ:

Հարցերը միայն արեան բաղնիքներու մէջ լուծել փորձելու թրքական պետական մտածողութիւնը մեր ու աշխարհի պատմութեան մէջ արձանագրեցին Համիտեան բազմահանգրուան ջարդերը, որոնց ուղղակի արձագանգները եղան նախ՝ Թուրքիոյ Սահմանադրութեան հռչակումէն հազիւ տարի մը ետք՝ Ատանայի ու Կիլիկիոյ ջարդերը, իսկ քանի մը տարի ետք ալ՝ նոյնինքն Ցեղսապանութիւնն ու Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւումը, հայութեան արտաքսումը իր պատմական հայրենիքին մեծ մասէն: Թրքական ոճիրներէն անմասն չմնացին նաեւ այլ երկիրներ ու ժողովուրդներ:

Դաշնակցութիւնը, իբրեւ հայութեան ու անոր իրաւունքները մարմնաւորող առաջատար պաշտպան-դրօշակիրը՝ այդ տարիներուն մնաց մեր Դատի հետապնդման բոլոր ճակատներուն վրայ: Ֆետայական շարժումին յաջորդեցին կամաւորական գունդերը, ինքնապաշտպանական կռիւները, նախ՝ 1915-16 տարիներուն, իսկ աւելի ուշ, հայութեան Կիլիկիա կարճատեւ վերադարձէն ետք՝ ինքնապաշտպանութեան երկրորդ փուլի հերոսամարտերը: Ինչպէս յեղափոխական պայքարի սկզբնական տասնամեակներուն, նոյնպէս ալ Ցեղասպանութեան ու անոր յաջորդած՝ 20ական տարիներուն, հայութեան պայքարը մղուեցաւ միացեալ ուժերով, որովհետեւ պայքարը իր կեանքին մէջ ապրող հայը նկատած էր, որ թուրքին համար ՀԱՅն էր խոչընդոտը, անկախ գաղափարական, յարանուանական կամ այլ տեսակի տարբերութիւններէ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

***

Յետ Ցեղասպանութեան առաջին փուլին մեր ժողովուրդին կեանքը ապրեցաւ կարճատեւ փայլատակում մը՝ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան ծնունդով: Կամաւորական շարժումին արձանագրած յաջողութիւններն ու ընկրկումները յանկարծ աւետաբեր պայմաններ բերին մեզի, երբ Ա. Աշխարհամարտի աւարտին, արիւնաքամ ու հայրենակորոյս հայութիւնը պահ մը շօշափեց իր ազգային ու քաղաքական իրաւունքներուն կենսագործումը՝ պատմական Հայաստանի մէկ փոքր հողաշերտին վրայ: Ազատութիւնն ու անկախութիւնը երկինքէն ինկած պտուղներ չէին, այլ արդիւնքն էին ամբողջ ժողովուրդին մղած ճակատամարտերուն, գոյութեան ու հայրենիքի պահպանման վճռական մարտին: Այդ հանգրուանը մեր պատմութեան մէջ արձանագրած է Սարդարապատ, Բաշ Ապարան եւ Մայիս 28 անունները, որուն յաջորդած է Միացեալ Հայաստանի հռչակագիրը:

Այդ բոլորը մասնիկներն էին մեր Դատին արդար հատուցման եւ կազմեցին մինչեւ այսօր մեր դիմաց տարածուող հորիզոններուն համայնապատկերը: Անհրաժեշտ չենք նկատեր այս բոլորին մէջ Դաշնակցութեան վճռորոշ ու դրօշակիրի դերակատարութիւնը, առանց անտեսելու ներդրումը բոլոր այն ազգային ուժերուն ու հաստատութիւններուն, որոնք լծակից-մասնակից էին այդ իրագործումներուն: Այդ բոլորը նաեւ փաստացի վկայութիւն էին, որ Դաշնակցութիւնը, ինչպէս նշեցինք՝ մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ մուտք չէր գործած մասնակի ու հատուածական հաշիւներ հետապնդելու համար, այլ եկած էր ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ եւ, ի հարկին, բուռ-բուռ նահատակներ տալու վասն հայրենիքի պաշտպանութեան, ի խնդիր ժողովուրդի պահպանման: Օրուան բնական պայմանները չէին կրնար Դաշնակցութիւնը հեռու պահել հայութեան նաւուն նաւապետը ըլլալու դերակատարութենէն, գործ՝ որուն մէջ ան միշտ ալ փնտռեց հայկական բոլոր ուժերուն, մինչեւ իսկ ազգային նկատումները ստորադաս ու անկարեւոր նկատողներու գործակցութիւնը: Սա կը մնայ Դաշնակցութեան անյեղլի գիծերէն մէկը…

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

***

Հայաստանի խորհրդայնացումը՝ համայնավար կայսրութեան կողմէ կուլ տրուիլը, Դաշնակցութեան ու անոր հետապնդած Դատին դիտանկիւնէն, ստեղծեց նոր մարտահրաւէրներ, որոնք կը գումարուէին Ցեղասպանութեան ստեղծած ահաւոր հետեւանքներուն վրայ: Հայութիւնը կորսնցուցած էր անկախ պետականութեան յենարանը, որ կենսական էր սեփական ճակատագիրի տիրութեան ու ինքնուրոյն պատմութիւն կերտելու համար: Համայնավար կայսրութեան մէկ մասնիկը ըլլալու վիճակը միայն ձեւականօրէն հանրապետութիւն մը կը թողուր հայութեան, որ յաջորդ տասնամեակներուն այդ հողին վրայ ապրեցաւ որոշ նուաճումներ, սակայն միաժամանակ կորսնցուց շատ բան. կորսնցուց աւանդութիւն, ազգային պատկանելիութեան բազմաթիւ թելեր, հայրենիքին կառչածութեան յատկութենէն շատ բան…:

Դաշնակցութեան համար բացուեցան Դատի պաշտպանութեան բազմաճակատ էջեր: Կար հարկադրաբար Սփիւռք դարձած հայութեան ֆիզիքական վերականգնումն ու կազմակերպումը, մշակոյթի, դպրոցի, ինքնութեա՛ն պահպանման յենարաններու ապահովումը: Այլ ճակատի մը վրայ՝ կորուսեալ հայրենիքին վերատիրացման մարտահրաւէրը. նահատակները կարելի չէ ետ բերել, սակայն կատարուած ոճիրին դիմաց՝ կար արդար եւ լիարժէք հատուցման պահանջը: Խորհրդային Հայաստանին արգիլուած էր շատ բան, սակայն Դաշնակցութիւնը չէր կրնար ընդունիլ որեւէ ձեռնակապ: Անմիջականօրէն, այն պահանջը արտայայտութիւն գտաւ թուրք ոճրագործ պետական մարդոց հետապնդումով ու ահաբեկումով, որուն բնական զարգացումն ու հետեւութիւնն էր ուժական արդարահատուցման կամքին պահպանումը:

Տակաւին, կային Հայաստանի մէջ համայնավարութեան կործանարար ազդեցութիւններուն ըստ կարելւոյն դէմ կենալն ու Հայաստանի ու ընդհանրապէս խորհրդային սահմաններէն դուրս այդ ազդեցութեանց տարածման դէմ թումբ կանգնիլը: Պատմութեան անցած այդ տասնամեակները իրենց բացասական ներգործութիւնները ունեցան նաեւ Սփիւռքի հայութեան հասարակական կեանքին մէջ, մեր պատմութեան մէջ արձանագրուեցան «հայաստանասէրներու» «հակահայաստան թեւ» (ան)տրամաբանութիւնները: Այսօր, երբ փոշիները բաւականին փարատած են, ոեւէ մէկուն համար այլեւս կասկածելի չէ, թէ Դաշնակցութեան պահպանած անշեղ գիծը ի՛նչ նպատակներ կը հետապնդէր եւ ինչպէ՛ս արդարացաւ անվիճելիօրէն: Հոն նեղ իմաստով կուսակցականութիւն չէր բաներ, այլ տիրական էր համազգային շահերու եւ աւանդներու պահպանումը: Այլ խօսքով, Դաշնակցութիւնը ամուր մնացած է իր ծառայութեան ու զոհաբերումի առաքելութեան ուղիին մէջ, որքան որ ալ հզօր եղած են արգելակող փոթորիկները, որքան որ ալ փորձութիւններ ստեղծուած են անոր հետեւորդներուն համար:

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

***

130 տարի առաջ բարձրացած Դաշնակցութեան դրօշը շուրջ 30 տարի առաջ անգամ մը եւս վերականգնեց առաջնորդողի իր դերը, երբ սկսան փչել Խորհրդային Միութիւնը դէպի փլուզում տանող հովերը եւ առիթ տուին Արցախեան Պայքարի շղթայազերծման: Դաշնակցութիւնը եղաւ առաջիններէն, որ հնչեցուց «Դէպի Երկիր» հրաւէրը, ընդառաջ վազեց դէպի Արցախի պաշտպանական ճակատները եւ հայրենի հայութեան մէջ վերընձիւղեց այն ոգին, որ անկէ աւելի քան 30 տարի առաջ, Երեւանի հրապարակները գրաւած էր «Մեր հողերը, մեր հողերը» պահանջատիրութեամբ: Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ետք Դաշնակցութիւնը փութաց իր կազմակերպական ներկայութիւնը վերականգնելու հայրենի հողին վրայ, մասնակից դարձաւ հայրենի կեանքին, պետութիւն վերակառուցելու աշխատանքին: Եթէ անկախական հովերը առաջին օրէն իսկ եղան տիրական, խորհրդային տարիներու հոգեբանութեան որոշ գիծեր անմիջապէս չփարատեցան (անոնք զգալի են նաեւ այսօր). մօտիկ անցեալի պատմութիւնը ծանօթ է:

Դաշնակցութեան դէմ արգելքներ բարձրացան, մինչեւ իսկ հազարումէկ շինծու մեղադրանքներով ան պահ մը հռչակուեցաւ արգիլեալ կուսակցութիւն, որովհետեւ, եւ դժբախտաբար, մեր հայրենիքին ու բազմերես իրաւունքներուն ծառան ու դրօշակիրը ըլլալու Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը լիարժէք հասկացողութիւն չգտաւ, աւելին՝ մեր աւանդներուն ամբողջական վերականգնումի մարտահրաւէրը իր դիմաց գտաւ նա՛եւ արտաքին արգելակիչ ազդակներ: Այս բոլորը պատճառ չեղան, որ Դաշնակցութիւնը ընկրկում ապրի եւ սակարկութեան դնէ այն հիմնական սկզբունքներն ու ազգային պահանջները, որոնք մեր ժողովուրդը կ՛առաջնորդէին ու կոչուած են առաջնորդելու դէպի ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆի քաղաքական ժառանգութեան կենսագործումը: Դաշնակցութիւնը ո՛չ մէկ ատեն սակարկած է այդ սկզբունքներուն շուրջ:

Դաշնակցութեան մղումով էր, որ հայրենի ժողովուրդը եւ անոր բարեփոխուած քաղաքական ուղին մերժեցին Արցախի ու Զանգեզուրի հողերը սակարկութեան դնելու ընտրանքը:

Դաշնակցութեան հայրենի ու արտերկրի շարքերուն ու համակիրներուն ստեղծած ճնշումին ճամբով էր, որ «փրոթոգոլ»ներու պարտադրեալ ուղին մնաց անվաղորդայն, Հայաստան ի վերջոյ դէմ դրաւ մեզի համար վնասաբեր «ճամբու քարտէս»ին: Այսօր ալ, Դաշնակցութիւնը վճռակամ է անփոփոխ շարունակելու նոյն վարքագիծը, եթէ պատահի, որ ներսէն կամ դուրսէն ոչ-նպաստաբեր հովեր փչեն մեր իրաւունքներուն դէմ:

Դաշնակցութիւնը, իշխանութեան մասնակիցի թէ «դուրս եկած-մնացած»ի դիրքերէն, նոյն հետեւողականութեամբ կը գործէ ի խնդիր հայրենիքի տնտեսական, ընկերային վիճակներուն բարօրութեան, մշակոյթի ու աւանդներու, ժառանգութեանց պահպանման, արտաքին քաղաքականութիւնը փոթորիկներու պատուհասներէն հեռու պահելու տրամաբանութեամբ: Օրը օրին զարգացող դէպքերը կրնան մերթ ընդ մերթ սխալ տպաւորութիւններ ստեղծել, մանաւանդ եթէ կան սխալ տպաւորութիւն ստեղծելու միտում ունեցողներ: Սակայն երբ Դաշնակցութեան գործը դիտուի երկար ժամանակի վրայ, բոլոր աննպաստ շուքերը կը փարատին եւ ամպերը պատռող արեւուն պէս յստակ կը դառնայ, որ Դաշնակցութիւնը իր ուղին կը շարունակէ անշեղ հաւատարմութեամբ, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ըրած էր ֆետայական ու կամաւորական շարժումներու օրերուն, անկախութեան կերտումին ու այդ արժէքին պահպանման բոլոր փուլերուն:

Տակաւին, Դաշնակցութիւնը, ըստ էութեան, կը մնայ գլխաւոր դրօշակիրը՝ մեր Դատի աւանդական հասկացութեան պահպանման ու հետապնդման: Գաղտնիք չէ, որ մեր Դատը միջազգային բեմ մտած էր «Սան Սթեֆանօ»ով ու «Պերլին»ով, երբ, ինչպէս նշեցինք սկիզբը, Դաշնակցութիւնն ու այլ կուսակցութիւններ տակաւին մարմին չէին առած: Մեր Դատը միաջազգային օրակարգի վրայ պահուեցաւ սուլթանական Թուրքիոյ վերջին տարիներուն, «Արեւելեան Նահանգներու ինքնավարութեան» եւ զայն կանխած՝ բարեկարգումներու հետապնդումով:

Ինչպէս այդ փուլերուն, նոյնպէս ալ Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք, միջազգային խորհրդաժողովներու, բանակցութեանց եւ համաձայնագիրներու գոյառման մէջ Դաշնակցութիւնը անմնացորդ ծառայեց մեր Դատին եւ ազգային շահերուն: Անկախութեան կորուստէն ետք ալ, երբ կարմիր զգեստ հագած Հայաստանը հարկադրաբար թողլքեց մեր իրաւունքներուն հետպանդումը, յաճախ նաեւ նոյն հարկադրանքներուն ենթարկուելով՝ դէմ գործեց ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան, Դաշնակցութիւնը շարունակեց պետական մակարդակով մեր Դատի հետապնդումը, կապ պահեց Ազգերու Լիկային ու օսմանեան կայսրութիւնը բաժնեկցած աշխարհին հետ, ստեղծեց Հայ Դատի յանձնախումբեր, հայութեան ներկայացուցիչը 70ականներուն հասցուց ՄԱԿ, որպէսզի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնաժողովին ճամբով քայլ առ քայլ ենթահող ապահովէ Ցեղասպանութեան ճանաչման:

Այդ գիծը ապրեցաւ իր զարգացումը եւ այսօր, բազմատասնեակ պետութիւններ զօրավիգ են մեր Դատին, աշխարհի հզօրագոյն պետութիւնները, Միացեալ Նահանգներու պէս երկրի մը գրեթէ բոլոր նահանգները Թուրքիոյ պետութեան երեսին կը շպրտեն իր ոճրագործի հանգամանքը եւ կը պահանջեն արդարութեան վերականգնումը: Գլխաւորաբար Դաշնակցութեան քաղաքական բազուկներուն աշխատանքով եղած իրագործումները չեն կատարուած այս կուսակցութեան փառաբանութեան նպատակով, այլ նպատակ ունեցած են եւ ունին Հայաստանի ու հայութեան շահերը, ողջ հայութեան Դատին ճանաչումն ու կենսագործումը:

Արարատը-National Geographic

***

Այս սիւնակներուն նպատակը՝ մեր Դատին ի խնդիր Դաշնակցութեան գործին ու զոհաբերութեանց ամբողջական պատմականը ընել չէ. անոնք կրնան լեցնել բազմաթիւ հատորներ: Այս հակիրճ ու մասնակից ուրուագիծը նաեւ, ըստ էութեան, նորութիւններ չարձանագրեց, սակայն կը հաւատանք, որ նման ուրուագիծեր անհրաժեշտ են մերթ ընդ մերթ յիշեցնելու բոլորիս, ըլլանք դաշնակցական շարքային, թէ Դաշնակցութեան հաւատալիքներուն ու սկզբունքներուն համակիր հետեւող, թէ՝ 130 տարի առաջ ծնունդ առած Դաշնակցութիւնը էապէս հաւատարիմ է այն սկզբունքներուն եւ նպատակակէտերուն, որոնց համար մարմին առաւ ինք, շօշափելի իրականութեան վերածեց իրմէ առաջ իսկ գոյութիւն ունեցող ազգային հաւատալիքներ, լծուեցաւ Ցեղասպանութենէն առաջ իսկ գոյութիւն ունեցող մեր Դատին հետապնդման, սերունդներ պատրաստեց ու բազմաճիւղ պայքարի դաշտ նետեց, մղում տուաւ Թեհլիրեաններու, Շիրակեաններու արդարահատուցման, ապա, տասնամեակներ ետք, նոյն ներշնչումը ներարկեց հայ երիտասարդութեան, որ լիզպոնեան եւ զուգահեռ խիզախումներով աշխարհի յիշողութեան մէջ վերականգնեց մեր արդարատենչութիւնը‘ ուժեղ յենարան տրամադրելով քաղաքական-դիւանագիտական աշխատանքներուն, վերջապէս, նոյն ներշնչումով մղում տուաւ Արցախեան պահանջատիրութեան ու մինչեւ օրս շարունակուող ինքնապաշտանական պայքարներուն:

Դաշնակցութիւնը մեկուսացնելու, անոր գործունէութիւնը քողարկելու կամ անյարիր պիտակներու տակ դնելու փորձերը երկար կեանք չեն ունեցած, այսուհետեւ ալ չեն կրնար ունենալ: Մեր ժողովուրդը, ու ամէնէն առաջ դաշնակցականները, գիտեն, որ այս կուսակցութիւնը ունի իւրայատուկ նկարագիր: Դաշնակցութեան հիմնական նկարագիրը լիարժէքօրէն յարիր է հայութեան, հայրենիքի ու ժողովուրդի գերագոյն ու անսակարկելի նպատակներուն: Քաղաքական ու ընկերային կեանքին մէջ, նորանոր զարգացումներ միշտ ալ կրնան խոստանալ ու բերել դրական շրջումներ, սակայն հնագոյն դարերէ ի վեր կան անփոփոխ գիծեր, որոնք կ՛իմաստաւորեն ժողովուրդ մը ու երկիր մը, կ՛ապահովեն անոր գոյատեւումը:

Դաշնակցութիւնը այդպիսի անփոփոխ ու անփոփոխելի գիծերու պահապանն է ու պիտի մնայ: Պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ այս կաղնին դիմագրաւած է սոսկալի փոթորիկներ, երբեմն դարձած է ճղակոտոր, սակայն հայրենի հողը, ժողովուրդը մնացած են զինք սնուցանողը, նոր սաղարթներ ծլարձակած են անոր բունէն ու ճիւղերէն, որոնց շուքը յաւելեալ հովանի ապահոված է հայրենիքին ու ժողովուրդին՝ հասնելով սփիւռքեան օճախներ, մոռացութեան մատնելով մինչեւ իսկ համայնավարութեան «դարաշրջան»ի մորմոքները, դարմանելով հետքերը:

Հայերենի-այբուբեն-Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

asbarez.com/arm/360998/105ամեակ-Ցեղասպանութեան-130ամեակ-Հայ-Յեղա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail