Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ՝ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ազգային մեր յիշողութեան մէջ պահպանուած անմեռ, մեր ուղին լուսաւորող խորհուրդով մը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ՝ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ազգային մեր յիշողութեան մէջ պահպանուած անմեռ, մեր ուղին լուսաւորող խորհուրդով մը

Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ՝

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Այնքան ատեն, որ մարմինս յօժար է եւ միտքս արթուն պահակը ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴին՝ ես պիտի փորձեմ ամէն օր «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ» վերտառութեամբ ընթերցողներուս, ընկերներուս եւ հարազատներուս հետ մեր օրը իմաստաւորել՝ ազգային մեր յիշողութեան մէջ պահպանուած անմեռ, մեր ուղին լուսաւորող խորհուրդով մը։

Դաշնակցական մամուլի էջերէն պիտի չկարենամ այս «բարի լոյս»ը ըսել, որովհետեւ Հ․Յ․Դ․ ԲԻՒՐՕ ստորագրութեամբ հրահանգ գացած է շուրջ կէս դար իմ ստորագրութիւնս հպարտութեամբ հայ ընթերցողին ներկայացուցած մեր մամուլին՝ արգիլելով լոյս ընծայումը եւ տարածումը իմ ստորագութիւնս կրող նիւթերու։
Բայց համացանցի մեր դարուն ես արդէն ուղղակի կապի ու հաղորդակցութեան հնարաւորութիւն ունիմ ընթերցողին հետ՝ իմ «բարի լոյս»ը անկաշկանդ ըսելու բոլորին։

«Հայրենիքէն հեռու ապրել՝ չի նշանակում հայրենիք չունենալ։ Հայրենիք ունենալով՝ հայրենասիրութիւն չունենալն է ամօթ․․․ Հայրենասիրութեամբ չապրելն է ամօթ»։

Այսօրուան խորհրդածութեան խոհ տուող ցաւոտ այս պատգամին հեղինակը ժամանակակից հայ գրականութեան տաղանդաւոր եւ ազգայնաշունչ արձակագիրներէն Ստեփան Ալաջաջեանն (1924-2010) է, որուն ծնունդը կը նշենք ամէն Յունուար 3ի այս օրը։

Տասը տարի անխափան «Ազատ Օր»ի էջերուն «Յուշատետր» վերտառութեամբ իմ ամէնօրեայ սիւնակներուս շարքին, Յունուար 3ին, յաճախ ներկայացուցած եմ, ամփոփ գիծերով, Ալաջաջեանի կեանքը, գործը եւ գաղափարական աշխարհը։ Հետաքրքրուած ընթերցողը կրնայ դիմել «Ազատ Օր»ի կայքէջին՝ «Եղէգները չխոնարհուեցին» անունով հայ գրականութեան մէջ անմահութիւն նուաճած գլուխ-գործոցի հեղինակին մասին լրացուցիչ ընթերցումի համար։

Մեծանուն արձակագիրէն մէջբերուած վերեւի միտք-պատգամը խորքին մէջ ընդվզում է հանդէպ բոլոր անոնց, որոնք ընդհանրապէս հարցերուն եւ երեւոյթներուն միայն մակերեսը կամ կեղեւը կը տեսնեն եւ ոչ միայն չեն հետաքրքրուիր, այլեւ արհամարհանք ու թքած ունին խորքով հետաքրքրուողներու հասցէին ու երեսին։

Իր պարագային՝ Ալաջաջեան անարդարօրէն «քարկոծուեցաւ» 1990ականներուն, հայրենիքը լքելով հեռացած ըլլալուն համար։ Բայց տաղանդաւոր հայ գրողը լուրջ բուժման կարիք ունեցած էր եւ այդ պատճառով հաստատուած էր Լոս Անճելըս։ Արդարեւ, տարաբախտ կեանք մը վիճակուեցաւ Ս․ Ալաջաջեանին։

1980ականներու սկիզբը կոկորդի քաղցկեղ յայտնուեցաւ մօտը, վիրահատուեցաւ եւ ձայնային լարերը հեռացուցին։ Մնաց առանց ձայնի, կեանքին մնացած ժամանակը արուեստական խօսափող օգտագործեց, բայց գրիչը երբեք վար չդրաւ, անդուլ ստեղծագործեց եւ իր սիրտն ու միտքը միշտ բաց պահեց ընթերցողին առջեւ։

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Յանուն ամբողջական ճշմարտութեան պէտք է նշել, նաեւ, թէ Ալաջաջեան Հալէպէն հայրենիք ներգաղթած ընտանիքի զաւակ էր, որ լիիմաստ համարկուեցաւ հայրենի իրականութեան եւ ատենին պետական պատասխանատու պաշտօններու ալ կոչուեցաւ։ Եթէ վատորակ քաղցկեղին դէմ պայքարելու հարկը չունենար, հայրենալքումի մեղադրանքը կրնար արդարացի նկատուիլ։

Օրուան խորհուրդը ծանրաբեռնող այս նշումները անհրաժեշտ էին, որպէսզի հասկնալի եւ արդարացի դառնար հայրենիքէն ակամայ հեռացած, բայց անհայրենիք հայ նկատուելու ամօթի խարանը մերժող հայ մարդոց հաշւոյն Ալաջաջեանի ունեցած պոռթկումը։

Ցաւը տարագիր հայուն անհայրենիք թափառելու եւ հայրենաբաղձութեամբ տոչորուելու ողբերգութեան չի կապուիր այնքան, որքան հայրենիքէ հարկադրաբար հեռացած եւ ամէն օր հայրենիքով տագնապող, այլեւ հարազատներու եւ բարեկամներու օգնութեան ձեռք մեկնելով հայրենիքը պահող հայ մարդոց։

Այո՛, «հայրենիքէն հեռու ապրել՝ չի նշանակում հայրենիք չունենալ։

Հայրենիք ունենալով՝ հայրենասիրութիւն չունենալն է ամօթ․․․

Հայրենասիրութեամբ չապրելն է ամօթ»։

Հայաստանն ու հայութիւնը ականջի օղի պիտի վերածեն եւ բնաւ մտահան պէտք չէ ընեն, որ հայրենասիրութեամբ, այլեւ ազգի ցաւերով չապրիլն է ամօթ։

Ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի։

Ի վերջոյ Ալաջաջեաններու պատգամը ներշնչուած է հայոց «չխոնարհող եղէգներէն», որոնք երէկ թէ այսօր, նաեւ ու մանաւանդ վաղը իրարու բարի լոյս ըսելու ատեն՝ անմահն գրողին բառերով պիտի յուշեն, թէ հայ «մարդն ապրել է ուզում, ազգն ապրել է ուզում, հայրենիքը ազատութիւն է ուզում, գաղափարների համար մարդը պարտաւոր է գնալ կռուի»։

Եւ յանուն ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ կռիւը կը շարունակուի վերանորոգ թափով։

Նազարէթ Պէրպէրեան

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են
Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail