Լիբանանի Իշխանութեան Պետերն Ու Այլ Ղեկավարներ Կը Դատապարտեն Սիւլէյմանիի Եւ Մուհանտեսի Դէմ Գործուած Անարգ Ոճիրը

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերն Ու Այլ Ղեկավարներ Կը Դատապարտեն Սիւլէյմանիի Եւ Մուհանտեսի Դէմ Գործուած Անարգ Ոճիրը

04 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի անարգ սպանութեան առիթով Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանատունը երէկ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ գուժեց Սիւլէյմանիի սպանութիւնը, եւ այս առիթով ցաւակցութիւններ ընդունեց:

Պաշտօնական ցաւակցութիւնները պիտի շարունակուին նաեւ այսօր, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00, իրանեան դեսպանատան մէջ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ցաւակցագիր մը յղեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութեան առիթով, ինչպէս նաեւ խստիւ դատապարտեց անոր դէմ գործուած անարգ ոճիրը:

Նախագահ Աուն ցաւակցագիր մը յղեց նաեւ Իրաքի նախագահ Պըրհամ Սալեհին` դատապարտելով նաեւ Ժողովրդային աշխարհազօրի փոխնախագահ Ապու Մեհտի Մուհանտեսի սպանութիւնը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ցաւակցագիր մը յղեց Իրանի հոգեւոր գերագոյն պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիին, ցաւակցագիրին մէջ ան ցաւակցութիւն յայտնեց Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութեան առիթով:

Պըրրի նշեց, որ Դիմադրութեան մարտիկներուն ճակատագիրը այս է` յաղթանակ կամ նահատակութիւն: Ան նշեց, որ իրենց համար հպարտութիւն է, որ Քասեմ Սիւլէյմանի արժանացաւ երկուքին` յաղթանակին եւ նահատակութեան:

Ան համբերութիւն մաղթեց Խամենէիին:

Պըրրի այլ ցաւակցագիր մը յղեց նաեւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին, որուն յայտնեց, թէ իրենք հպարտ կը զգան Քասեմ Սիւլէյմանիի նահատակութեամբ:

Պըրրի ցաւակցագիր մը յղեց նաեւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի, հաստատելով, որ նահատակներն են պատմութիւնը կերտողները:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ մտահոգութիւն յայտնեց Պաղտատի մէջ երէկ առաւօտեան Քասեմ Սիւլէյմանիի եւ Ապու Մեհտի Մուհանտեսի դէմ գործուած ահաբեկչական արարքին վերաբերեալ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ գործողութիւնը Իրաքի գերիշխանութեան խզում է, ինչպէս նաեւ Իրանի դէմ վտանգաւոր մագլցում մը, որ շրջանին մէջ լարուածութիւնը պիտի սրէ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանան միշտ երկխօսութիւնը առաջնահերթ կը նկատէ, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղէ ինքնազսպումի եւ իմաստուն որոշումի միջոցով լուծելու հարցերը, եւ ոչ թէ ուժն ու վայրագութիւնը:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց շրջանը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը զերծ կացուցելու այս սպանութեան հետեւանքներէն, որովհետեւ Լիբանան խիստ կարիքը ունի ապահովական իր կայունութեան` դուրս գալ կարենալու համար տնտեսական եւ ելեւմտական իր ապակայունութենէն:

Հաղորդագրութեան մէջ ցաւակցութիւն յայտնուեցաւ Իրանի եւ Իրաքի հանրապետութիւններուն:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա գուժեց սպանութիւնը Սիւլէյմանիին եւ Ժողովրդային աշխարհազօրի փոխնախագահ Ապի Մեհտի Մուհանտեսին, որոնք նահատակուեցան Իրաքի մէջ:

Սէյիտ Նասրալլա շնորհաւորեց Սիւլէյմանին եւ Մուհանտեսը` իրենց կեանքերը նուիրաբերելու եւ նահատակութեան արժանանալու առիթով:

Ան նշեց, որ Սիւլէյմանի իր կեանքին վերջին տարիները զոհեց Իրաքի ազատագրման եւ իրաքցիներուն փրկութեան համար, «մինչեւ որ ան զոհ դարձաւ անարգ ահաբեկչութեան մը եւ իր արիւնը թափեց Իրաքի հողին վրայ», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրաքցիները եւ անոնց Դիմադրութեան խմբաւորումները իրենց նուիրումը եւ հաւատարմութիւնը պիտի փաստեն, եւ բնաւ առիթ պիտի չտան, որ Սիւլէյմանիի եւ Մուհանտեսի արիւնը յումպէտս հոսի իրաքեան հողին վրայ, այլ` պիտի շարունակեն անոր ուղին եւ Դիմադրութեան դրօշը բարձր պիտի պահեն` իրականացնելու համար ազատ, անկախ, գերիշխան եւ բարգաւաճ Իրաք մը կերտելու նպատակն ու յոյսերը:

Նշենք, որ Հըզպալլայի կազմակերպութեամբ կիրակի, 5 յունուար 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին «Սէյիտ Շուհատա» համալիրին մէջ պիտի կատարուի հոգեհանգիստ մը, որմէ ետք սէյիտ Նասրալլա պիտի արտասանէ խօսք մը:

Միւս կողմէ, Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Իրաքի մէջ ամերիկեան ռմբակոծումին ընթացքին սպաննուած են նաեւ լիբանանցիներ:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան գուժեց Սիւլէյմանիի եւ Ժողովրդային աշխարհազօրի փոխնախագահ Ապի Մեհտի Մուհանտեսի սպանութիւնը` խստիւ դատապարտելով զանոնք թիրախ դարձուցած քստմնելի ոճիրը:

Շէյխ Քապալան հաստատեց, որ այդ գործողութիւնը ահաբեկչութիւն է եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ պատերազմ մը բռնկեցնելու համազօր է:

Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի իր կարգին ցաւակցութիւն յայտնեց Սիւլէյմանիի սպանութեան առիթով եւ հաստատեց, որ այդ գործողութեան հետեւանքներէն պիտի տուժեն ամերիկացիներն ու իսրայէլացիները, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք, որոնք փափաքեցան Սիւլէյմանիէն վրէժ լուծել:

Ան յաղթանակ մաղթեց Դիմադրութեան առանցքին:

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց գրառում մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանի ականաւոր անձնաւորութիւն մըն էր, որ մինչեւ իր փչած վերջին շունչը հաւատաց իր համոզումներուն:

Ան ցաւակցութիւն յայտնեց Իրանի հոգեւոր գերագոյն պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիին եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային:

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը երէկ կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ ապրող իր քաղաքացիներուն առաւելագոյն չափով զգուշանալու եւ արթուն շարժելու` խիստ զգայուն այս փուլին ընթացքին:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/459796

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail