Լիբանանն ու լիբանանցիները 2019-ը աւարտեցին լիբանանցի յայտնի գործարար Քարլոս Ղոսընի Լիբանան հասնելուն լուրով

Լիբանանն ու լիբանանցիները 2019-ը աւարտեցին լիբանանցի յայտնի գործարար Քարլոս Ղոսընի Լիբանան հասնելուն լուրով

Քարլոս Ղոսըն Հասաւ Պէյրութ

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

04 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Լիբանանն ու լիբանանցիները 2019-ը աւարտեցին լիբանանցի յայտնի գործարար Քարլոս Ղոսընի Լիբանան հասնելուն լուրով:

Քարլոս Ղոսըն, Ճափոնի մէջ իրեն պարտադրուած տնային կալանքէն, ուր նաեւ դատավարութեան կ՛ենթարկուէր, փախուստ տալով` Թուրքիոյ ճամբով հասած էր Պէյրութ:

Ղոսըն յայտարարած էր, որ ինք առանձինն ծրագրած է Ճափոնէն հեռանալու ուղին:

Թրքական իշխանութիւնները կատարած էին կարգ մը ձերբակալութիւններ` Քարլոս Ղոսընի ապօրինի կերպով Թուրքիայէն անցնելուն գծով:

Անոնք հասած էին այն եզրակացութեան, որ Ղոսըն ապօրինի կերպով օգտագործած է թրքական «Էմ. Էն. Ճի.» օդանաւային ընկերութիւնը` փախչելու համար Ճափոնէն:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Քարլոս Ղոսընի Ճափոնէն դուրս գալուն ու Պէյրութ հասնելուն ձեւը Լիբանանի համար անծանօթ է, սակայն Ղոսըն օրինական ձեւով մուտք գործած է Լիբանան:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Ճափոնի հետ յարաբերութիւնները հեզասահ պահելու եւ ամրապնդելու:

Արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալպեր Սարհան յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Ճափոնի միջեւ յանցագործներ փոխանակելու համաձայնագիր գոյութիւն չունի:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «LOUSAVOR AVEDIS»

Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Ժրայսաթի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Մաթահիրօ Եամակուչիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ճափոնական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Ղոսընի Պէյրութ ժամանումին եւ «Ինթըրփոլ»-ի կողմէ Ղոսընի դէմ արձակուած բերման գիրին վերաբերող հարցեր:

Ժրայսաթի յայտնեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ երկկողմանի յարաբերութիւնները պաշտպանելու եւ զանոնք ամրապնդելու` գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ:

Ան հաստատեց, որ Լիբանան ոչ մէկ նախաձեռնութեան դիմած է Ղոսընը Ճափոնէն դուրս հանելու առումով:

Ան աւելցուց նաեւ, որ Լիբանանի եւ Ճափոնի դատական իշխանութիւններուն միջեւ գործակցութեան համաձայնագիրներ չկան` աւելցնելով, որ իր եւ Եամակուչիի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է հետեւելու այս թղթածրարի մանրամասնութիւններուն:

Լիբանանեան ապահովական կառոյցներու մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ հակառակ անոր որ լիբանանեան պետութիւնը ստացած է «Ինթըրփոլ»-ի կողմէ Ղոսընի դէմ արձակուած բերման գիրը, սակայն իրենք Ղոսընը բերման պիտի չենթարկեն, որովհետեւ ան լիբանանցի քաղաքացի է եւ ոչ թէ օտար քաղաքացիութիւն ունեցող անհատ:

Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ «Ինթըրփոլ»-ի կողմէ արձակուած նման բերման գիրեր Լիբանանի մէջ ապրող լիբանանցիներուն չեն վերաբերիր, ինչն է պարագան Քարլոս Ղոսընի:

Քարլոս Ղոսընի պաշտպան իրաւաբանին համաձայն, ան չորեքշաբթի, 8 յունուար 2020-ին Պէյրութի մէջ հրաւիրած է մամլոյ ասուլիսի մը:

ARMENIAN GENOCIDE – DENIAL IS THE LAST ACT OF A GENOCIDE:

aztagdaily.com/archives/459781

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail