Ման­նիկ ­Պէօ­րէք­ճեան-Աշ­րեան – Մարդկային եւ ազգային վերածնունդի տեսլականով Նոր Տարւոյ սեմին

Մարդկային եւ ազգային վերածնունդի տեսլականով Նոր Տարւոյ սեմին

04 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

Ման­նիկ ­Պէօ­րէք­ճեան-Աշ­րեան

­Նոր տա­րի, ու­րեմն։ Ի՞նչ կը նշա­նա­կէ ար­դեօք ժա­մա­նա­կի ան­հու­նու­թեան մէջ, ո­րոշ պահ մը նոր սկիզբ նկա­տել։ ­Հա­ւա­նա­բար, յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան մէջ սահ­ման­ներ գծե­լու եւ միշտ վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու կա­րի­քը մղած է մարդ­կու­թիւ­նը, տա­րեգ­լուխ մը հաս­տա­տե­լով, յոյ­սի նոր էջ մը բա­նա­լու աշ­խար­հի կեան­քին մէջ։

­Յոյսն է, ան­տա­րա­կոյս, Ա­մա­նո­րի մե­ծա­գոյն պար­գե­ւը։

Մթ­նո­լոր­տը, ընդ­հան­րա­պէս, զար­դա­րուն ու հե­քիա­թա­յին է, կար­ծես մար­դիկ գե­ղե­ցիկ զգես­տով մը պատ­մու­ճա­նած են վե­րած­նուն­դի գա­ղա­փա­րը։ Ի­րենց բո­լոր ձա­խո­ղու­թիւն­ներն ու ձա­ւե­րը բեռց­նե­լով խեղճ ա­լե­ւոր հին տար­ւոյ շա­լա­կին, կը դի­մա­ւո­րեն ­Նոր ­Տա­րին սպա­սե­լով, որ ան մո­գա­կան բա­նա­լիով մը բա­նայ ի­րենց առ­ջեւ բա­րիք­նե­րու նոր աշ­խարհ մը։

­Բո­լորս գի­տենք, սա­կայն թէ ա­տի­կա ե­րազ­նե­րու բնա­գա­ւա­ռէն դուրս չի գար, ե­թէ մենք չ­՚անդ­րա­դառ­նանք, թէ ­Նոր ­Տա­րին անձ­նա­կան թէ հա­ւա­քա­կան հա­շո­ւե­յար­դա­րի եւ ինք­նա­ճա­նաչ­ման ար­գա­սա­բեր պահ մը պէտք է դառ­նայ եւ ոչ միայն խնճոյք­նե­րու ա­ռիթ։

Այս գի­տակ­ցու­թեամբ, ա­ռա­ջին հեր­թին կը պար­տինք, ա­ռանց տա­րո­ւե­լու մեր մահ­կա­նա­ցու «ես»ը գո­հաց­նող նիւ­թե­ղէն վա­յելք­նե­րու հրա­պոյ­րէն, հա­ւա­սա­րակշ­ռել մեր ինք­նու­թիւ­նը, ան­մահ մեր «ես»ը շնչա­ւո­րող հո­գեմ­տա­յին ար­ժէք­նե­րով։ ­Միշտ նկա­տի առ­նե­լով ար­հես­տա­գի­տա­կան նո­ւա­ճում­նե­րը եւ գի­տա­կան յա­ռաջ­դի­մու­թեանց հրա­շա­լիք­նե­րը, մեր կեան­քը ար­դիա­կա­նաց­նե­լով հան­դերձ, չշե­ղենք եր­բեք հա­մա­մարդ­կա­յին մնա­յուն ար­ժէք­նե­րէն, ո­րոնք մեր լա­ւա­գոյն «ես»ը ե­րե­ւան հա­նե­լով, դէ­պի վսե­մա­գոյ­նը սլա­նա­լու ու­ղե­ցոյց կը դառ­նան։

­Մէկ խօս­քով, ինչ­պէս կ­՚ը­սէ ­Ժան ­Փոլ ­Սարթ­րը, ի­մաս­տա­ւո­րենք «մարդ» ո­րա­կու­մը։

­Մաղ­թենք, ու­րեմն, որ ­Նոր ­Տար­ւոյ ա­ռի­թով, իւ­րա­քա­չիւրս ջա­նայ սան­ձել իր մարդ­կա­յին տկա­րու­թիւն­նե­րը, արթնց­նել իր հո­գին ան­տար­բե­րու­թեան թմբի­րէն եւ ընտ­րել ա­ռա­քի­նու­թեան, ար­դա­րու­թեան ու սի­րոյ յա­ճախ փշոտ ճա­նա­պար­հը, սա­տա­րե­լու հա­մար մարդ­կա­յին վե­րած­նուն­դին, աշ­խար­հի մը մէջ, ուր դժբախ­տա­բար՝ տա­կա­ւին կը տի­րեն բռնու­թիւ­նը, շա­հա­գոր­ծու­մը եւ ա­նար­դա­րու­թիւ­նը։

Ա­մէն հայ, սա­կայն, խոս­տա­նա­լով հան­դերձ իր հա­մեստ տուր­քը տալ հա­մայն մարդ­կու­թեան, լա­ւա­գոյն ա­պա­գա­յի մը հե­ռան­կա­րով, սրբա­զան պար­տա­կա­նու­թիւն ու­նի, ա­մէ­նօ­րեայ ապ­րում դարձ­նել իր պարտ­քը ազ­գա­յին իր ըն­տա­նի­քին հան­դէպ։

Աշ­խար­հի որ ան­կիւնն ալ գտնո­ւինք, չմոռ­նանք եր­բեք, որ դա­րե­րու ստրկու­թեան խա­ւա­րը փա­ռա­տած, ­Գող­գո­թայ քա­լած, բայց եւ յա­րու­թիւն ա­ռած հի­նա­ւուրց եւ ստեղ­ծա­գործ ազ­գի մը կը պատ­կա­նինք։ Ուս­տի, կը պար­տինք ներ­կա­յի մար­տահ­րա­ւէ­րը եւս դի­մագ­րա­ւել հա­յու աննկուն կամ­քով ու հա­ւատ­քով, որ­պէս­զի ան­զօր զո­հե­րը չդառ­նանք հա­յա­կուլ Ս­փիւռ­քի բա­րօ­րու­թեան խաբ­կան­քին։

Ե­թէ ե­րէկ, մէկ ան­գամ հայ կը զգա­յինք, 2020ին պա­հենք մեր ինք­նու­թիւ­նը բազ­մա­պատ­կո­ւած ե­ռան­դով, ­Հա­մաս­տե­ղի ներշն­չու­մով՝
«Այն ո­գիով, որ կը գաղ­թէ, կ­՚ել­լէ ճամ­բայ
­Մեր երկն­քէն ու մեր հո­ղէն…
Ու կը հա­կէ, որ ո՛չ մէկ հայ չըլ­լա՛յ շե­ղի էն լոյս ճամ­բէն,
­Մեր հո­գիի էն լոյս ճամ­բէն, որ մեր հո­ղին
Ու երկն­քին մեզ կը տա­նի։

­Հա­յու Ո­գին»։

Ե­թէ ե­րէկ այն­քան բծախն­դիր չէինք մեր գո­յա­տեւ­ման գլխա­ւոր ե­րաշ­խիք­նե­րը պահ­պա­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ, այ­սօր մեր հո­գու պարտ­քը թող ըլ­լայ հայ ըն­տա­նի­քի կազ­մու­թիւ­նը եւ ա­նոր մէջ ազ­գա­յին մա­քուր մթնո­լոր­տի պահ­պա­նու­մը։ Աչ­քի լոյ­սի նման պա­հենք հայ վար­ժա­րա­նը, իբ­րեւ գե­րա­գոյն ար­ժէք։ ­Գի­տակ­ցօ­րէն, հա­յա­խօ­սու­թեան ան­նա­խըն­թաց ար­շա­ւի մը լծո­ւինք, պա­հե­լով ազ­գի մա­կար­դա­կին չա­փա­նիշ՝ բարձրո­րակ մեր մշա­կոյ­թը, որ կ­՚ա­պա­հո­վէ մե­զի ար­ժա­նի տե­ղը ազ­գե­րու ըն­տա­նի­քէն ներս։

­Մաս­նակ­ցինք ծա­ռա­յա­սի­րու­թեան ու գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գիով մեր ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րուն եւ անձ­նա­կան ջնջին հա­շիւ­նե­րու զոհ չդարձ­նենք զա­նոնք, բարձր գնա­հա­տե­լով ա­նոնց ազ­գա­պահ­պան­ման ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, միշտ ազ­գա­յի­նը գե­րա­դա­սե­լով։

Իբր պե­տա­կա­նօ­րէն ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ ազ­գի զա­ւակ­ներ, նկա­տի առ­նե­լով հա­յաս­տա­նեայց ե­կե­ղեց­ւոյ ազ­գափր­կիչ, մին­չեւ իսկ պե­տու­թիւն փո­խա­րի­նող դա­րա­ւոր դե­րը, պայ­ծառ պա­հենք մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, միշտ վա­ռե­լով հա­ւատ­քի մեր մո­մե­րը ­Լու­սա­ւոր­չի կան­թե­ղէն, քան­զի ինչ­պէս կ­՚ը­սէ ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեան՝
«Երկ­նի ան­թիւ աստ­ղե­րէն
­Մերն միայն ա­նի­կա…»

­Հա­յու կամ­քով ու հա­ւատ­քով, ու­րեմն, կրնանք բո­լորս ան­հա­մազ­գեստ զի­նո­ւոր­նե­րը դառ­նալ գո­յա­տեւ­ման մեր պայ­քա­րին իբր ազգ եւ ոչ իբր հա­յա­նուն բազ­մու­թիւն­ներ։

Եւ ա­յո՛, եր­կար է տա­կա­ւին բազ­միցս գե­րեզ­մա­նո­ւած եւ փիւ­նի­կի նման վե­րած­նո­ւած մեր ազ­գի ճա­նա­պար­հը։

Եւ ա­յո՛, մենք չենք կրնար դի­մա­ւո­րել ո՛չ մէկ կա­ղանդ, միայն մեր մարդ­կա­յին հար­ցա­կան­նե­րով կամ իղ­ձե­րով, որ­քան ա­տեն չենք հա­սած հա­յուն իս­կա­կան Ա­մա­նո­րին, որ նո­ւէր պի­տի բե­րէ մեր տա­րա­պեալ ազ­գին, ի­րա­ւուն­քի եւ ար­դար բա­ժի­նը՝ տօ­նե­լու Ա­մա­նո­րը սե­փա­կան հո­ղի վրայ, իբր մէկ ամ­բող­ջա­կան ժո­ղո­վուրդ։ ­Մինչ այդ, ա­մէն նոր տա­րի, մեզ այդ ե­րա­նե­լի Ա­մա­նո­րին մօ­տեց­նող խո­շոր դրա­կան քայլ մը պէտք է ըլ­լայ։

Ուս­տի, օ­տար թշնա­մի­նե­րու, թէ ներ­քին ա­նըն­դու­նե­լի պա­ռակ­տում­նեը­րու դի­մաց, մէկ է միայն ազ­գա­յին ա­ռողջ ու­ղին՝ հզօ­րաց­նել հայ­րե­նի­քը, պաշտ­պա­նել հե­րո­սա­կան մեր Ար­ցա­խը, հա­յօ­րէն տո­կալ ար­տերկ­րի մէջ, որ­պէս­զի միա­ճա­կատ՝ բռունձ­քո­ւած քայ­լենք դէ­պի վերջ­նա­կան յաղ­թա­նակ։

­Վե­րած­նուն­դի տես­լա­կա­նը եւ գե­ղե­ցիկ լո­զունք­նե­րը, սա­կայն ի­րա­կա­նու­թիւն դարձ­նե­լու հա­մար, ան­յե­տաձ­գե­լի հրա­մա­յա­կան է ո­րոշ գործ­նա­կան մի­ջոց­ներ որ­դեգ­րել։ Օ­րի­նակ, հայ­րե­նի­քի ներ­կա­յու­թիւ­նը Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին, ոչ միայն ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նով, այլ նաեւ ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նով յա­տուկ ա­ռա­քե­լու­թեամբ պատ­րաս­տո­ւած գոր­ծիչ­նե­րու շնոր­հիւ։ հայ­րե­նի­քի հզօ­րաց­ման ու նաեւ ի­րա­կան հա­մա­հայ­կա­կան հա­յե­ցո­ղու­թեան ան­վի­ճե­լիօ­րէն կը նպաս­տէ, վեր­ջա­պէս հայ­րե­նի­քէն ներս վե­րա­պա­հել լուրջ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն հայ­րե­նա­զուրկ ու հայ­րե­նա­կա­ռօտ սփիւռ­քա­հա­յուն։

Այս բո­լո­րի լոյ­սին տակ, ի սրտէ կը մաղ­թեմ, որ ա­ռօ­րեայ մր ­կեան­քի հեւ ի հեգ վազ­քի ըն­թաց­քին, չմոռ­նանք հա­յու մեր պարտ­քը եւ յա­ջո­ղինք պա­հել ա­նա­մօ­րեան զար­դա­րուն ար­տա­քի­նին տակ թաք­նո­ւած վե­րած­նուն­դի թան­կա­գին գա­ղա­փա­րը, որ­պէս­զի դարբ­նէ մեր կամ­քը, ու­ժե­ղաց­նէ հա­ւատ­քը եւ հայ­րե­նի կանչն ու պայ­քա­րի եր­գը միշտ հնչեն մեր ա­կանջ­նե­րուն, մին­չեւ որ բիբ­լիա­կան մեր Ա­րա­րա­տի ստո­րո­տին, եր­գենք բո­լորս միա­սին ­Յաղ­թա­նա­կի քայ­լեր­գը։

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

azator.gr/?p=14710

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail