Լաւրով. «Թրքական Ղեկավարութիւնը Կարմիր Գիծը Անցաւ»

Սերկէյ Լաւրով

28 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2015

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ իր հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր երկիրը ներկայ հանգրուանին ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար Դամասկոսի հետ գործակցութեան մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ` նշելով, որ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին մէջ Ռուսիա պիտի շարունակէ անհրաժեշտ որեւէ օժանդակութիւն տրամադրել Դամասկոսի եւ պիտի շարունակէ աջակցիլ քաղաքական հոլովոյթի սկսման:

Լաւրով Մոալլեմէն խնդրեց շնորհակալութիւն յայտնել սուրիացի այն զինուորներուն, որոնք մասնակցեցան Սուրիոյ վերեւ թրքական օդանաւերու կողմէ վար առնուած «Սու-24»-ի ռուս օդաչուի փրկութեան գործողութեան:

«Թրքական ղեկավարութիւնը կարմիր գիծը անցաւ եւ երկիրը շատ դժուար կացութեան մէջ դնելու ռիսքին կը դիմէ», յայտարարեց Լաւրով: «Լկտիութիւն է, երբ երկիրներ կը խօսին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մասին, մինչդեռ ատոր կ՛աջակցին», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մենք մեծ հարցականներ ունինք ահաբեկչութեան դէմ պայքարին կառչածութեան վերաբերեալ թրքական ղեկավարութեան յայտարարութեան անկեղծութեան շուրջ»:

Լաւրով նաեւ յայտարարեց, որ Ռուսիա 1 դեկտեմբերէն սկսեալ կը դադրեցնէ Թուրքիոյ հետ առանց այցեգիրի մուտքի դրութիւնը:

Մոալլեմ իր կարգին նշեց, որ Սուրիոյ բանակը ռուսական օդուժի աջակցութեան շնորհիւ յաջողած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրել` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժին արձանագրած յաջողութիւնները հարիւր անգամով կը գերազանցեն Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքին իրագործումները:

Քրեմլին յայտարարեց, որ Մոսկուա մերժած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հեռաձայններուն պատասխանել, որովհետեւ Անգարան պատրաստ չէ ներում հայցելու: Քրեմլին նաեւ յայտարարեց, որ Էրտողան խնդրած է երկուշաբթի օր Փարիզի մէջ նախատեսուած կենսոլորտի շուրջ վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունենալ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ` աւելցնելով. «Թուրքիան պատրաստ է ներում հայցելու, այդ պատճառով ալ կը մերժենք նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի (Փութինի հետ) հանդիպումի խնդրանքը»:

Էրտողան. «Փութինի Յայտարարութիւնները
Անընդունելի Են»
Էրտողան Փայփուրթի մէջ զարգացման ծրագիրներու բացման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ դարձեալ պնդեց, որ թրքական օդուժը 10 անգամ զգուշացուցած է «օտար կործանիչները, որոնք մեր օդային սահմանը հատեցին: Մենք ծանօթ չէինք մեր օդային տարածքը հատած օդանաւի ինքնութեան, եւ զայն վար առնելէ ետք է, որ գիտցանք, թէ ռուսական է եւ զայն դիտաւորեալ կերպով վար չառինք»` աւելցնելով. «Մենք որեւէ օդանաւի, ինչ ալ ըլլայ ատոր ինքնութիւնը, չենք արտօներ մեր օդային տարածքը մուտք գործել, որովհետեւ շրջանը կը բոցավառի եւ ատոր մէջ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան»: Ան անընդունելի նկատեց ռուս պաշտօնատարներու, մասնաւորաբար Փութինի յայտարարութիւնները:

Թրքական «Հեպերլեր» կայքը հաղորդեց, որ Էրտողան յայտարարած է, որ եթէ Ռուսիան ապացուցէ, որ Թուրքիան ՏԱՀԵՇ-էն քարիւղ կը գնէ, ապա ինք պիտի հրաժարի:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիա յաւելեալ տագնապներէ զգուշանալու համար առկախած է Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ իր յարձակումները: Ապահովական աղբիւր մը «Հիւրրիյէթ»-ին յայտնած է. «Երկու կողմերը (Թուրքիա եւ Ռուսիա) համաձայնած են զգուշ ըլլալ մինչեւ լարուածութեան մեղմացման համար երկխօսութեան խողովակներու հաստատումը»:

«Անատոլու» հաղորդեց, որ ռուսական իշխանութիւնները Ռուսիոյ Կրասնոտար քաղաքին մէջ հողագործութեան նուիրուած ցուցահանդէսի մը ընթացքին ձերբակալած են մասնակից 26 թուրք գործարարներ: Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ գործակալութեան յայտնած են, որ քաղաքային հագուստներ հագած ռուս ոստիկաններ շրջած են ցուցահանդէսի վայրը եւ ստուգած անցագիրները, ապա թուրք գործարարները ձերբակալելով զանոնք փոխադրած են ոստիկանատուն, ուր անոնք արգելափակուած մնացած են մինչեւ հինգշաբթի առտու, որմէ ետք զանոնք փոխանցած են դատարանի մը, որ հրամայած է թուրք գործարարները 10 օր արգելափակել, ապա զանոնք արտաքսել իրենց երկիրը:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail