Հայաստանի Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Միջին Արեւելքի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Հայաստանի Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Միջին Արեւելքի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը

06 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: ««Որոշում «Արեւմտեան Հայաստանի հայերի Պաշտպանութեան ուժեր կազմաւորելու վերաբերեալ»»»

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Իրանական կողմին նախաձեռնութեամբ 5 յունուարին տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի միջեւ: «Արմէնփրես»-ին այս մասին յայտնած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն:

Արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են վերջին օրերուն Պաղտատի մէջ մարդկային զոհեր պատճառած դէպքերուն պատճառով Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Արտաքին գործոց նախարար Մնացականեան Հայաստանի կառավարութեան անունով ցաւակցութիւն յայտնած է Իրանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին` Իրանի բարձրաստիճան զինուորականի սպանութեան առիթով: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր նկատած է հետագայ լարուածութեան կանխումը եւ խաղաղ միջոցներով իրադրութեան լիցքաթափումը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը շարունակելու սերտ համագործութիւնը իր բոլոր գործընկերներուն հետ` շրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան ուղղութեամբ:

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

aztagdaily.com/archives/459970

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail