«Սիւլէյմանի Դիմադրութեան Առանցքին Եւ Ամբողջ Իսլամ Ժողովուրդին Նահատակն Է. Արդար Պատիժը Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Զինուորական Ներկայութեան Վերջ Պիտի Դնէ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա
06 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐԲԱՐՈՍԱԿԱՆ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆ: ««Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում»»
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի եւ Ժողովրդային աշխարհազօրի փոխնախագահ Ապու Մեհտի Մուհանտեսի անարգ սպանութեան առիթով, Հըզպալլա երէկ կազմակերպեց յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Հարաւային արուարձաններու «Սէյիտ Շուհատա» համալիրին մէջ, եւ որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ 2 յունուար 2020-ը անկիւնադարձային թուական մը պիտի ըլլայ` ամբողջ շրջանին համար նոր փուլ մը եւ նոր պատմութիւն մը սկսելու առումով:
Ան հաստատեց, որ այդ թուականին ընթացքին է, որ հաժ Քասեմ Սիւլէյմանի իր նպատակն ու փափաքը իրագործեց` նկատի ունենալով, որ Սլէյմանի եւ Մուհանտես մանաւանդ վերջին տարիներուն ընթացքին կը փափաքէին նահատակուիլ:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ շեշտեցին, որ այդ սպանութեան հրահանգը տրուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ` աւելցնելով, որ ասիկա յստակ ոճիր է եւ ոչ թէ ահաբեկչական անյստակ գործողութիւն:
«Սիւլէյմանին բացայայտ ոճիրի թիրախ դարձնելու որոշումը քանի մը անգամ զայն մահափորձի ենթարկելու ձախողութեան հետեւանք է, ինչպէս նաեւ ուղղակիօրէն կապուած է շրջանային վերջին զարգացումներուն եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնները կանխող փուլին: Թրամփ իր ընտրուած օրէն սկսեալ ջանաց Իրանի իսլամական վարչակարգը տապալել, ան հիւլէական համաձայնութիւնը խզեց եւ Իրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ եւ շրջափակում պարտադրեց, սակայն ապարդիւն դուրս եկան այդ արարքները: Հետեւաբար ան անճրկեցաւ եւ չիմացաւ, թէ ի՛նչ պիտի ըսէ ամերիկացիներուն` այս թղթածրարին առումով իր արձանագրած ձախողութեան համար: Ան ձախողեցաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ, դաւաճանեց քիւրտերուն, ինչպէս նաեւ ձախողեցաւ Լիբանանի, Եմէնի ու Աֆղանիստանի մէջ», շեշտեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ Թրամփ մեծամիտ է եւ այդ առումով ինք թափանցիկ է ու յստակ: «Թրամփ այլ երկիրներ, միջազգային կազմակերպութիւններ եւ միջազգային ընտանիք չի տեսներ, նկատի չ՛ունենար, իսկ Իրաքի պարագային` օր մը չէ ընդունած, որ Իրաք անունով երկիր մը գոյութիւն ունի, այլ` միշտ խօսած է Իրաքը բռնագրաւելու եւ անոր նաւթահորերուն տիրանալու եւ քարիւղը արտածելու եւ աշխարհին վաճառելու մասին: Իրաքի նկատմամբ Թրամփի տեսակէտը այն է, թէ այդ երկիրը պէտք է ենթակայ ըլլայ ամերիկեան վարչակարգին` Իրաքի մէջ ամերիկացի դեսպանին կամ ամերիկեան ուժերուն ընդմէջէն:
Թրամփ փափաքեցաւ Իրաքը տկարացնել ՏԱՀԵՇ-ի միջոցով, սակայն ահաբեկչութեան դէմ իրաքցիին տոկունութեան դիմաց ան դարձեալ ձախողեցաւ: Ահա հոս է, որ կը դրսեւորուին Քասեմ Սիւլէյմանիի եւ Ապու Մեհտի Մուհանտեսի դերերը:
ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը աւարտելէ ետք, իրաքցիները պահանջեցին ամերիկեան ուժերուն հեռացումը Իրաքէն` նկատի ունենալով, որ անոնց դերակատարութիւնը աւարտած է: Իրաքի մէջ Ատել Ապտել Մեհտիի նախագահութեամբ կառավարութեան կազմութիւնը ընդվզեցուց Միացեալ Նահանգները, որովհետեւ Իրաքի կառավարութիւնը մերժեց ամերիկեան շրջափակումը եւ «Դարու գործարք»-ին մաս կազմութիւնը եւ ուղղուեցաւ Չինաստան, որուն հետ տնտեսական համաձայնագիրներ ստորագրեց, ինչպէս նաեւ մերժեց Սուրիոյ հետ իր սահմանը փակ պահել:
Միացեալ Նահանգներ անդրադարձան, որ Իրաք իրենց իշխանութենէն դուրս կու գայ, եւ զգացին, որ կը կորսնցնեն Իրաքի բնական հարստութիւնը, այդ պատճառով ալ լծուեցան Իրաքի եւ Իրանի ժողովուրդներուն միջեւ սադրանքներ նախապատրաստելու` որովհետեւ զգացին նաեւ, որ Իրան կը զօրակցէր իրաքցիներուն», հաստատեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ շրջանը մուտք գործած է նոր փուլ մը:
Ան նկատել տուաւ, որ ամերիկեան այս յարձակումը շրջանին մէջ նոր տեսակի պատերազմի մը բռնկումն է: «Միացեալ Նահանգներ փնտռեցին բան մը, որ իրեն համար նուաճում մը կ՛իրագործէ` կոտրելով Դիմադրութեան առանցքը, ինչպէս նաեւ Իրանի դէմ պատերազմ մը չի բռնկեցներ», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Քասեմ Սիւլէյմանի ամէն տեղ էր` Սուրիա, Իրաք, Եմէն, Աֆղանիստան, եւ այդպէս ալ պիտի մնայ:
Ան աւելցուց, որ Սիւլէյմանիի հետ իր վերջին հանդիպումին ընթացքին զգուշացուցած է զայն, որ ամերիկեան լրատուամիջոցները կը կեդրոնանան զինք սպաննելու վրայ: «Հաժ Քասեմ ժպիտով մը պատասխանեց հետեւեալը. «Աղօթէ՛, որ նահատակութեան արժանանամ», յայտնեց Նասրալլա:
Ան հաստատեց, որ Սիլէյմանիի սպանութեամբ Դիմադրութեան առանցքը պիտի չթուլնայ, այլ` աւելի եւս պիտի զօրանայ` Իրաքի մէջ եւ ամէնուր:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ աշխարհը ամբողջ կը սպասէ Իրաքի խորհրդարանի նիստին, որուն ընթացքին պիտի հրապարակուի ամերիկեան ուժերը Իրաքէն հեռացնելու որոշումը: «Այդ որոշումը չտրուելու պարագային, իրաքցիներն ու Դիմադրութեան ջոկատները պիտի մերժեն խորհրդարանին կեցուածքը, որովհետեւ անոնք այլեւս չեն կրնար հանդուրժել Իրաքի մէջ ամերիկացի զինուորին ներկայութիւնը: Իրաքի մէջ մնալու ամերիկացիներուն նպատակը, որուն համար անոնք սպաննեցին նաեւ հաժ Քասեմն ու հաժ Ապու Մեհտին, պիտի եզրափակուի ամերիկացիներուն զղջումով եւ ամերիկեան բռնագրաւումէն Իրաքի երկրորդ ազատագրումով», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:
Ան ըսաւ, որ շրջանին մէջ դէպքերը աւելի արագ եւ տարբեր կերպով պիտի զարգանան, հետեւաբար Դիմադրութեան ուժերը իրենց աշխատանքը պէտք է համադրեն:
«Միացեալ Նահանգներ կը կարծեն, թէ իրանցի մը սպաննած են, կամ Իրանի վերաբերող պատասխանատու մը, սակայն Քասեմ Սիւլէյմանի միայն Իրանը չի ներկայացներ, այլեւ ան Դիմադրութեան առանցքին եւ ամբողջ Իսլամ ժողովուրդին նահատակն է: Հետեւասբար արդար պատիժը պիտի ըլլայ այն, որ շրջանին մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութեան վերջ դնէ», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:
Ան աւելցուց, որ Դիմադրութեան ուժերը երբ շարժին, ամերիկեան ուժերը շրջանէն դուրս պիտի գան խայտառակուած եւ տկարացած վիճակով: «Երբ ամերիկացի սպաներուն եւ զինուորներուն դագաղները իրենց հայրենիքը փոխադրուելու սկսին, այն ատեն Թրամփ պիտի անդրադառնայ, որ ձախողած է, իսկ երբ ամերիկացիները շրջանէն հեռանան` Երուսաղէմի ազատագրումը շատ աւելի մօտալուտ պիտի ըլլայ», եզրափակեց ան:
aztagdaily.com/archives/459967