ՕՇԻՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԳԷՈՐԳԵԱՆ – Ինչո՞ւ Ս. Ծնունդը Յունուար 6-ին Կը Տօնենք – ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ - Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ

ՕՇԻՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԳԷՈՐԳԵԱՆ – Ինչո՞ւ Ս. Ծնունդը Յունուար 6-ին Կը Տօնենք – ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ

06 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

Ինչո՞ւ Ս. Ծնունդը Յունուար 6-ին Կը Տօնենք

ՕՇԻՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Մեր հովուական ծառայութեան դաշտին մէջ յաճախ մեզի կ՛ուղղուի «ինչո՛ւ»-ներու հսկայ շարան մը, թէ` Արեւելեան եւ Արեւմտեան եկեղեցիները ինչո՞ւ տարազի մը կամ թուականի մը շուրջ չեն համաձայնիր ու միասնաբար չեն տօներ Ս. Ծնունդը:

Յայտնեք, թէ աւետարաններու մէջ, ոչ մէկ թուական յիշուած է. ո՛չ յունուար 6 եւ ո՛չ ալ դեկտեմբեր 25: Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, առաջին դարուն քրիստոնեաներն յիշատակելի միակ տօնը, որ ունէին, այդ ալ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ դէպքն էր: Աւելի ետք, երկրորդ դարուն, երբ աւետարանները գրուած էին, Քրիստոսի կեանքէն քաղուած այլ յիշատակներ ալ սկսան կարեւոր նկատուիլ քրիստոնեաներու կեանքին եւ դաստիարակութեան համար:

Այդ յիշատակելի դէպքերը եղան.

– Գաբրիէլ հրեշտակի կողմէ Ս. Կոյսին աւետումը
– Յիսուսի Ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ
– Երեք մոգերու այցելութիւնը
– Յիսուսի քառասնօրեայ Տաճար ընծայումը
– Յորդանան գետին մէջ մկրտութիւնը եւ Յիսուսի առաջին հրաշքը` Կանայի հարսանիքը:

Այս բոլոր յիշատակները միասնաբար սկսան տօնել նոյն օրը` Աստուածայայտնութեան անուան ներքեւ, ինչպէս կ՛ըսէ Բարսեղ Կեսարացի հայրապետ. «Այս տօնին անունը Աստուածայայտնութիւն դնենք»:

Հետեւաբար օրուան սրբազան հայրապետները, ըլլան հայ թէ օտար, իբրեւ պատմական իրողութիւն քաղելով մեր նախնիներէն, որոշած էին յունուար 6-ը նկատել ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆ: Մեր գրութեան ընթացքին պիտի տեսնենք պատմական անհերքելի ճշմարտութիւններ այս նիւթին մասին:

1.- Առաքելական 34 կանոններու 7-րդ կանոնին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Առաքեալները կարգեցին եւ հաստատեցին, որ Փրկիչին Ծննդեան եւ Յայտնութեան տօնը կատարուի Յունուար 6-ին, եւ մեծ ցնծութեամբ եւ տօնախմբութեամբ տօնեն այս տօնը»:

Կանոնագիրք Հայոց Առաքելական Կանոններ
Ա. հատոր, էջ 32

2.- Գրիգոր Նազեանացի հայրապետի երեսուն կանոններու երրորդին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Եւ ոմանք փոխել ուզելով Ս. Ծնունդի Առաքելական կնիքը, հաստատ չմնացին»:

Կանոնագիրք Հայոց, Կանոնք Գրիգոր Աստուածաբանին,
Բ. հատոր, էջ 183

3.- Կղեմէս հայրապետ իր կանոններուն մէջ կ՛ըսէ. «Ս. առաքեալները իրենց Տիրոջ Ծննդեան օրը յունուար 6-ին հաստատեցին»:

4.- Եփրեմ Խուրի Ասորի (+379) իր Ծննդեան ճառին մէջ կը յիշատակէ, թէ իր ժամանակաշրջանին, Միջագետքի մէջ Ս. Ծննդեան եւ Յայտնութեան տօնը յունուար 6-ին կը նշէին:

5.- Յովհան Ոսկեբերան հայրապետ, 386-ին Անտիոքի մէջ իր խօսած քարոզի մը մէջ կ՛ըսէ. «Հազիւ տարի մը եղաւ, որ Ծննդեան տօնը նոր թուականով կը տօնենք»: Ակնարկութիւնը նոր թուականին, այսինքն դեկտեմբեր 25-ին է:

6.- Յուստինիանոս կայսեր հրաւէրով, Կարնոյ մէջ գումարուած ժողովին, որուն մասնակցեցան նաեւ Հայոց Սահակ Ձորափորեցի Գ. կաթողիկոսը, առաջին կանոնին մէջ կը կարդանք, «Աստուածայայտնութեան տօնը` զոր Փիլիպոս Առաքեալի Կանոն կը կոչենք, առաքեալները յունուար 6-ը կարգեցին, Ծնունդն ու Մկրտութիւնը միասին նոյն օրը տօնել»:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Կանոնագիրք Հայոց
Բ. հատոր, էջ 246

Հետեւաբար, այստեղ կ՛ուզենք մէկտեղել նաեւ մեր շնորհալի հայրապետին ողջամիտ մէկ տեսութիւնը Ծնունդի նկատմամբ. «Որովհետեւ հաւատքին ճշմարտութիւնը միեւնոյն է, պէտք չէ տօներու բաժանումին համար իրար հակառակիլ, վասնզի ամէն ինչ, որ Աստուծոյ փառքին համար է, հաւասարապէս Անոր կողմէ ընդունելի է:

Հայաստանեայց եկեղեցին իր նախնիներէն սկսած ունի նաեւ սա աւանդութիւնը, ըստ որուն, Տիրոջ Ծնունդն ու Մկրտութեան տօնը մէկ օրուան մէջ կը կատարենք, եւ ասիկա ոչ թէ առանց պատճառի, այլ խիստ խորհրդաւոր: Վասնզի բոլոր եկեղեցիներն ալ սկիզբը այնպէս կը կատարէին, ինչպէս Ձեր իմաստութիւնը գիտէ* ու, թէեւ ժամանակէ մը ետք ուրիշ եկեղեցիներու մէջ մէկ տօնը երկուքի բաժնեցին, բայց մենք Ս. Գրիգորէն մեզի աւանդուածը անփոփոխ պահեցինք:

Ս. Ղուկաս Աւետարանիչի վկայութեան համաձայն, որով Զաքարիայի պապանձելէն յետոյ, կը պատմէ «Յետ աւուրցն այնոցիկ գնաց ի տուն իւր» «թէ` յղացաւ Եղիսաբէթ կին նորա»: Եւ Զաքարիայի քահանայագործութեան օրերը կը կոչէ քաւութեան հինգօրեայ, եւ տաղաւարահարաց եօթնօրեայ տօները, ու կ՛ընէ տասներկու օր, հրեշտակին տեսիլն ու Զաքարիայի պապանձումը տեղի ունեցաւ քաւութեան տօնին առաջին օրը, որ, ըստ Եբրայեցւոց թշրինի տասը ու հռովմէացւոց սեպտեմբերի քսան եւ եօթն էր, որ ատեն դուք պատահած կը նկատէք. Եղիսաբէթի յղութիւնը, որպէս թէ (Զաքարիա) այն օրը` ուր Գաբրիէլ հրեշտակապետը Աւետիս տուաւ անոր` իր տունը գնաց եւ յղացաւ անոր կինը Եղիսաբէթ, չսպասելով տօնին կատարումին, ինչպէս կը պատմէ Աւետարանիչը թէ` «երբ լցան աւուրք պաշտման նորա, ապա գնաց ի տուն իւր», որ Երուսաղէմէ հեռու Հրէաստանի լեռնակողմը կը գտնուէր:

Այսպէս Կոյսին Աւետումը տեղի ունեցած է կ՛ըսէք Մարտ քսանըհինգին, եւ Ծնունդը Դեկտեմբեր քսանհինգին, տասներկու օրերու լրումէն յետոյ, զորս Զաքարիա «Աւուրք պաշտման» կը կոչէ, որ է թշրինի քսաներկու եւ հոկտեմբերի երկուքին, ու այս հաշուով կոյս Մարիամի Աւետիսը կ՛իյնայ ապրիլ վեցին, եւ Ծնունդը յունուար 6-ին: Եւ նոյն օրը յորժամ ծնաւ ամսաթուին եւ ոչ թէ օրուան պատկերին համաձայն` յունուար վեցին երեսուն տարի ետքը կատարուեցաւ Յորդանանի մէջ, եւ ասի անսխալ է:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Վասնզի եթէ երեսնամեայ էր եւ ոչ աւելի կամ պակաս, ուրեմն մկրտութեան օրն ալ Ծնունդի օրուան մէջ պէտք է եղած ըլլայ, եթէ երեսուն տարին պէտք է անթերի եւ աւելորդ մնայ: Իսկ եթէ առաջ Ծնունդն էր եւ տասներկու օր վերջ մկրտութիւնը, պէտք չէր ըսել, թէ` «Յիսուս էր ամեայ երեսնից»: Այլ թէ «Յիսուս երեսուն եւ մէկ տարին սկսած էր» ինչպէս օրերու անուններուն մէջ կը տեսնուի` քանզի երբ արեւը ծագի ալ անցած օրուան անունը չենք տար, ապա նորիին, ամիսներուն, եւ տարիներուն, հաշիւին մէջն ալ` նորը սկսած ատեն առաջին օրը նորին անունով կը կոչուի եւ ոչ թէ հինին:

Այս բոլոր ուղիղ եւ յայտնի պատճառներուն համար է, որ առաջին հայերը, մէկ օրուան մէջ սահմանեցին Ծնունդի եւ Մկրտութեան Խորհուրդը, ու մենք ալ անոնց հետեւելով աւանդութիւնը կը շարունակենք:

Այս ըսուածներուն հետ մէկտեղ ուրիշ խորհրդաւոր բան մը կայ, ինչպէս որ մարմնով Ս. Կոյսէն ծնաւ, մկրտութեամբ ալ ծնաւ Յորդանանէն, իբրեւ օրինակ մեզի, եւ որովհետեւ երկուքն ալ Ծնունդ են, թէեւ մէկը միւսէն տարբեր` խորհուրդով եւ ժամանակով, ասոր համար առաջին Ծնունդին հետ միասին տօնել սահմանուեցաւ նաեւ երկրորդ Ծնունդը:

Տակաւին շատ պատճառներ կային աւանդութիւնը արդարացնելու եւ առաջին հայերու աւանդութիւններու համաձայնելու, թէ` ինքնահաճութեամբ մենք չբաժնուեցանք ուրիշ ազգերէն այսպէս տօնելով, այլ ուրիշներ նախապէս մեր սովորութիւնն ունենալով իրենց ուզածին պէս փոխեցին, այն ձեւին, զոր հիմա ունին:

Իսկ մեր եկեղեցին առաջիններուն սովորութիւնը անփոփոխ պահեց աշխարհէն հեռաւորութեա՞ն պատճառաւ, թէ այս բաժանումին հետեւանքով` որ ատելութեան ախտը ներածեց, չենք գիտեր:

Վասնզի ատելութիւնը ոչ միայն նորաձեւ աւանդութիւններու տեղի չի տար, այլ նաեւ կը ջանայ հին սովորութիւններէն հեռանալ հակառակորդին ատելութեան պատճառով:

Իսկ սիրոյն զօրութիւնը ոչ միայն պատշաճն ու դիւրին, այլ նաեւ անպէտն ու դժուարութիւնը յանձն առնել կու տայ, սիրելիին հաճոյքը կատարելու համար:

Եւ ինծի կը թուի, թէ այսպիսի իրերու մէջ յանցանքը ո՛չ ամսոյն թիւն է եւ ոչ ալ օրուան պատկերը, այլ միայն հակառակութիւնը, վասնզի որ օրն ալ տօնէ մարդ, առանց հակառակութեան, հաճոյ է Աստուծոյ:

Չկայ աւելի մեծ տօն մը, քան Զատկի խորհուրդը, որուն մասին շատ մը եկեղեցիներ նախապէս բաժնուած էին իրարմէ: Ինչպէս կը պատմէ Եւսեբիոս Կեսարացի, թէ` Ասիացւոց կողմերը հինգշաբթի օրը Ին Զատկին համաձայն կը տօնէին:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Յովհաննէս Աւետարանիչէն սորվելով, իսկ Հռովմէացւոց եկեղեցիները միաշաբթի` մեր ՏԻՐՈՋ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ օրը, ու քիչ մը հակառակելէ վերջ` դարձեալ խաղաղեցան Առաքելոց հետեւող Երանոսի միջնորդութիւնովը, վասնզի նա կ՛ըսէ. «(Եւսէբերոս) երկու կողմերուն թէ` «որովհետեւ հաւատքին ճշմարտութիւնը միեւնոյնն է, պէտք չէ տօներու բաժանումին համար իրարու հակառակիլ, վասնզի ամէն ինչ որ Աստուծոյ փառքին համար է, հաւասարապէս, Անոր կողմէ ընդունելի է»: «Ինչպէս որ մարմինին գոյները սեւութիւն, կամ սպիտակութիւնը, չեն վնասեր մարմինին, երբ ան առողջ է, այսպէս ալ տօներու կամ եկեղեցիի ուրիշ աւանդութիւններու զանազանութիւնը չեն վնասեր հոգիներուն անոնց, որոնք առողջ հաւատք ունին:

Ուրիշ կարեւոր ապացոյց մը եւս, մեր պատմաբան Ստեփանոս Սիւնեցիի մեկնութիւններէն, թէ յոյները կը մեղադրէին մեզ թէ ինչու մենք հայերս` Աւետումը մարտ 25-ին եւ Ծնունդը դեկտեմբեր 25-ին չենք կատարեր: Արդարեւ մեր պատմաբանը, սիւնեցին, հրաւէր կը կարդայ Անտիոքի եպիսկոպոսին, որպէսզի ցոյց տայ, թէ ո՞ր գիրքին մէջ գրուած է այդ տօներուն համար վերոյիշեալ օրերուն սահմանած ըլլալը: Ու եթէ ատոնք (Արտեմոնի) սահմանած օրէնքներն են, մենք չենք ընդունիր զանոնք, որովհետեւ (Արտեմոն) եօթը ամիս միայն աշակերտած է Յովհաննու առաքեալին, եւ յետոյ բաժնուելով անկէ` անոր հակառակ կանոններ սահմանած:

Մեզի համար ընդունելի չէ նաեւ կ՛ըսէ մեր պատմաբանը (Յոբնազի) եւ մարկիանոսի սահմանած կանոնները, այլ ճիշդ ու վաւերական համարել ինչ որ սահմանած է (Յակոբոս) Տեառըն եղբայր կարգադիր եկեղեցական, կանոններու եւ ընթերցուածներու, ըստ որուն առաքեալը (Տիբեթա) ամսուն 25-ին կը կատարէր Ս. Ծնունդը, որ է Յունուար 6-ը:

Ա.- Արդարեւ (Արտեմոն) յունական աղբիւրներէ առնուած անուն մըն է, բայց այդ անունով ծանօթ անձնաւորութիւն չկար յայտնի հակառակորդ, Յովհաննէս առաքեալին. հակառակորդներու անուններուն մէջ չի յիշուիր հաւանաբար, շփոթուած ըլլայ երրորդ դարու սկիզբը ապրած հերձուածողին անունին հետ:

Բ.- Յոբնազ եպս. Երուսաղէմի, նկարագրէ զուրկ եղող մարդ մըն էր, սկիզբը Դիոսկորոսի ջերմ պաշտպան մը ըլլալով կայսերական ճնշման տակ Քաղկեդոնի ժողովը ընդունեց ստորին եղանակով մը:

Գ.- Գալով (Մարկիանոսի), որուն համար կ՛ըսէ Սիւնեցին թէ` Անտիոքցի Պետրոսը (Կնափետի) կամ թափիչի, իր ստակներով սպաննել տուած ըլլայ, այդ պարագան զրոյց մը ըլլալ կը թուի: Ստոյգ էր որ Զէնոնի առաջին տարիներուն աթոռընկէց եղաւ Պետրոս Անտիոքեցին, բայց կայսերական պաշտպանութեան արժանացաւ վերստին:

Սովորաբար, իրեն կ՛ընծայուի Խաչվերացի յաւելուածն, ի սրբասացութիւնն, զորս Անաստաս կայսրը նուիրագործեց, եւ ընդհանրացուց ամէն կողմ:

Դ.- (Տիբեթա) 40-րդ ամիսն է հրէից, որուն 25-ը կը համապատասխանէ հռովմէական տոմարի համեմատ յունուար 6-ին: (Տե՛ս, Անանիա Շիրակացիի մնացորդաց բաժնից, էջ 13-ի Ճառն Յայտնութեան):

Այսօր եւս Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներս, նոյն նախանձախնդրութեամբ պէտք է պահենք հին սովորութիւնները, տօնելով Ծնունդը եւ Մկրտութիւնը յունուար 6-ին:

Հետեւաբար` ամէն ինչ որ Աստուծոյ փառքին համար է` հաւասարապէս, ընդունելի է անոր կողմէ:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:

(1) «Սահմանք Հաւատոյ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ», Շնորհալի կաթողիկոս հայոց, ուղղուած յունաց Մանուէլ կայսեր, Ընդ. Թուղթ, 120-143:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

aztagdaily.com/archives/459934#more

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail