ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ – Ո՞ւր էինք մնացած – Պատրիարքի ընտրութեան, չընտրութեան, միլիթան հասցնելու բամբասանքներուն
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ 30.12.2019
Պատրիարքի ընտրութեան, չընտրութեան, միլիթան հասցնելու բամբասանքներուն, ամանորի տաղտկնուկի մէջ պէտք չէ աչքէ հեռու պահել չարամիտներու դիտումնաւոր զրպարտութիւնները։
Վերջերս «Աքշամ» թերթի յօդուածագիր Էմին Փազարճըի «Արաս» հրատարակչութիւնը թիրախ դարձնող գրութիւնը կարելի չէ անտեսել եւ մանաւանդ անպատասխան թողուլ։
Փազարճը, իր այդ չարամիտ յօդուածով նախ կը նկարագրէ հայոց ցեղասպանութեան մասին Թուրքիոյ հասցէագրուած արտերկրեայ մեղադրանքները, ապա զգօն ըլլալու կոչ կ՚ընէ ներսէն հարուածողներու մասին։
«Ներսէն հարուածել» բացատրութիւնը կը բերէ մատնացոյց ընելով թրքահայ նօսրացած համայնքը։ Իրականութեան մէջ ան այս մերձեցման ռահվիրան չէ, այլ հանրապետութեան հիմնարկութեան տարիներուն եփած ապուրի մը վերջին պնակալէզը։ Ցեղասպանութեան եւ տարագրութեան մնացորդացը, այսինքն երկրի ոչ իսլամ բնակչութիւնը թուրք ազգայնականներու կողմէ դեռ պետութեան հիմնադրման տարիներուն «Հինգերորդ թեւ» անուանուած էր, ներքին թշնամիի իմաստով։ Էմին Փազարճը ահա այդ ապուրէն մնացածն է որ կը լիզէ հոտած պնակի ընդմէջէն։
Նախապէս զանազան առիթներով անդրադարձած ենք «Արաս» հրատարակչատան առաքելութեան։ Ան ցայսօր հրատարակած գիրքերով Թուրքիոյ հասարակութեան կը ներկայացնէ զգուշօրէն քօղարկուած իրականութիւն մը։ Թուրքիոյ հանրապետութեան իբրեւ պետական քաղաքականութիւն որդեգրած պատմութիւնը ուրանալու, ժխտելու ռազմավարութեան դէմ հրատարակչութեան միջոցաւ պայքար մըն է այս ազգային հաստատութեան կատարածը։ Այդ աշխատանքը ալ աւելի կարեւոր իմաստ կը ստանայ երբ երկրի հայութիւնը այլեւս վճռած է հրապարակել իր պահանջատիրութիւնը։
Սոյն պահանջատիրութեան երկու կարեւոր դրսեւորումներն են «Արաս»ի հիմնադրութիւնը եւ «Ակօս»ի հրատարակութիւնը։ Թրքահայութիւնը այս երկու նախաձեռնութիւնով փորձեց իր ձայնը լսելի դարձնել Թուրքիոյ հասարակութեան։ Սա ինքնին յանդուգն քայլ էր թէ ներհամայնքային եւ թէ երկրի ընդհանուր համոզումներու դէմ։ Յարատեւ ճնշումներուն իբր հետեւանք, հայը երկար տարիներ իր ապահովութիւնը կապած էր անտեսանելի ըլլալու մաշեցնող ռազմավարութեան։ Քանի կծկուէր իր պատեանին մէջ, այնքան ապահով ըլլալ պիտի կարծեր։ Թէեւ իշխող մտայնութիւնը, քանի մը տարիներու հերթականութեամբ բազում անգամներ այդ պատեանի մէջ իսկ հայուն տանջեց զանազան եղանակներով։
1990-ականներու կէսին, արդէն իսկ բաժակը յորդած էր եւ պատրիարքարանի ու համայնքային վարիչներու ամօթալի լռութեան դիմաց, մտաւորականներու ստուար հատուած մը որոշեց ձայն բարձրացնել, ազգին արժանապատուութիւնը բարձր պահելու մտահոգութեամբ։
Ողջամիտ մարդիկ գիտեն թէ ոչ Արաս եւ ոչ ալ Ակօս իրենց հրատարակութիւններով թշնամանք չեն ստեղծեր։ Ընդհակառակ անոնք ստեղծուած թշնամանքի դէմ է որ կը պայքարին։
Բնականաբար բարի միտքը սպառնալիք է չարամիտներուն համար։ Իսկ այս տողերը կը գրուին զգօնութեան հրաւիրելու բոլոր անոնք, որոնք վաղը կրնան ըսել «Ասոնք ալ շատ կը խօսէին»։
Փորձով գիտենք, շատ անգամներ լսած ենք այս դժբախտ չքմեղանքը։ Պատմութենէն գիտենք, հետեւաբար չմոռնանք թէ սակաւաթիւ հայ համայնքն ալ իր կարգին ունեցած է եւ այսօր ալ ունի սեփական «հինգերորդ թեւ» մը, որուն ամօթալի պատմութիւնը զգուշօրէն քօղարկուած է ներհամայնքային բազմաբնոյթ լծակներով։
agos.com.tr/am/hvotvadzi/23415/vowr-eink-mnatsadz