Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ՝ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Այնքան ատեն, որ մարմինս յօժար է եւ միտքս արթուն պահակը ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴին՝
07 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ:
Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ՝
ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ
Այնքան ատեն, որ մարմինս յօժար է եւ միտքս արթուն պահակը ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴին՝ ես պիտի փորձեմ ամէն օր «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ» վերտառութեամբ ընթերցողներուս, ընկերներուս եւ հարազատներուս հետ մեր օրը իմաստաւորել՝ ազգային մեր յիշողութեան մէջ պահպանուած անմեռ, մեր ուղին լուսաւորող խորհուրդով մը։
Դաշնակցական մամուլի էջերէն պիտի չկարենամ այս «բարի լոյս»ը ըսել, որովհետեւ Հ․Յ․Դ․ ԲԻՒՐՕ ստորագրութեամբ հրահանգ գացած է շուրջ կէս դար իմ ստորագրութիւնս հպարտութեամբ հայ ընթերցողին ներկայացուցած մեր մամուլին՝ արգիլելով լոյս ընծայումը եւ տարածումը իմ ստորագութիւնս կրող նիւթերու։
Բայց համացանցի մեր դարուն ես արդէն ուղղակի կապի ու հաղորդակցութեան հնարաւորութիւն ունիմ ընթերցողին հետ՝ իմ «բարի լոյս»ը անկաշկանդ ըսելու բոլորին։
Մեր սերունդներու հայեցի շնչաւորման եւ դաշնակցական կազմաւորման մէջ անփոխարինելի ազդեցութիւն ունեցած է «Զարթօնք» վէպը, որուն անմահանուն հեղինակին՝ Մալխասի (Արտաշէս Յովսէփեան – 1877-1962) մահուան տարելիցն է այսօր։
Ինչպէս որ ընդգծած եմ «Յուշատետր»իս էջերուն (Տես վերջին հրապարակումը՝ «Ազատ Օր», 4 Յունուար 2018), վեց հատոր կազմող Մալխասի «Զարթօնք» վէպը բարձի գիրք եղաւ օտար ափերու վրայ հասակ նետած մեր սերունդներուն համար։
Բառին ամէնէն վաւերական իմաստով փուռէն նոր դուրս ելած տաք հացի պէս սփիւռքահայութիւնը լափեց «Զարթօնք»ը։ Ոչ միայն պատանեկան մեր երեւակայութիւնը գերեցին Մալխասի կերտած հերոսները՝ Վարդանն ու Լեւոնը, Սոնիան ու Եւգինէն, Առիւծ Գեւոն ու Թոփալ Սատանան, այլեւ՝ իւրաքանչիւրէն վարակիչ օրինակ մը, կեանքը իմաստաւորող վարքագիծ մը եւ գաղափարապաշտութեան անմեռ սերմեր արմատ նետեցին հաւաքական մեր էութեան մէջ։
Մալխասի «Զարթօնք»ով անմահացած կերպարներն ու ազգային-գաղափարական արժէքները ընդգրկեցին 19րդ դարավերջէն մինչեւ 1920ականները երկարած հայոց պատմութեան ամէնէն բախտորոշ, ողբերգական, այլեւ հերոսական ժամանակաշրջանը։ «Զարթօնք»ը փաստօրէն հանդիսացաւ վիպականացուած ժամանակագրութիւնն ու յուշագրութիւնը հայ յեղափոխական շարժման, որուն թէ՛ նուիրեալ մասնակիցներէն եղաւ, թէ՛ իբրեւ անմահ կտակի վիպական շունչով հետագայ սերունդներուն փոխանցողը դարձաւ ինք՝ Մալխաս։
«Զարթօնք»ի աշխարհէն ահա բարի լոյս կ՛ըսեմ բոլորիս՝ բոլոր անոնց, որոնք իրենց օրը կ՛ուզեն սկսիլ, ապրիլ եւ իմաստաւորել Հայաստանի ու հայութեան լոյսով եւ շունչով՝ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ պաշտամունքը իրենց բջիջներուն ու արեան մէջ միշտ վարար պահելու եւ վերանորոգելու հոգեխառնութեամբ։
«Զարթօնք»ով մենք հայացանք եւ դեռ պիտի հայանանք՝ Վարդանի օրինակով օտար բեմահարթակներու վրայ ճառագայթելու, բայց սեփական փոքր ածուէն այլասերելու ամէն փորձութիւն յաղթահարելով։
«Զարթօնք»ով մենք ընկերացանք ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ մէջ՝ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան պայքարին ճամբով յեղափոխական դաշնակցութիւն կնքելով բոլոր նուիրեալներու միջեւ, ինչ որ ալ ըլլայ իւրաքանչիւրին դաւանական կամ գաղափարաբանական նախընտրութիւնը։
Բարի լոյս՝ հայ ազգային-ազատագրական շարժման նուիրագործած հայկական արժէքներն ու գաղափարական սրբութիւնները վնասկար ցեցերու այսօրուան վերապրուկներէն՝ կուսակցամոլութիւն քարոզող պատեհապաշտ շահատակներէն պաշտպանելու Մեր Ուխտը վերանորոգելով։
Նազարէթ Պէրպէրեան