ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ – Գաղափարապաշտ սերունդի մը ճակատագրական կարիքը ունինք այսօր, սերունդի մը որ ոգեզինուած ըլլայ ազգային բարձր գաղափարականով
ԱԿՆԹԱՐԹՆԵՐ
ԱԶԱՏ ԽՕՍՔ
Գաղափարապաշտ սերունդի մը ճակատագրական կարիքը ունինք այսօր, սերունդի մը որ ոգեզինուած ըլլայ ազգային բարձր գաղափարականով, համահայկական տեսլականով….եւ ոչ՝ քաղքենիական բարքերով ապրող, գետնամած սերունդի, որուն արժէքները ըլլան լոկ նիւթական հարստութիւնը, բարեկեցիկ կեանքն ու սին հաճոյքները….Հայ հերոսներու կեանքի վսեմ ու վսեմացնող օրինակը կրնայ ոգեշնչման աղբիւր ըլլալ անտարակոյս անոր հոգիի աշտարակումին, ոգիի խոյացումին….«Երիտասարդութեան հացը գաղափարական խանդավառութիւնն է», կ’ըսէ այնքան դիպուկ կերպով ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ….Գաղափարական այդ խանդավառութեան մէջ, մեր երիտասարդութիւնը պիտի գտնէ հայօրէն ապրելու հպարտութիւնը, ոգեղէնութիւնը, հաւատքը մեր ապագային հանդէպ, մերժելով եսամոլ տկարութիւնն ու ազգային դասալքութիւնը….
…………………..
Ազգի լինելութեան համար, բաւարար չեն տնտեսական-ռազմական եւ այլ էապէս ֆիզիքական բնոյթի հզօրութիւններն ու կարելիութիւնները….Ազգը նախ եւ առաջ ոգի է, դարերէն եկած եւ դէպի դարերը գացող ոգի, լինելութեան կերպ, ինքնատիպ աշխարհազգացողութիւն, մշակոյթ ու արուեստ, մայրենի լեզու եւ գիր, հոգեւոր-բարոյական որակ….Տնտեսական-ռազմական, ֆինանսական ուժը կրնայ պահել ազգի ու երկրի մարմինը միայն, որ առանց ոգիի կը վերածուի անշունչ ու անկենդան գոյութեան…..Ազգը էապէս կ’ապրի, կը մաքառի, կը պայքարի, կ’արարէ ոգիով, ոգիի նոր որակ ձեռքբերելու համար….
…………………..
«Քեզ, հայ լեզո՛ւ, կը սիրեմ մրգաստանի մը նման»….Կ’ըսէ Վահան Թէքէեան, քանզի Լեզուն, տարագիր արեւմտահայութեան պարագային, եղած է ոգեղէն հայրենիք մը, բռնագրաւուած հայրենիքի ոգին, յիշողութիւնը, նկարագիրը, մշակոյթը համակ….եւ տարագիր մեր ժողովուրդը անսահման սիրով, գուրգուրանքով փարած է իր լեզուին, զայն խնամած է մրգաստանի մը նման, զայն պաշտպանած է օտար հողմերէն ու փոթորիկներէն, ոռոգած է զայն իր սրտի արիւնով ու արցունքով….քանզի լեզուն մնացած է այն միակ գանձը անկողոպտելի, որ կարենայ հարազատօրէն ցոլացնել իր ինքնութիւնը, հայու հոգին Սփիւռքի օտար ափերուն….Տարիներ ու տասնամեակներ շարունակ, հայ հողին այրող կարօտը, անոր կորուստին առթած ցասման վրէժը, ազգային արժանապատուութիւնը, հայ մնալու եւ ապրելու տենդը մղած են «փոշի ազգ» դարձած Սփիւռքը՝ ամրօրէն կառչելու իր ազգային արմատին՝ հայոց լեզուին, որպէս հաց հանապազօրեայ, որպէս սերունդներու շարունակականութեան անքակտելի օղակ…Որպէս «Տունը հայուն աշխարհի չորս ծագերու», որպէս ներքին Հայաստան:
…………………..
Մենք չունեցանք պետական մտածողութիւն….Ամէն մէկը հետամուտ եղաւ իր սեփական շահին, երկիրը կողոպտելու իր բաժինին….կուսակցութիւնները՝ իրենց կերակրատաշտին, ընդդիմութիւնը՝ նոյնպէս, բախտախնդիր, պատեհապաշտ վարքագիծով…: Հրապարակ չիջան երբեք մարդիկ, որոնց համար ամէնէն էականը ընդհանրական շահն ըլլար, պետական մտածողութիւնը, որոնք ըլլային վերկուսակցական, վերխմբակային, վերքլանային….որոնք ունենային ազգային պետականութիւն ստեղծելու տեսիլքը, հիմնուած մեր հայկական արժեհամակարգի վրայ, համահայկական գաղափարի վրայ…, որոնք ազգի, հայրենիքի վերածնունդը տեսնէին մեր ինքնօրէն ապրելու արժանապատւութեան, վճռակամութեան մէջ: Ամէն ոք ունեցաւ իր մանր, ճղճիմ հաշիւը, նկատառումը, փառատենչութիւնը, չկարենալով զանոնք զոհել յանուն համընդհանուրի շահին, տեսիլքին, տեսլականին….յանուն պետականութեան կառուցումին:
…………………..
Ի՞նչ է պետութիւնը, պետականութիւնը…Արդեօ՞ք ինքնանպատակ դրուածք մըն է անիկա, զուտ հաւաքական կարգ ու կանոն, բարեկեցութիւն, հզօրութիւն եւ ապահովութիւն ստեղծելու համա՞ր միայն…Թէ՞՝ անոր գոյութիւնը պարտի ծառայել աւելի վեհ նպատակի մը: Մարդ արարածը նման բարեմասնութիւններ կրնայ գտնել ամենուր՝ աշխարհի չորս ծագերուն: Բայց ազգային պետականութիւնը էապէս կեանքի կը կոչուի՝ ազգի մշակութային-հոգեւոր-բարոյական արժէքները պահպանելու եւ ծաղկեցնելու համար, ազգի բուն էութիւնը, առաքելութիւնը ի կատար ածելու համար…Սա է անտարակոյս ազգային պետականութեան բուն գոյիմաստը կամ raison d’etre-ը….Մնացեալ նպատակներու իրագործումը ածանցեալ կը մնան սոսկ…
…………………..
Ի ՍԿԶԲԱՆԷ ԷՐ ԲԱՆՆ….Խօսքը, խօսքի արժէքը, խօսքի ազդեցութիւնը….Խօսքը կրնայ շինել կամ քանդել, յուսադրել կամ յուսալքել, ոգեպնդել կամ ոգեզրկել…Խօսքը հրաշքներ կրնայ գործել…: Ահա թէ ինչու օրն ի բուն կը բանին լրատուամիջոցները, քարոզչամեքենաները, գովազդներն ու հակագովազդները….մարդոց միտքերը հակակշռելու, անոնց ուղեղները լուալու, զանոնք կողմնորոշելու ա՛յս կամ ա՛յն գաղափարին, երեւոյթին, ապրանքին, ապրելակերպին….ի նպաստ, կամ՝ ընդդէմ…: Այս աղմուկ-աղաղակին մէջ, շատ անգամ ԽՕՍՔԸ կը վարկաբեկուի, կը դառնայ սուտի եւ կեղծիքի գործիք….Մարդ-անհատն ու հանրութիւնը տակաւ կը դառնան ծարաւի՝ ճշմարիտ, անկողմնակալ, անկեղծ խօսքի, որ չըլլայ հաշուենկատ, շահախնդիր…: Խօսք՝ որ ըլլայ ազատ ու ազատագրող, խօսք՝ որ ճշմարտութեան ակունքէն բխի եւ հասնի մարդոց սրտին ու մտքին, դառնայ ուղեցոյց փարոս՝ մթամած ու ամպամած մեր ժամանակներուն….
…………………..
Մշակոյթը ժողովուրդի մը ամբողջ ապրելակերպն է, կենցաղավարութիւնը, ոճը, ճաշակը, աշխարհահայեացքը, որոնք կը մշակուին օրօրոցէն, ընտանիքին մէջ, դպրոցին մէջ եւ ամէնուր…եւ անոր զաւակներուն մէջ կը կերտեն գեղեցիկը ընկալելու, գեղեցիկը ապրելու, գեղեցիկը արտայայտելու՝ իրենց ամէնօրեայ, ամէնպահեայ վարքագիծին մէջ: Մշակոյթը յայնժամ միայն կը դառնայ բարոյական, հոգեմտաւոր արժէքներու այն համակարգը, որ կ’ուղղորդէ իւրաքանչիւրին վարքն ու բարքը…ամենայն հարազատութեամբ եւ ամենայն բնականութեամբ…
…………………..
ԶՈՒԱՐՃԱՆՔԻ «ՄՇԱԿՈՅԹ»….Սա կարծես կլանած ըլլայ ճշմարիտ արուեստի եւ իրաւ մշակոյթի ամէն բարձրորակ արտայայտութիւն…դառնալով դարի հիւանդութիւնը, դառնալով հակամշակոյթ, որ իր ահեղ հոսանքին մէջ կ’առնէ երիտասարդն ու տարէցը, կին թէ երիտասարդ, մանուկ թէ պարման…կեանքը դարձնելով մակերեսային, եսամոլական խրախճանքի հանդէս, ուր տեղ չկայ արուեստի վաւերական արժէքներուն, բացի շատ հազուադէպ պարագաներէ, որոնք չեն զգենուր համաժողովրդական բնոյթ….«Լաւ ժամանակ» անցընելը, ուտել-խմել-զուարճանալը դարձեր է կեանքի գերագոյն նպատակ, լաւ կեանքի չափանիշ….Հարց կը ծագի, թէ այսպէ՞ս պիտի կարենանք հայեցի ինքնութիւն պահել-պահպանել եւ զայն փոխանցել յաջորդական սերունդներուն….
…………………..
Կարեւորը՝ բոլոր պարագաներուն, ներքին ազատութիւնը պահպանելն է, կառչելով՝ Հայոց լեզուին, Բառ ու Բանին, երգ ու տաղին, մշակութային-հոգեւոր արժէքներուն, հայ հոգիին ու ինքնութեան տարրերուն….Սա է բուն ազատութիւնը…Ամէնէն ազատ պայմաններու տակ, ազգեր տակաւ անհետացած են՝ հեռանալով իրենց ազգային դիմագիծը բնորոշող տարրերէն….Ամէնէն անազատ պայմաններու տակ, ազգեր մաքառած ու պայքարած են եւ կենսունակ պահած-պահպանած են իրենց ազգային ինքնութիւնը….կամ ներքին ազատութիւնը…: Ընտրութիւնը միշտ ալ մերն է….
…………………..
Մենք մեր սեփական պատմութեան հետ ճիշդ, անաչառ, անսակարկ եւ անկաշառ կերպով առերեսուելու խնդիր ունինք…Յայնժամ միայն կրնանք ուրիշներէ պահանջել որ՝ առերեսուին իրենց պատմութեան հետ, ազատ, արդար ու անաչառ կերպով…: Արդարութիւն պահանջելու համար, դուն ինքդ արդար պիտի ըլլաս՝ ներքին թէ արտաքին դրսեւորումներուդ մէջ…Իսկ մենք այդպիսի՞ն ենք արդեօք:
…………………..
Նիւթական եւ նիւթակեդրոն ոյժը կրնա՞յ երբեւէ յարատեւել Պատմութեան մէջ, երբ չկայ հոգեւոր-բարոյական ոյժի հետ ներդաշնակուելու ձգտումը, իմաստնութիւնը….Յանուն Նիւթին, յանուն Շահին ամենազօր, կ’եղծանուին եւ կը ժխտուին մարդկային դարաւոր, աւանդական արժէքները, կ’այլասերուի մարդկային հոգին, կը վերանան դարերու քննութիւնը բռնած հասկացութիւններ, ըմբռնումներ, առաքինութիւններ, կ’ապականուի եւ կը պղծուի բնութիւնը….Արդի «քաղաքակրթութիւն»ը իր ԼԻՆԵԼ-ՉԼԻՆԵԼՈՒ սահմանագիծին վրայ է կանգնած….ուրկէ անդին՝ կամ կործանումն է, ոչնչացումը, կա՛մ ալ՝ նոր մարդկութեան վերածնունդը….,որուն յառաջապահները ըլլալու առաքելութիւնը տրուած է սակաւ ընտրեալներուն…..Երանի՛ անոնց:
…………………..
«Հարցումները աւելի կարեւոր են, քան անոնց տրուած պատասխանները», կ’ըսէ նշանակաից կերպով Հելլէն փիլիսոփան….Հարցադրումներն են որ կ’ընդլայնեն մեր խորհրդածութեան դաշտը, մեր մտահորիզոնը, տուն կու տան հոգեմտաւոր փնտռտուքի, որոնումներու, լարուած կը պահեն միտքը, հոգին, կամքը….չեն թողուր որ մտային ինքնագոհութեամբ լճանանք, ճահճանանք….Մտքի, հոգիի ծուլութիւնը դուռը կը գոցէ ամէն զարգացման դէմ, կամ տեղի կու տայ ուրիշինը ընդօրինակելու, կապկելու գայթակղութեան….Մարդ-անհատն ու ազգը տեւաբար պիտի միտք ածեն, մտածեն, որոնեն, հարցադրեն, քննեն ու վերաքննեն….Սա չէ՞ իրաւ յառաջդիմութեան ուղին…
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
azadkhosk.com/agentartner9701.html