Ստեփանակերտը Շահագրգռուած Է Տարածաշրջանի Մէջ Խաղաղութեան Եւ Կայունութեան Պահպանմամբ. Բակօ Սահակեան
08 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 5 Յունուարին գլխաւորեց աշխատանքային խորհրդակցութիւն՝ Հանրապետութեան օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։
Քննարկուեցան երկրի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Երկրի ղեկավարը կարեւոր նկատեց տօնական օրերուն հանրապետութեան բնականոն կեանքի ապահովումը՝ հաստատելով, որ սահմաններուն վրայ իրավիճակը ամբողջական վերահսկողութեան տակ է, եւ պաշտպանութեան բանակը լիովին կը կատարէ իր առաքելութիւնը։
Անդրադառնալով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն՝ Բակօ Սահակեան ընդգծեց, որ պաշտօնական Ստեփանակերտը շահագրգռուած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանմամբ եւ բոլոր վիճելի հարցերը խաղաղ ուղիով հանգուցալուծելու։
Նախագահը համապատասխան յանձնարարականներ տուաւ շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն՝ քննարկուած հարցերու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ:
Խորհրդակցութեան մասնակցեցան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, պաշտօնատար այլ անձինք:
yerakouyn.com/2020/01/08/ստեփանակերտը-շահագրգռուած-է-տարածաշ/