Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – ՕՐՈՒԱՆ ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ ՀԵՏ. Օգտակար Հետապնդում, Որ Պէտք Չէ Որբ Մնայ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – ՕՐՈՒԱՆ ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ ՀԵՏ. Օգտակար Հետապնդում, Որ Պէտք Չէ Որբ Մնայ

08 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ԿԻԶԱԿԷՏ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Կիրակի, 6 Յունուարին, Հայաստանի զանգուածային լրատուական միջոցները՝ թերթեր, պատկերասփիւռի կայաններ եւ այլք, միաձայն արձագանգ եղան այն լուրին, որ օր մը առաջ հրապարակուած էր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ՝ կեղծ անունով դիմատետրեան էջի մը տիրոջ ձերբակալման մասին։ Կարճ՝ ձերբակալուած էր անանուն երիտասարդ մը, որ իր դիմատետրին ճամբով լուր տարածած էր, թէ Հայաստանի վարչապետը շնորհաւորական նամակ մը յղած է Սպիտակ տան պետին ու զայն շնորհաւորած՝ Իրանի զինուորական գերագոյն հրամանատարին սպանութեան արարքին առիթով։

Լուրին հետեւեցան պետական մարդոց հերքումի յայտարարութիւնները եւ հետեւանքներուն դարմանումին ձգտող՝ միջ-կառավարական հաղորդակցութիւններ, որովհետեւ մասնաւորաբար ազերիական եւ այլ աղբիւրներ իբրեւ ճշմարտութիւն ընդունած էին այդ կեղծիքը եւ զայն լծած էին Հայաստանի դէմ իրենց քարոզչութեան սայլին (սա արդէն առանձին մեկնաբանութեան նիւթ է)։ Ձերբակալեալ երիտասարդը խոստովանած է, թէ չէր կրնար երեւակայել, որ իր տարածած սուտ տեղեկութիւնը կրնար մեծապէս վտանգել Հայաստանի ապահովութիւնը, ալ ի՜նչ խօսք՝ դրացիներուն հետ յարաբերութեանց վրայ անոր անդրադարձին մասին։

Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ արարքին հետեւանքներուն վնասազերծումը ըստ բաւականին յաջողած է, ինչ որ գոհունակութիւն կը պատճառէ որեւէ հայու, ի՛նչ դիրքի վրայ ալ որ կանգնած է ան՝ իշխանութիւն, իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր։ Նման խաղքութիւններու դիմաց, ողջմիտ հայը, բանական ոեւէ մարդ արարած չի կրնար երկու կարծիք ունենալ։

***

Այս դէպքին լոյսին տակ, կ՛արժէ վեր առնել քանի մը կէտ, մտահոգութիւն։

Ողջունելի է ԱԱԾի ճիգը, հետապնդելու եւ շուտափոյթ կերպով քողազերծելու յանցագործը, որ յայտնապէս անուղեղ անձ մըն է, անկարող՝ կշռադատելու որեւէ նպատակի չծառայող նմանօրինակ ստայօդ լուրի մը տարածման հետեւանքները։

Միւս կողմէ, սա մտածել կու տայ դէպքի զարգացման հետեւողին, որ ԱԱԾը, ուրեմն, կարողութիւնը ունի հետապնդելու եւ քողազերծելու եթէ ոչ բոլոր, այլ գոնէ նման ստապատիր տեղեկութիւններ տարածողներուն որոշ մէկ մասը, եւ այս անանուն երիտասարդին նման՝ օրէնքին առջեւ կանգնեցնելու զայն։ Բոլորս ալ մտահոգութեամբ կը հետեւինք համացանցն ու մասնաւորապէս դիմատետրեան էջերը վարակող ախտերուն, որոնք հիւանդագին վիճակի մատնած են նա՛եւ մեր հայրենի աշխարհը, իր հայաստանեան ու սփիւռքեան տարածքներով, օր ըստ օրէ խորացնելով խմբաւորումներու միջեւ, անգա՛մ նոյն ճակատէն ներս ստեղծուած վիհերը…

Եթէ նման ծանծաղամիտ արարքներ գործողներէն մէկ քանին պատասխանատուութեան կանչուին եւ արժանանան համապատասխան պատիժներու, հաւանաբար սա իբրեւ զգաստութեան կոչ պիտի հնչէ շատերու ականջին։ Այս երիտասարդին ըրածը, ճիշդ է, տարբեր բնոյթ ունի, սակայն ոչ մէկ տարակոյս, որ վերջին տարիներուն հայհոյախառն ու ստապատիր «երկխօսութիւնները» նոյնքան վնասակար են, եւ խելամիտ մարդիկ ու կազմակերպութիւններ քանիցս ահազանգ հնչեցուցած են առանց շօշափելի արդիւնք գտնելու։

Բնականաբար մտածող պիտի ըլլայ, որ մինչեւ իսկ պետական ու քաղաքական մարդիկ պէտք է հաշուետուութեան կանչուին, որովհետեւ անոնք զերծ չեն նման փորձութիւններէ եւ ճամբայ կը բանան տղայամիտներու դիմաց, ուրեմն, հարց է թէ ո՛վ պիտի կատարէ նման խիզախ գործ…

***

Փաստօրէն, դիմատետր կոչուած հաղորդակցութեան միջոցը, իր բազմաթիւ առաւելութիւններուն կողքին, գիտե՛նք, այսօր վերածուած է դժուար հակակշռելի չարիքի մը, որ ոչ միայն հայկական դաշտին մէջ, այլ նաեւ աշխարհով մէկ վերածուած է ստապատիր տեղեկութեանց, անմակարդակ բանավէճերու եւ մինչեւ իսկ հայհոյանքներու փոխանակման դաշտի։ Չմոռնանք նաեւ անոր յոռի օգտագործումը՝ այլ բնագաւառներու մէջ։ (Այսօր չխօսինք սուտ տեղեկութիւններ տարածող պաշտօնական կամ ճանչցուած՝ յարգանք վայելող աղբիւրներու մասին)։

Եթէ ատրճանակ ու գնդացիր ունենալը ենթակայ է յստակ օրէնքներու, որպէսզի ինքնապաշտպանութեան ծառայող սարքեր չվերածուին անմարդկային ոճիրներու աղբիւրի (ոճիր ըսելով՝ ի մտի չունինք միայն օր աւուր հոս-հոն գործուող անհատական ու խելագար սպանութիւնները, այլ նաեւ պաշտօնական եւ ոչ-պաշտօնական պատերազմները), նոյնպէս ալ խստապահանջ օրէքներու պէտք է ենթակայ դարձնել արդիական նման գործիքներ չարամտօրէն գործածողները։ Եւ ինչպէս որ անչափահաս մանուկներու ձեռքին զէնք-ատրճանակ պէտք չէ տալ, նոյնպէս ալ նման չարիքներէ պէտք է հեռու պահել թերամիտներ, անոնք ըլլան տարեց թէ անչափահաս։

Անշուշտ պիտի ըսուի նաեւ, որ հիւլէական ուժին գիւտը ընողներն ալ չէին նախատեսեր, որ անիկա պիտի վերածուի մահասփիւռ ռումբերու, որոնք տասնամեակներ առաջ մահ ու աւեր սփռեցին Ճափոնի մէջ, ցնոր տնօրինութիւն՝ Դամոկլեան սուրի տակ կը պահեն երկիրներ ու ժողովուրդներ, սակայն կ՛արժէ պահ մը մտածել, թէ ի վերջոյ, արդի արհեստագիտութեան բարիքները չարիքի վերածողներ արդեօք նոյնքան յանցաւոր չե՞ն, որքան հիւլէական կամ այլ մահասփիւռ զէնքեր գործածողները, պահեստներ կուտակողները, իրենց իսկ հաստատած-դաւանած օրէնքները ոտնակոխ ընողները…

Ահա թէ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս պէտք է հետապնդել ՄԱԿն ու համազօր կազմակերպութիւններ անկարողութեան ու անզօրութեան մատնողները…

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

asbarez.com/arm/361281/ՕՐՈՒԱՆ-ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ-ՀԵՏ-Օգտակար-Հետապնդ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail