Թուրքիա Կ՛առաջարկէ Միջնորդ Ըլլալ Իրանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ
08 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ պատրաստ են օգնելու՝ լուծելու համար Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հակամարտութիւնը։
Նախարարին համաձայն՝ Անգարան սերտ կապեր ունի թէ՛ Թեհրանի եւ թէ Ուաշինկթընի հետ: Բացի այդ, Չաւուշօղլու ըսաւ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը իրաքեան իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է՝ չշտապելու համախոհական զօրքերը երկրէն դուրս բերելու որոշման մէջ:
asbarez.com/arm/361275/Թուրքիա-Կ՛առաջարկէ-Միջնորդ-Ըլլալ-Իրա/