Եւրոպական Միութիւնը Դատապարտած Է Լիպիա Զօրք Ուղարկելու Թուրքիոյ Ծրագիրը

Եւրոպական Միութիւնը Դատապարտած Է Լիպիա Զօրք Ուղարկելու Թուրքիոյ Ծրագիրը

09 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Armenia – Forgotten in the forests of Armenia kobayr monastery

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորել կոչ ուղղած է դադրեցնելու օտարերկրեայ միջամտութիւնը եւ դատապարտած է Լիպիա զինուորներ ուղարկելու Թուրքիոյ որոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Ան խնդրած է անյապաղ դադրեցնել բռնարարքները եւ արտաքին միջամտութիւնը` աւելցնելով, որ նկատի ունի Թուրքիոյ գործողութիւնները: «Ակնյայտ է, որ ատիկա յղում էր Թուրքիոյ` իր զօրքերը Լիպիա ուղարկելու որոշումին, որ մենք կը դատապարտենք: Թուրքիոյ որոշումը մեր մտահոգութիւնը կը յառաջացնէ», յայտնած է Պորել:

Անոր համաձայն, կողմերը պէտք է բանակցութիւններու սեղան նստին եւ դիւանագիտական մեթոտներով լուծեն յառաջացած տագնապը:

«Շարունակական բռնութիւնը պիտի չլուծէ տագնապը, փոխարէնը պիտի աւելցնէ ժողովուրդին տառապանքը», յայտնած է ան եւ աւելցուցած. «Արտաքին միջամտութիւնը ճգնաժամ կը սնուցէ»:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հաստատած էր Թուրքիոյ եւ Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան միջեւ կնքուած զինուորական համագործակցութեան համաձայնագիրը: Թրքական խորհրդարանին մէջ կայացած քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք Էրտողանին` Լիպիա զօրք ուղարկելու լիազօրութիւն տալուն թեր քուէարկած էր 323 երեսփոխան, դէմ` 184:

26 դեկտեմբերին Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը զինուորական օգնութեան վերաբերեալ պաշտօնական խնդրանք ներկայացուցած էր Թուրքիոյ:

Լիպիոյ մէջ երկիշխանութիւն կը տիրէ` արեւելեան շրջանին մէջ կ՛իշխէ ընտրուած խորհրդարանը, իսկ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ, այսինքն` արեւմտեան շրջանին մէջ, ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ կազմուած կառավարութիւնը: Արեւելեան հատուածի իշխանութիւնները կը գործեն Թրիփոլիէն անկախ եւ կը գործակցին զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած Լիպիոյ ազգային բանակին հետ:

Armenia Sevan. Lake of incredible beauty.

aztagdaily.com/archives/460078

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail